Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Գասպար Իփէկեան» Թատերախումբի Եօթը Պատկերներու Համադրումով Ծնունդ Առած Իւրայատուկ Եւ Հետաքրքրական Թատերախաղը` «Տը Կուտ Տաքթըր»

June 1, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբը արդէն իսկ սկսաւ լիբանանահայ արուեստասէրին հրամցնել իր այս տարուան ներկայացումը` Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութիւնը, զոր բեմադրած եւ անոր մէջ բեմագրական որոշ փոփոխութիւններ կատարած է Յակոբ Տէր Ղուկասեան:

Հինգշաբթի, 30 եւ ուրբաթ, 31 մայիսին թատերախումբին հին եւ նոր անդամները` Հրայր Գալեմքէրեան, Ժան Պեքերեճեան, Վարդան Ազնաւուրեան, Սարին Պագալեան, Սիլվա Ատուրեան, Դալար Տէր Սարգիսեան, Զաւէն Պաաքլինի, Նժդեհ Մկրտիչեան, Յարութ Սամոյեան, Գոհարիկ Քերոբեան, Հերմինէ Նիւրբէթլեան, Էթիեան Սէօքիւնեան, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին բեմը հարստացուցին տարբեր պատկերներով, տարբեր մթնոլորտով, տարբեր ժամանակներու եւ վայրերու մէջ տեղի ունեցող եօթը կարճ տեսարաններով, որոնց նիւթը, ամբողջովին իրարմէ անջատ ըլլալով հանդերձ, կը բովանդակէր հասարակաց գիծեր, զգացումներ, մարդկային մօտեցումներ:

Հետաքրքրական եւ նոր ոճով ներկայացուած այս թատերախաղին ընթացքին հանդիսատեսը կ՛ապրի դերասաններուն հետ, կը զգայ անոնց մարմնաւորած իւրաքանչիւր կերպարին ներաշխարհին վերիվայրումները, կը բարկանայ եղած անարդարութիւններուն, զիջողական կեցուածքներուն, խաբեբայութիւններուն համար, կը խնդայ միամիտ, սրամիտ ու երգիծական պատկերներուն ատեն, կը ցաւի մարդկային արժէքներու ոտնահարման ի տես, կ՛ըմբոշխնէ սիրոյ ու մտերմութեան պահեր, ամուսնացած զոյգերու, հօր եւ որդիի, տիրուհիի եւ վարժուհիի, տնօրէնի եւ պաշտօնեայի յարաբերութիւններուն բաժնեկից կ՛ըլլայ: Այլ խօսքով` «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի անդամները արուեստասէրը կը փոխադրեն զանազան վայրեր, ուր տեղի կ՛ունենան մերթ երգիծական, մերթ ողբերգական դէպքեր, սակայն բոլորն ալ կը ներկայացուին անմիջականութեամբ, հաղորդական լեզուով ու ոճով, մանաւանդ որ անոնք մաս կը կազմեն նաեւ մեր առօրեայ իրական կեանքին, մէկ մասն են մեր ընկերութեան:

Յատկանշական է, որ ներկայացման ընթացքին իւրաքանչիւր հանդիսատես անուղղակիօրէն մղում կ՛ունենայ տարբեր ձեւով ընկալելու դէպքերն ու կացութիւնները, նաեւ` ընտրելու իր նկարագիրին եւ համոզումներուն համընկնող վերջաբան մը, որովհետեւ դէպքերը ընդհանրապէս կը սկսին, սակայն հատու աւարտ չեն ունենար, այլ կրնան շարունակուիլ, նոր բեմագրութիւններու ծնունդ տալ, նոր իրավիճակներ ստեղծել ու նոր որոշումներ տալու առիթներու ծնունդ տալ:

Նիլ Սայմընի «Տը կուտ տաքթըր» կատակերգութեամբ «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբն ու բեմադրիչ Յակոբ Տէր Ղուկասեանը մեծապէս յաջողեցան հաճելի, կենդանի, իրական, դիւրամատչելի եւ ուրախութիւն ու տխրութիւն միախառնող ներկայացումով հանդէս գալ եւ արուեստասէրին պարգեւել իր առօրեայ հեւքէն հեռանալու եւ թատրոնը ըմբոշխնելու պահեր, ինչ որ մեծապէս գնահատելի է:

Նշենք, որ թատերախաղը պիտի ներկայացուի նաեւ այսօր` 1 յունիսին եւ վաղը` կիրակի, 2 յունիսին:

 

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիր (2). Ընդհանուր Ծանօթացում «Ազդակ»-ին Եւ Օրաթերթի Աշխատանքային Եղանակին

Յաջորդը

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբ. Լսարան-Հանդիպում` «Հայաստան – Արցախ Ռազմավարական Դաշինք» Նիւթով

RelatedPosts

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում
Գաղութային

Կրծքագեղձի Քաղցկեղի Մասին Իրազեկման Հանդիպում

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.