Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Խաչիկ Պապիկեան հիմնադրամի հրատարակութեամբ լոյս տեսած է Մշակոյթը Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնում (1918-1920) հատորը։ Մենագրութեան հեղինակն է Հայաստանի Գիտութիւններու Ազգային Ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի գիտաշխատող Գուրգէն Վարդանեան։ Այս մենագրութիւնը կը վերաբերի Հայաստանի առաջին հանրապետութեան մշակոյթի պատմութեան։
Գիրքին մէջ առաջին անգամ ամփոփ կերպով ներկայացուած են ազգային պետական շինարարութեան գործընթացին մէջ իրականացուած միջոցառոմւները կրթական համակարգի եւ մշակոյթի տարբեր բնագաւառներու մէջ։