Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմենոֆաս Հիմնադրամի Յանձնախումբի Երկու Անդամներ Կը Պարգեւատրուին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան Ասպետ»-ի Շքանշանով

Մայիս 30, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, յետ Ս. եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ Արամ Ա. կաթողիկոս «Արմենոֆաս» հիմնադրամի յանձնախումբի անդամներէն վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռենֆերն ու փաստաբան Ֆրանսուա Փայոն պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով:

Ձեռնարկին խօսք առաւ «Արմենոֆաս»-ի ատենապետ փրոֆ. Թենի Սիմոնեան: Ան ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացուց պատմականը «Արմենոֆաս»-ին, որ շարունակութիւնն է Ցեղասպանութեան շրջանին Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն եւ ժողովուրդին կատարած մարդասիրական օժանդակութեան եւ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն նկատմամբ ցուցաբերած զօրակցութեան:

Ապա, վեհափառ հայրապետը, իր կարգին, շեշտեց «Արմենոֆաս»-ի խորհրդանշական դերը` իբրեւ շօշափելի արտայայտութիւն անցեալէն եկող հայ-զուիցերիական բարեկամութեան: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեցուց, որ իւրայատուկ գործակցութիւն մը գոյութիւն ունի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիներուն միջեւ:

Իր խօսքի աւարտին, վեհափառ հայրապետը յիշեց երկու անուններ` փաստաբան Ֆրանսուա Փայօ եւ վերապատուելի Ռուտոլֆ Ռենֆեր, որոնք աւելի քան 40 տարիներ «Արմենոֆաս»-ի ճամբով գործած են ի նպաստ հայ ժողովուրդին, եւ իբրեւ սիրոյ ու գնահատանքի արտայայտութիւն յիշեալ երկու զուիցերիացիները պարգեւատրեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկեան ասպետ»-ի շքանշանով:

Նախորդը

Ջութակի Մենահամերգ` «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Շրջանաւարտ Նարօտ Սերուժեանի

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով»   Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը
Գաղութային

«Սուրբ Մալոյեան Չվարանեցաւ Ընտրել Իր Տէրը` Նոյնիսկ Իր Սեփական Արիւնը Թափելու Գնով» Շեշտեց Լեւոն ԺԴ. Քահանայապետը

Հոկտեմբեր 22, 2025
Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի.   Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն
Գաղութային

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի. Յարգանք Բարերարներուն Եւ Անոնց Ննջեցեալներուն

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?