Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, երէկ` չորեքշաբթի, 29 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Լեւոն Շանթ» մշակութային կեդրոնի «Գ. եւ Հ. Արմէնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի շրջանաւարտ եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի ուսանող Նարօտ Սերուժեանի ջութակի մենահամերգը` դաշնակի ընկերակցութեամբ Նարէ Աղասարգիսեանի: Համերգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Միքայէլ Աշճեան, Հենրի Իշխանեան եւ Էլիաս Հասուանի:
Այս առիթով խօսք առաւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի տնօրէն Վահրամ էմմիեան, որ հաստատեց, թէ «արուեստը, եւ մասնաւորաբար երաժշտութիւնը այնպիսի մարզ մըն է, ուր ուսումը կ’աւարտի միայն արուեստագէտի կեանքին աւարտով»: Ան դիտել տուաւ, որ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին եւ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին միջեւ կնքուած համաձայնութեան հիմամբ, աշակերտ մը Համազգայինի քոլեճը աւարտելէ ետք կրնայ ուղղակի կերպով կամ հեռակայ կարգով իր ուսումը շարունակել Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ:
Վ. Էմմիեան ըսաւ, թէ «երաժշտութեան ծառան ուսման կողքին ինքզինք կը զարգացնէ նաեւ բեմ բարձրանալով, անոր համար պատրաստուելու տքնաջան աշխատանքով: Բեմ բարձրանալը պատասխանատուութիւն է եւ լուրջ աշխատանք ու պատրաստութիւն կ’ենթադրէ: Այդ աշխատանքը աւելի օգտակար եւ արդիւնաւէտ կը դառնայ, երբ կը կատարուի փորձառու ուսուցիչի մը հսկողութեան տակ»:
Անդրադառնալով Նարօտ Սերուժեանի անդրանիկ մենահամերգին` Վ. Էմմիեան յայտնեց, որ «Բ. Կանաչեան» քոլեճը է եւ պիտի մնայ իր աշակերտներուն ու շրջանաւարտներուն հարազատ տունը: «Մեր փափաքն է, որ այլ շրջանաւարտներ եւս հետեւին Նարօտին օրինակին: Այս սրահը ինչպէս ուսուցիչներուն, նաեւ տրամադրելի պիտի մնայ շրջանաւարտներուն», ընդգծեց Էմմիեան:
Համերգին ընթացքին Նարօտ Սերուժեան երաժշտասէր ներկաներուն հրամցուց Պախի, Մոցարթի, Քորելլիի, Լալոյի, Ռախմանինովի, Աշճեանի, Պաղտասարեանի ու Սպենդիարեանի երաժշտական ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Նախքան համերգը հայկական կտորով` Սպենդիարեանի «Ղայթարմա»-ով փակելը, Ն. Սերուժեան ներկաներուն ուղղեց իր սրտին խօսքը, նախ եւ առաջ շնորհակալութիւն յայտնելով զինք քաջալերած ու այս մենահամերգին պատրաստած փրոֆ. Յովհաննէս Գարախանեանին, «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին, իր ծնողներուն, որոնք զինք առաջնորդեցին դէպի երաժշտանոց` ջութակ նուագել սորվելու համար, ինչպէս նաեւ բոլոր ներկաներուն:
Սերուժեան համերգը հայկական կտորով աւարտելու փափաքով զայն փակեց Սպենդիարեանի` իր սրտին խօսող ու իր մեծ հօր նախասիրած «Ղայթարմա» կտորով` զայն նուիրելով իր մեծ հօր յիշատակին:
Մենահամերգի աւարտին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: