Գաղութային

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն  Վարժարանի 2018-2019 Տարեշրջանի Ակադեմական  Եւ Արուեստից Բաժանմունքներու Շրջանաւարտից Հանդէս

Հայ Կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 2018-2019 Տարեշրջանի Ակադեմական Եւ Արուեստից Բաժանմունքներու Շրջանաւարտից Հանդէս

Շաբաթ, 18 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Զալքայի հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ «Պետօղլեան» սրահին մէջ, Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանը ներկայացուց իր աշխատանքին արգասիքը հանդիսացող շրջանաւարտից հունձքը` հովանաւորութեամբ պատրիարքական փոխանորդ Պէյրութի թեմին ու Զմմառու կղերի միաբանութեան եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գաբրիէլ թ.ծ. վ. Մուրատեանի: Հայերէն լեզուով բացման խօսք կատարեց Քրիսթին Չանկուլեան: Ան նշեց, որ իրենք` 44...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զաւարեան  Ուսանողական Միութեան Անդամները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Զաւարեան Ուսանողական Միութեան Անդամները

Շաբաթ, 18 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս ընդունեց Զաւարեան ուսանողական միութեան անդամները, որոնք եկած էին կաթողիկոսին հայրական խօսքերը ունկնդրելու եւ իր օրհնութիւնը ստանալու: Հանդիպման սկիզբը խօսք առնելով, միութեան վարչութեան ատենապետ Մհեր Գաւլաքեան  շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառին, որ ընդառաջելով իրենց փափաքին` առիթ ընծայեց այցելելու Անթիլիասի մայրավանք, լսելու իր հայրական յորդորները եւ վերանորոգուելու իրենց ազգային առաքելութեան մէջ: Ապա ան...

Համազգայինի «Կարկաչ» Մանկական Եւ Պատանեկան Երգչախումբի Տարեկան Ելոյթը

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ եւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանին հետ գործակցաբար կիրակի, 19 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի «Էսեմպլի Հոլ»-ին մէջ Համազգայինի «Կարկաչ» մանկական ու պատանեկան երգչախումբը հանդէս եկաւ իր տարեկան ելոյթով` ղեկավարութեամբ եւ խմբավարութեամբ Զաքար Քէշիշեանի, ընկերակցութեամբ դաշնակահարներ Լիանա Յարութիւնեանի եւ Լիւսի Գռուզեանի: Համազգայինի 22 տարեկան «Կարկաչ» երգչախումբին սոյն ելոյթը նուիրուած էր Կոմիտաս վարդապետի եւ Յովհաննէս...

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան  Դաստիարակչական Յանձնախումբ  2018-ի Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց  Արդիւնքներ Ապահոված Աշակերտները Գնահատուեցան

ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Դաստիարակչական Յանձնախումբ 2018-ի Պրէօվէի Քննութիւններուն Գերազանց Արդիւնքներ Ապահոված Աշակերտները Գնահատուեցան

Ուրբաթ, 17 մայիս 2019-ի երեկոյեան «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարաններու պրէօվէի պետական քննութեանց բարձրագոյն նիշ ապահոված աշակերտներու պարգեւատրման ձեռնարկ` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբին: Ձեռնարկին ներկայ գտնուեցան հայկական վարժարաններու տնօրէններ, ուսուցիչներ, ծնողներ եւ աշակերտներ: Յայտագիրին մեկնարկը տրուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Նարօտ Քեչեպաշեան, որ դիտել տուաւ,...

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիրին  Երկրորդ Փուլը Արդէն Իսկ Սկսած Է

Ապագայ Լրագրողներու Վարժողական Ծրագիրին Երկրորդ Փուլը Արդէն Իսկ Սկսած Է

«Ազդակ»-ի Ապագայ լրագրողներու վարժողական ծրագիրին երկրորդ փուլը արդէն իսկ սկսած է: «Ազդակ»-ի աշխատակիցները երիտասարդ տարրերով համալրելու նպատակով իրականացուող այս նախաձեռնութեան երկրորդ խումբին մաս կը կազմեն Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանէն Իզապել Միսիսեան, Լոռի Յովսէփեան, Կարէն Խիւտավէրտեան, Սարօ Սէրուժեան եւ Շանթ Ահարոնեան, որոնց կրնան միանալ նաեւ ուրիշներ: Երկրորդ խումբին ծանօթացման հանդիպումը տեղի ունեցաւ «Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ, երէկ` ուրբաթ, 17 մայիս...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի  Եւ Միացեալ Նահանգներու Հայ Աւետարանական  Եկեղեցւոյ Վերապատուելիները

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Վերապատուելիները

Ուրբաթ, 17 մայիս 2019-ին  Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեանը եւ հիւսիսային Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայ աւետարանական եկեղեցիէն վեր. Պերճ Ճամպազեանը` ընկերակցութեամբ իրենց գործակից պատուելիներու: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ընդհանրապէս Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններուն եւ յատկապէս Քալիֆորնիոյ առնչուած հարցերուն: Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ անդրադարձաւ հայ առաքելական, կաթողիկէ եւ աւետարանական եկեղեցիներուն...

Համազգայինի Առցանց Բեմի  Մեկնարկ – www.H-Pem.Com

Համազգայինի Առցանց Բեմի Մեկնարկ – www.H-Pem.Com

Համազգայինի առաքելութիւնը արդիւնաւէտ ձեւով իրագործելու նպատակով` 7-րդ Պատգամաւորական ժողովը ընդգծած էր անհրաժեշտութիւնը ստեղծելու արդիական շունչով առցանց  բեմ մը` հասնելու համար սփիւռքահայութեան, յատկապէս` երիտասարդութեան: Մանրամասն ծրագրումէ եւ գործնական աշխատանքներէ ետք, h-pem.com ը հանրութեան հասանելի դարձաւ 13 մայիս 2019-ին: Համազգայինի առցանց բեմին թիրախն է հասնիլ սփիւռքահայ համայնքներուն, կապ եւ լեզու ստեղծել` յարաբերելու համար հայերէնէն, հայկականէն եւ հայութենէն հեռացող բազմութիւններուն հետ, մասնաւորաբար` նոր...

«Եւրատեսիլ 2019».  Հայաստանը Դուրս Մնաց  Եզրափակիչ Փուլէն

«Եւրատեսիլ 2019». Հայաստանը Դուրս Մնաց Եզրափակիչ Փուլէն

«Եւրատեսիլ 2019» երգի միջազգային մրցումի երկրորդ կիսաեզրափակիչը երէկ երեկոյեան յաղթահարեցին Հիւսիսային Մակեդոնիան, Հոլանտան, Ալպանիան, Շուէտը, Ռուսիան, Ազրպէյճանը, Դանիան, Նորվեկիան, Զուիցերիան եւ Մալթան: Հայաստանը այս մրցումին ներկայացնող Սրբուհի Սարգսեան «Ուոքինկ աութ» երգով հրաշալի ելոյթ ունեցաւ, բայց չանցաւ եզրափակիչ: 14 մայիսին տեղի ունեցած մրցումի առաջին կիսաեզրափակիչէն ետք եզրափակիչ փուլ անցած էին Յունաստանը, Պիելոռուսիան, Սերպիան, Կիպրոսը, Էսթոնիան, Չեխիան, Աւստրալիան, Իսլանտան, Սան Մարինոն եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Դամասկոսի Մէջ  Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Դամասկոսի Մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Դեսպանատուն

Երեքշաբթի, 14 մայիս 2019-ի երեկոյեան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ, Սուրիոյ նախագահին եւ հանրապետութեան միւֆթիին հետ ունեցած հանդիպումներէն ետք, այցելեց Դամասկոսի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր դիմաւորուեցաւ դեսպան Տիգրան Գէորգեանի եւ դեսպանատան աշխատակազմին կողմէ: Դեսպանը ջերմօրէն ողջունեց Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին, որ, հակառակ Դամասկոս կատարած իր կարճատեւ այցելութեան, առիթ ունեցած...

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան  Աշխատակիցները Այցելեցին «Ազդակ»

Արցախի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Աշխատակիցները Այցելեցին «Ազդակ»

«Ազդակ»-ի խմբագրատան մէջ տեղի ունեցաւ  ծանօթացման հանդիպում Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան միջազգային կառոյցներու եւ մարդասիրական համագործակցութեան վարչութեան պետ Արմէն Սարգսեանի, նոյն նախարարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութեան կցորդ Սամուէլ Սարեանի եւ տնօրէնութեան միջեւ: Հիւրերը Լիբանան կը գտնուին Հայկազեան համալսարանի հրաւէրով, Հայկազեան-Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւն կայացած համագործակցութեան շրջանակներուն մէջ կազմակերպուող դասընթացքին հետեւելու նպատակով: Ճանաչողական այցելութիւնը ծառայեց, որ խորհրդակցութիւնը ծաւալի...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ  Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Միւֆթիին Հետ

Երեքշաբթի, 14 մայիս 2019-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը իր գլխաւորած պատուիրակութեամբ այցելութիւն մը տուաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան միւֆթի դոկտ. Ահմետ Պատրէտտին Հասսունին: Մօտէն ճանչցած ըլլալով հանրապետութեան միւֆթին, մտերմիկ զրոյց մը տեղի ունեցաւ երկու հոգեւոր պետերուն միջեւ` Սուրիոյ այժմու կացութեան, քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան ու գործակցութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ հայ համայնքին առնչուած նիւթերու շուրջ: Վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց երկրին մէջ...

Աւարտեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական  Միութիւններու  Համաեւրոպական Խորհրդաժողովը

Աւարտեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողովը

ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակը կը հաղորդէ, որ 10-12 մայիս 2019-ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը` հետեւեալ խորագիրով. «Զանգուածային ելեկտրոնային լրատուամիջոցներու ու ընկերային ցանցերու հնարաւորութիւններու օգտագործումը` յօգուտ Հայ դատի աշխատանքներուն ու Արցախի ճանաչման»: Հայաստանէն, Արցախէն, Շուէտէն, Հոլանտայէն, Պելճիքայէն, Անգլիայէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն մօտ 50 պատուիրակները ներկայացուցին մասնակից միութիւններու գործունէութիւնը, լսեցին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամներ Մուրատ Փափազեանի եւ Յովսէփ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատին Հետ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպում Ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահ Պաշշար Ասատին Հետ

Երեքշաբթի, 14 մայիս 2019-ի առաւօտուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը Դամասկոսի նախագահական ապարանքին մէջ հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահ Պաշշար Ասատի հետ։ Վեհափառ հայրապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ դոկտ. Նորա Արիսեան եւ Ժիրայր Ռէյիսեան, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամ Հրաչ Յակոբեան, Բերիոյ թեմի Ազգ....

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դամասկոս Կ՛այցելէ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Դամասկոս Կ՛այցելէ

«Գանձասար» կը հաղորդէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հովուապետական այցելութեան համար Դամասկոս հասած է 13 մայիսին: Վեհափառ հայրապետը եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուած են Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդին, Ազգային կեդրոնական վարչութեան, Բերիոյ թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին, պատկան մարմինին, «Ա. Ահարոնեան» կեդրոնի ներկայացուցիչներուն, Սուրիոյ խորհրդարանի երեսփոխաններ դոկտ. Նորա Արիսեանի ու Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ Դամասկոսի հայ համայնքի զաւակներուն կողմէ: Այսօր`...

Ապագայ Լրագրողներու Երկրորդ Խումբը Կը Սկսի Վարժողական Աշխատանքներուն

«Ազդակ»-ի աշխատակիցները երիտասարդ տարրերով համալրելու նպատակով իրականացուող նախաձեռնութիւններուն մէջ յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ «Ազդակ»-ի «Ապագայ լրագրողներ»-ու վարժողական ծրագիրը: Առաջին փուլի իրականացումէն ետք մեր ընթերցողները նկատած են արդէն միամեայ ծրագիրը աւարտած մեր երիտասարդ աշխատակիցներու պարբերական ստորագրութիւնները մեր ընթացիկ, յաւելուածական  թէ բացառիկ թիւերու էջերուն մէջ. անոնցմէ երեք հոգին արդէն միացած են «Ազդակ»-ի թղթակիցներու մնայուն ցանցին: Այժմ արդէն կը մեկնարկեն երկրորդ խումբին վարժողական...

Հեծելարշաւ Եւ Ոգեկոչում` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Հեծելարշաւ Եւ Ոգեկոչում` Արցախեան Ազատամարտի Լիբանանահայ Նահատակ Վիգէն Զաքարեանի Յիշատակին

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան Քարոզչական յանձնախումբին, կիրակի, 12 մայիսի առաւօտեան ժամը 7:30-էն սկսեալ, Պուրճ Համուտի մէջ տեղի ունեցաւ արցախեան ազատամարտի լիբանանահայ նահատակ, ԼԵՄ-ական եւ ՀՄԸՄ-ական հեծելանւորդ Վիգէն Զաքարեանի յիշատակին հեծելարշաւի մրցում մը` ներկայութեամբ Վիգէն Զաքարեանի հարազատներուն եւ մասնակցութեամբ շուրջ 40 երիտասարդներու: Այս առիթով խօսք առաւ Գէորգ Եագուպեան, որ լուսարձակի տակ առաւ Վիգէն Զաքարեանի յատկանիշները, յատկապէս` ազգասիրութիւնը եւ մահուան գնով...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը

Շաբաթ, 11 մայիս 2019-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը: Հանդիպման ընթացքին խօսակցութիւնները ընթացան յուլիս ամսուան ընթացքին Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունենալիք «Հայ մամլոյ տարուան» նուիրուած համահայկական համագումարին, այս շաբթուան ընթացքին շարք մը դեսպաններու «Թռչնոց Բոյն» կատարելիք այցելութեանց, Հայաստան-սփիւռք յարաբերութեանց եւ այլ հարցերու մասին: Յայտնենք, որ օր մը առաջ, դեսպանին գլխաւորութեամբ,...

Սքելպիէի Հրթիռակոծման Զոհերէն Մէկը  Փոքրիկն Ճեսիքա Յարութ Սեմէրճեանն Է

Սքելպիէի Հրթիռակոծման Զոհերէն Մէկը Փոքրիկն Ճեսիքա Յարութ Սեմէրճեանն Է

ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երկուշաբթի, 13 մայիս 2019-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ, խախտելով լարուածութեան մեղմացման գօտիներու համաձայնութիւնը, շարունակեցին հրթիռներ արձակել Համայի արուարձաններու բնակելի շրջաններուն ուղղութեամբ: Կիրակի, 12 մայիս 2019-ին զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներ բազմաթիւ հրթիռներով թիրախ դարձուցած էին Սքելպիէի բնակչութիւնը: Հրթիռակոծման իբրեւ հետեւանք զոհուած էին 5-10 տարեկան 4 մանուկներ, վիրաւորուած տասնեակ քաղաքացիներ: Զոհերէն մէկը փոքրիկն Ճեսիքա Յարութ Սեմէրճեանն էր: Երէկ զինեալ...

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու  Համաեւրոպական Խորհրդաժողովով` Աթէնքի Մէջ

ՀՅԴ Երիտասարդական Միութիւններու Համաեւրոպական Խորհրդաժողովով` Աթէնքի Մէջ

ՀՅԴ Բիւրոյի երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան հիւրընկալութեամբ, 10-էն 12 մայիս, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Երիտասարդական միութիւններու համաեւրոպական խորհրդաժողովը: 10 մայիսին Եւրոպայի տարբեր երկիրներէն աւելի քան 30 դաշնակցական երիտասարդներ հասան Աթէնք: Ժողովին մասնակցեցան ՀՅԴ երիտասարդական միութիւններու անդամներ` Հայաստանէն, Արցախէն, Անգլիայէն, Պելճիքայէն, Հոլանտայէն, Շուէտէն, Ֆրանսայէն եւ Յունաստանէն: Խորհրդաժողովին բացումը կատարուեցաւ Յունաստանի Աթէնք քաղաքի ՀՅԴ «Զաւարեան»...

Շուշիի Ազատագրութեան  27-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Շուշիի Ազատագրութեան 27-ամեակի Հանդիսաւոր Նշում

Երէկ` կիրակի, 12 մայիս 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ռաուտայի դաշտին վրայ ոգեկոչուեցաւ Շուշիի ազատագրութեան 27-ամեակը` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղէն Ժիրայր Քէլէշեան, որ դիտել տուաւ, թէ Շուշիի ազատագրումը մեզի կը փոխանցէ այն խորհուրդը, որ միացեալ պայքարով կարելի է հասնիլ յաղթանակի: Ան անդրադարձաւ Շուշիի ազատագրութեան կարեւորութեան, որովհետեւ անոր ճամբով է, որ Ազրպէյճան կը ռմբակոծէր Ստեփանակերտը` աւելցնելով,...

Page 191 of 365 1 … 190 191 192 … 365

Արխիւներ