Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժիպէյլի Քաղաքապետութեան Նախաձեռնութեամբ` Մարիա Ճէյքըպսընի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

May 22, 2019
| Newsletter, Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Ժիպէյլի քաղաքապետութեան, հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն, ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանին եւ Լիբանանի մէջ հաւատարմագրուած շուրջ 20 երկիրներու դեսպաններու, երէկ` 21 մայիս 2019-ին, յետմիջօրէի ժամը 6:00-ին, Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած փոքրիկներուն հոգատար «Մամա»-ն հանդիսացող Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակին նուիրուած ձեռնարկ մը` անոր դամբարանին դիմաց:

Սամուէլ Պոյաճեան

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ «Թռչնոց բոյն»-ի տնօրէն Սամուէլ Պոյաճեան, որ ողջունեց բոլորին ներկայութիւնը պատմական Ժիպէյլ քաղաքին մէջ գտնուող հայութեան իւրայատուկ կեդրոններէն մէկուն մէջ: Ան հակիրճ կերպով ներկայացուց Ցեղասպանութեան որբերուն «Մամա»-ն` Մ. Ճէյքըպսընը, ապա անդրադարձաւ յայտագիրին:

Անկէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մ. Ճէյքըպսընի յիշատակին:

Մերեթ Ճուլ,

Այս առիթով խօսք առաւ Լիբանանի մէջ Դանիոյ դեսպան Մերեթ Ճուլ, որ յայտնեց, թէ մեծ հաճոյքով ինք կը գտնուի «Թռչնոց բոյն»-ի մէջ` նշելու դանիացի մեծ մարդասէրին յիշատակը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան` այս գործակցութեան եւ նախաձեռնութեան համար: Դեսպանը շեշտեց, որ դանիացի  Մ. Ճէյքըպսընի առաքելութիւնն էր ստեղծել ընտանիք մը` առանց ընտանիքի մնացած փոքրերուն համար: Ան հազարաւոր հայ որբեր փրկեց եւ տեղափոխեց Լիբանան, անոնցմէ չորս հազարը տեղակայուեցան Ժիպէյլի «Թռչնոց բոյն»-ին մէջ: Մ. Ճուլ աւելցուց, որ Ճէյքըպսըն հեռացած էր իր հայրենիքէն` երեխաներ փրկելու եւ միաժամանակ անոնց ապաստան ու կրթութիւն ապահովելու համար: «Թռչնոց բոյն»-ը հիմնուած է համերաշխութեան ոգիի վրայ, որ ստեղծած է այնպիսի պայմաններ, որոնք ծնունդ տուած են ինքնութեան, սիրոյ եւ միասնութեան: Այս կառոյցին մէջ որբերը դաստիարակուեցան եւ կոփուեցան դառնալու համար կղերականներ, բժիշկներ եւ ուսուցիչներ, սակայն այս բոլորէն աւելի անոնք կազմաւորուեցան ըլլալու լաւ մարդ: Դեսպանը դիտել տուաւ, որ «Թռչնոց բոյն»-ը արդար կնոջ մը կողմէ կտակուած ժառանգութեան մը խորհրդանիշն է: Անդրադառնալով «Թռչնոց բոյն»-ի մեծ ընտանիքին` Մերեթ Ճուլ խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ Մարիա Ճէյքըպսընն ու որբերը միասնաբար ստեղծեցին անմոռանալի ու անբաժանելի ընտանիք մը:

Վահագն Աթաբէկեան

Ապա խօսք առաւ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան, որ շնորհակալութիւն յայտնեց Ժիպէյլի քաղաքապետարանին` այս երեկոն կազմակերպելուն համար, համագործակցութեամբ Դանիոյ եւ Հայաստանի դեսպանատուներուն: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ ներկայ գտնուած բոլոր դեսպաններուն եւ հիւրերուն:

Վ. Աթաբէկեան անդրադարձաւ Մարիա Ճէյքըպսընին, անոր օրով որբերուն կողմէ կառուցուած պարտէզին, միաժամանակ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը յայտնելով դանիացի միսիոնարին տարած առաքելութեան համար: Ան հաստատեց, որ իւրաքանչիւր հայ անպայման պիտի յիշէ այս նուիրեալ «մօր» տարած վեհ աշխատանքը:

Շահէ եպս. Փանոսեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին պատգամը կարդաց Շահէ եպս. Փանոսեան, որ դիտել տուաւ, թէ այդ տարածքը սրբավայր է հայութեան համար, որովհետեւ հոն ապաստանած եւ ապրած են Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած մեծաթիւ որբեր: Վեհափառ հայրապետը յայտնեց, որ Մարիա Ճէյքըպսըն այդ վայրը կոչեց «Թռչնոց բոյն», ուրկէ դէպի կեանքի ուղին բռնած որբերը դարձան հայութեան համար պատուաբեր եւ հպարտութիւն ներշնչող անձնաւորութիւններ աշխարհին մէջ ո՛ւր ալ գտնուեցան: Ան ողջունելի նկատեց հայութեան վիշտն ու արհաւիրքը կիսելու միտող այս նախաձեռնութիւնը` դիտել տալով, որ այդպիսով ցաւը կը վերածուի յոյսի: Արամ Ա. կաթողիկոս հաստատեց, որ Մարիա Ճէյքըպսընի յիշատակն ու պատկերը միշտ վառ եւ պայծառ պիտի մնան հայոց հոգիներուն մէջ, որովհետեւ անոր կատարած գործը նուիրական է: Ան դիտել տուաւ, թէ «Թռչնոց բոյն»-ին եւ «Արամ Պէզիքեան» թանգարանին խորհրդանիշը այն է, որ հայութիւնը կրցաւ ապրիլ, համերաշխութիւն սփռեց, հանդուրժողականութեան օրինակ դարձաւ եւ խաղաղութեան համար գործակցեցաւ բոլորին հետ:

Ապա դեսպանները` մօտենալով Ճէյքըպսընի դամբարանին, անոր յիշատակին ծաղիկներ զետեղեցին: Անկէ ետք բոլորը ուղղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ուր ծանօթացան անոր տարբեր բաժանմունքներուն եւ ցուցադրուած նիւթերուն:

Պաշտօնական բաժինէն ետք դեսպաններն ու հիւրերը շրջագայեցան Ժիպէյլի մէջ եւ եղան Ժիպէյլի քաղաքապետութեան ընթրիքի հիւրը:

 

 

Նախորդը

17 Մայիս 1907. Աղթամարի Երկրորդ Կռիւը. Ֆետայիները Կրցան Ճեղքել Թրքական Զօրքին Պաշարումը Եւ Դուրս Գալ Դէպի Ծովուն Բացերը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.