Ընտրական Ժողովրդային Հաւաք` Այնճարի Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ ընտրական յանձնախումբերուն, երեքշաբթի, 10 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ ընտրական ժողովրդային հաւաք: Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ նուագուած Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով: Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական յանձնախումբի անդամ Արտակ Կէօքճեան, որ դիտել տուաւ, թէ, ինչպէս միշտ,...




















