Գաղութային

Մամլոյ Լսարան Թիւ 48.  «Կրթական Ռազմավարութեան Մշակումը Մեծապէս Կրնայ Օգտուիլ Տեղեկագիտութեան Մնայուն Նորարարութիւններէն», Յայտնեց Դոկտ. Երուանդ Զօրեան

Մամլոյ Լսարան Թիւ 48. «Կրթական Ռազմավարութեան Մշակումը Մեծապէս Կրնայ Օգտուիլ Տեղեկագիտութեան Մնայուն Նորարարութիւններէն», Յայտնեց Դոկտ. Երուանդ Զօրեան

«Ազդակ»-ի  48-րդ առցանց լսարանը տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 28 ապրիլին, Պէյրութի ժամանակացոյցով ժամը 19:00-ին: Դասախօսեց «Արմինիըն վըրչուըլ քոլեճ»-ի եւ «Սինոփսիս Արմինա»-ի հիմնադիր դոկտ. Երուանդ Զօրեան, նիւթ` «Ցանցային համակարգի մարտահրաւէրներն ու հայկական տեղեկագիտութիւնը` 21-րդ դարուն»: Լսարանը վարեց «Ազդակ»-ի ելեկտրոնային բաժնի աշխատակից Մինաս Հանս Քէհեան: Դասախօսը նիւթը բաժնած էր հիմնական երեք ուղղութեան` Ա.- Արհեստագիտութիւն Բ.- Հաղորդակցութիւն Գ.- Կրթութիւն Դոկտ. Զօրեան խօսեցաւ ներկայ տեղեկագիտական...

ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» Ակումբի  Պաշտօնական Բացում` Մար Մըխայէլի Մէջ

ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» Ակումբի Պաշտօնական Բացում` Մար Մըխայէլի Մէջ

Երէկ` հինգշաբթի, 28 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Մար Մըխայէլի մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական բացումը ՀՅԴ «Տիգրան Ծամհուր» ակումբին, որուն մէջ կան «Մինաս Ս. Պուտագեան» սրահ, ՀՅԴ ԶՈՄ-ի եւ ԼՕԽ-ի «Աստղիկ» մասնաճիւղի յատուկ սենեակներ: Բացման խօսքը արտասանեց Շողեր Գառնէշեան-Մխճեան, որ ըսաւ, թէ Փետրուարեան ապստամբութեան օրերուն Հայաստանի խորհրդարանի շէնքին վերեւ մեր ազգային դրօշը բարձրացուցած Տիգրան Ծամհուրը այդ վայրկեանին անարգաբար սպաննած ոճրագործները...

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Արագած

Երեսփոխան Յ. Բագրատունի Այցելեց Արագած

ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէութեան կազմակերպութեամբ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի այցելեց Արագած, ուր հանդիպումներ ունեցաւ թաղեցիներուն հետ` ըլլան անոնք վաճառատուներու սեփականատէրեր թէ բնակիչներ: Ան հետաքրքրուեցաւ անոնց կարիքներով, լսեց առկայ մտահոգութիւնները, բացատրեց ներկայ փուլի դժուարութիւնները, ՀՅ Դաշնակցութեան գոյացուցած ընտրական դաշինքներուն մասին տեղեկութիւններ տուաւ եւ քուէներ գնելու երեւոյթին մասին խօսեցաւ: Այցելութիւններէն ետք երեսփոխան Բագրատունի ուղղուեցաւ «Արագած» ակումբ, որ ողողուած էր...

Վեհափառ Հայրապետը` Սէուտական  Արաբիոյ Դեսպանին Իֆթարի Հիւրը

Վեհափառ Հայրապետը` Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանին Իֆթարի Հիւրը

Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2022-ին, ընդառաջելով Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի հրաւէրին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ներկայ գտնուեցաւ դեսպանին տան մէջ կազմակերպուած իֆթարին: Հրաւէրին ներկայ էին նաեւ Լիբանանի համայնքներու հոգեւոր պետերը, Ծոցի երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանները: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր խորհրդակցութիւն մը ունենալու Լիբանանը յուզող հարցերուն շուրջ:  

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը`  Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Երեքշաբթի, 26 ապրիլ 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հանդիպումը առիթ հանդիսացաւ ընդհանուր ակնարկ մը նետելու ապրիլ 24-ի նշումին եւ ընդհանրապէս Հայաստանի, Արցախի եւ Լիբանանի կացութեան վրայ: Յատկապէս շեշտուեցաւ մեր ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու հրամայականը` մեզ շրջապատող մարտահրաւէրները միասնաբար դիմագրաւելու յանձնառութեամբ:

«Ծունկի Չեն Կրնար Բերել Մեզ, Որովհետեւ Մեր Ժողովուրդին Հետ Հաւաքականութիւն Ենք, Հաւաքական Ուժ, Հաւաքական Շահ, Հաւաքական Ես»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Միասի՛ն, Երէկ, Այսօր Եւ Մի՛շտ» Խորագիրով Ժողովրդային Հաւաքին ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ, Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի Արտասանած Խօսքը

«Միշտ միասին` երէկ, այսօր եւ մի՛շտ» կարգախօսով հաւաքուած ենք այստեղ: 25 օր ետք պիտի ունենանք նոր խորհրդարան: Մեր առաջին ժողովրդային հանդիպումն է այսօր, բնականաբար այս հանդիպումները պիտի շարունակուին տարբեր շրջաններու մէջ, տարբեր ձեւերով, որովհետեւ մեր ժողովուրդը իրարու հետ ըլլալու, իրարմով ուժեղանալու, իրարմով գօտեպնդուելու անհրաժեշտութեան դիմաց միասնաբար պիտի պատասխանէ ամէն տեսակի յարձակումներուն, ամբաստանութիւններուն, պատրանքներուն, թէ Լիբանանի հայութիւնը տկարացած է: «Միշտ միասին`...

Յ. Բագրատունի. «Այսօր Բոլոր Ոճրագործները  Կը Յանդգնին Սպանդներ Եւ Ջարդեր Գործադրել,  Որովհետեւ Գլխաւոր Ոճրագործը  20-րդ Դարուն Չպատժուեցաւ»

Յ. Բագրատունի. «Այսօր Բոլոր Ոճրագործները Կը Յանդգնին Սպանդներ Եւ Ջարդեր Գործադրել, Որովհետեւ Գլխաւոր Ոճրագործը 20-րդ Դարուն Չպատժուեցաւ»

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի արտասանած խօսքը` ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան կազմակերպած` Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկին ընթացքին: «Երէկ, երբ Ժիպէյլի մէջ ներկայ գտնուած էի Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման, լրագրողներէն մէկը տուաւ հետեւեալ հարցը. «Ի՞նչ է ամէն տարի Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու հայերու պատմութիւնը»: Զարմացայ տրուած հարցումին մասին եւ պատասխանեցի. «Մեր պատմութիւնը պատմութիւն է, սակայն...

«Ան Որ Արդարութեան Եւ Իրաւունքի Նկատմամբ  Հաւատք Չունի, Մարդկային Ըլլալէ Կը Դադրի»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

«Ան Որ Արդարութեան Եւ Իրաւունքի Նկատմամբ Հաւատք Չունի, Մարդկային Ըլլալէ Կը Դադրի» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէին Կազմակերպութեամբ Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ջահերթ Եւ Յիշատակի Հաւաք Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին, երկուշաբթի, 25 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00­ին, Ֆանարի Լէյլաւանի Հայոց ցեղասպանութեան յուշակոթողին դիմաց տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի յիշատակում: Ներկաները Ֆանարի ակումբէն դէպի Լէյլաւանի յուշարձան ուղղուեցան ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Բեկոր» մասնաճիւղի ջահակիրներով` ընկերակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շեփորախումբին: Ապա «Զարթիր լաօ» երգին ընկերակցութեամբ «Է. Ակնունի» կոմիտէութեան անունով...

Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում Եւ Քայլարշաւ  Ճեմարանի Նախաձեռնութեամբ

Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում Եւ Քայլարշաւ Ճեմարանի Նախաձեռնութեամբ

Կազմակերպութեամբ Ճեմարանի Լսարանական միութեան Հայ դատի յանձնախումբին, ուրբաթ, 22  ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 8:00-ին Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի միջնակարգի եւ երկրորդականի աշակերտները Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակը ոգեկոչեցին «Գարագաշեան» սրահին մէջ: ԺԱ. դասարանէն Արէն Պապիկեան ընթերցեց բացման խօսքը, ապա տեղի ունեցաւ տեսերիզի ցուցադրութիւն:  Աւարտական դասարանէն Հրակ Լախեան ընթերցեց Պարոյր Սեւակի «Ղօղանջ Եղեռնական»-ը, եւ Ժ. դասարանի խումբ մը աղջիկներու պարով աւարտեցաւ...

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս Քայլարշաւով Հաստատեցին Իրենց Հաւատարմութիւնը Նահատակներու Կտակին Եւ Կառչածութիւնը Հայ Դատին Ու Արդար Պահանջատիրութեան

Բազմահազար Լիբանանահայեր Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս Քայլարշաւով Հաստատեցին Իրենց Հաւատարմութիւնը Նահատակներու Կտակին Եւ Կառչածութիւնը Հայ Դատին Ու Արդար Պահանջատիրութեան

Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, 24 ապրիլին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իրաւատէր ու վճռական շարքերով քալեց Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս` հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան երթով հաստատելով, որ տակաւին տէրը կը մնայ իր սրբազան Դատին ու Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներուն կտակին եւ մինչեւ վերջին շունչ պայքարիլ մեր անժամանցելի իրաւունքներու ձեռքբերման ի խնդիր: Բազմամարդ ու կարգապահ քայլարշաւով 24 ապրիլին...

Հսկում` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն

Հսկում` Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներուն

ՔՐԻՍՏ ԽՐՈՅԵԱՆ Նո՛յն օրով էր, աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ, մութ գիշերով, դարեր շարունակ արնաթաթախ ձեռքեր սկսան հազիւ իր թմբիրէն արթնցած ազգին մէջ լոյս սփռող ընտրանին մէկ առ մէկ առեւանգել: Սակայն այս մէկը միայն սկիզբն էր երկարատեւ դաժան ծրագրի մը, եւ ան ծանր հարուած մը հանդիսացաւ այն ժողովուրդին, որ քշուեցաւ դէպի անապատներ ու անգութօրէն կոտորուեցաւ անոր ճամբուն վրայ` երեխայ եւ...

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Այցելեց Ռայի Պատրիարքին

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը շաբաթ, 23 ապրիլին այցելեց Պքերքէ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ծիրին մէջ ծաղկեպսակ մը զետեղեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած խաչքարին` ներկայութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի եւ մարոնիներու պատրիարքի տեղակալ Պուլոս Սայեահ եպիսկոպոսին: Խաչքարը Պքերքէի շրջափակին մէջ զետեղուած էր 2015 թուականին` հովանաւորութեամբ մարոնիներու Ռայի պատրիարքին: Գերապայծառ Ասատուրեանի եւ Սայեահ եպիսկոպոսի...

Քայլարշաւ` Ազատամարտ Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Քայլարշաւ` Ազատամարտ Ակումբէն Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի Յուշարձան

Կիրակի, 24 ապրիլի առաւօտեան ժամը 8:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի մասնաճիւղին կազմակերպութեամբ եւ ՀՅԴ «Քրիստափոր» կոմիտէին հովանաւորութեամբ, «Ազատամարտ» ակումբէն ընթացք առաւ քայլարշաւ մը` դէպի Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի յուշարձան: ՀՄԸՄ¬ի Պէյրութի մասնաճիւղի սկաուտական բոլոր խումբերը եւ շրջանէն հայորդիներ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ, հասան պատրիարքարան, ուր գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշարձանին շուրջ զետեղեցին ծաղկեպսակներ`  Դաշնակցութեան, ԼՕԽ-ին եւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն կողմէ: Հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի պատրիարքական...

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէն Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Կանգնեցուած Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին Ծաղկեպսակ Զետեղեց

ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէն Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային Գերեզմանատան Մէջ Կանգնեցուած Ցեղասպանութեան Յուշակոթողին Ծաղկեպսակ Զետեղեց

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման ձեռնարկներու ծիրին մէջ, շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ին, Ֆըրն Շըպպեքի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակի զետեղում: ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէին նախաձեռնած յիշատակի այս արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ առաջին անգամ կանգնեցուած Ցեղասպանութեան յուշակոթողին առջեւ: Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ:  Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Համբիկ Միսաքեան: Ան ի միջի այլոց ըսաւ. «Մեծ եղեռնէն 107 տարիներ ետք,...

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

Քայլարշաւ` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» Մարզամշակութային Համալիրէն Անթիլիասի Մայրավանք

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Աղբալեան» կոմիտէին եւ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութեան, մասնակցութեամբ ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղին, մարզական խումբերուն, անոր շեփորախումբին ու սկաուտական կազմին, ՀՅԴ «Ն. Աղբալեան» պատանեկան միութեան, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու  եւ ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղի, ԼՕԽ-ի «Նայիրի» մասնաճիւղին եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն շաբաթ, 23 ապրիլի կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ շրջանի ժողովուրդին քայլարշաւը Մզհերի «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն...

Ապրիլեան Եղեռնի 107-ամեակի Հսկում` Այնճարի Մէջ

Ապրիլեան Եղեռնի 107-ամեակի Հսկում` Այնճարի Մէջ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղին շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին Այնճարի մէջ տեղի ունեցաւ ապրիլեան եղեռնի 107-ամեակի հսկում: Հսկումին առաջին բաժինը տեղի ունեցաւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի «Հետուիկ» սրահին մէջ: Ձեռնարկը ընթացք առաւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղի շեփորախումբին կողմէ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու կատարումով, ապա ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղին խօսքը արտասանեց Քարոլ Քենտիրճեան, որ դիտել տուաւ,...

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւնները Նշեցին Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

Հաւատարիմ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու եւ վերապրողներու կտակին, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամ կրտսեր եւ երէց պատանիներ տարբեր ձեռնարկներու ճամբով ոգեկոչեցին Ցեղասպանութեան 107-ամեակը: Շաբաթ, 16 ապրիլին, շուրջ 150 կրտսեր պատանիներ այցելեցին Ժիպէյլի Հայոց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան, ծանօթացան որբահաւաքի կարեւորութեան, ինչպէս նաեւ` Մարիա Ճէյքըպսընի առաքելութեան: Իսկ շաբաթ, 23 ապրիլին, դարձեալ շուրջ 150 երէց պատանիներ յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին մասնակցեցան ՀՅԴ «Ն....

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Հայկ Թապագեան ու անդամներ Սիլվա Սաղըրեան եւ Սոնա Պօղոսեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդն ու Խմբապետական կազմը, մասնաճիւղերու վարչութիւններու ու սկաուտական խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի շրջանային սկաուտական շեփորախումբը, մասնաճիւղերուն խմբապետական կազմերը, ՀՅԴ Լիբանանի պատանեկան միութիւններու անդամներ համախմբուեցան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի շրջափակին մէջ, ուր կատարուեցաւ մէկուկէս...

Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Ցեղասպանութեան 107-ամեակի Ոգեկոչում` Պուրճ Համուտի Մէջ Գտնուող Խաչքարին Առջեւ

Կիրակի, 25 ապրիլի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին, Պուրճ Համուտի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով հաստատուած խաչքարին դիմաց տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ եւ աւանդական ծաղկեպսակի զետեղում: Սարդարապատ ակումբէն` ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ քայլարշաւ` դէպի խաչքար: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող խաչքարին առջեւ: ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէին անունով խօսք...

«Շնորհալի» Երգչախումբը Ազգային Երգերու Համերգով Վերանորոգեց Մեր Պահանջատիրական Երթը

«Շնորհալի» Երգչախումբը Ազգային Երգերու Համերգով Վերանորոգեց Մեր Պահանջատիրական Երթը

Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւնները ընդհանրապէս լիբանանահայ գաղութին մէջ սկիզբ առին Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքին եւ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ սկաուտական հսկումներով, յաջորդ օրը դարձեալ Անթիլիասի մայրավանքին մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական-ուսանողական միութիւններու կազմակերպած հաւաքով, ապա ժողովրդային քայլարշաւով` Պուրճ Համուտէն դէպի Անթիլիասի մայրավանք, Սրբոց Նահատակաց նուիրուած Ս. պատարագի մատուցմամբ եւ բարեխօսական կարգով, հուսկ ոգեշնչող եւ օրուան խորհուրդը իր մէջ պարփակող հայրապետական պատգամով...

Page 116 of 365 1 … 115 116 117 … 365

Արխիւներ