Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը

Երկուշաբթի, 16 մայիս 2022-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, ինչպէս նաեւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ Շրջակայից թեմին, նամակ յղեց Միացեալ Էմիրութիւններու նորընտիր նախագահին` շէյխ Մոհամետ Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի` շնորհաւորելով անոր նախագահ ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ` ժողովուրդը: Կաթողիկոսը յիշեց տարիներ առաջ Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ նորընտիր նախագահին հետ ունեցած հանդիպումը եւ իր ու երկրի...

Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ»  Արամ Ա. Կաթողիկոս

Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի (ՄԱԵԽ) բացման նիստին յատուկ կերպով խօսք առնելով` Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կարեւորութեամբ շեշտեց շրջանէն ներս եկեղեցիներու գործակցութեան նոր մղում ու ծաւալ տալու հրամայականը: «Հսկայ տագնապներու դիմաց է Միջին Արեւելքը. տագնապներ, որոնց անմիջականօրէն ենթակայ են նաեւ եկեղեցիները: Այս կացութեան դիմաց, սովորական գործակցութենէ անդին, անհրաժեշտ է վերատեսութեան ենթարկել ներեկեղեցական ու միջեկեղեցական կեանքը ու ճշդել առաջնահերթութիւնները, որոնք ըլլան համահունչ...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Աստուածաշունչի Ընկերակցութեանց Միջազգային Համագումարին Անգլիոյ Մէջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Աստուածաշունչի Ընկերակցութեանց Միջազգային Համագումարին Անգլիոյ Մէջ

12-14 մայիս 2022-ին Քեմպրիճի (Անգլիա) մէջ, Լիբանանի եւ Անգլիոյ Աստուածաշունչի ընկերակցութեանց կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ եկեղեցիներու շուրջ քառասուն ներկայացուցիչներու միջազգային համագումարը, որուն թեման էր` «Աստուծոյ խօսքով համախմբուած քրիստոնեաներ` իրարու նեցուկ դժուարին ժամանակներու ընթացքին»: Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, սոյն համագումարին մասնակցեցաւ Նարեկ արք. Ալեէմէզեան (ատենապետ Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու յանձնախումբի) եւ դասախօսեց «Քրիստոնեայ համայնքներու դիմագրաւած մարտահրաւէրները Միջին Արեւելքի...

Սրբալոյս Միւռոնի Պատրաստութիւն Անթիլիասի Մէջ

Սրբալոյս Միւռոնի Պատրաստութիւն Անթիլիասի Մէջ

Կիրակի, 15 մայիս 2022-ին միաբան հայրեր եւ դպրեվանեցիներ կատարեցին երեկոյեան ժամերգութիւն եւ անդաստան, որմէ անմիջապէս ետք միաբան հայրերով եւ դպրեվանեցիներով կազմուեցաւ հայրապետական թափօր, որ ուղղուեցաւ մայր տաճարի կողքին, ուր նախագահութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, սկիզբ առաւ սրբալոյս միւռոնի պատրաստութիւնը: Տէրունական աղօթքէն ետք կաթողիկոսը աղօթք առաքեց առ Աստուած, որ միւռոնը դառնայ օրհնութիւն եւ խաղաղաբեր Հայ եկեղեցւոյ, հայրենիքին, սփիւռքին եւ ամբողջ աշխարհին...

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճը Հանգանակած Է 38.150 Տոլար Եւ 232.400.000 Լո

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճը Հանգանակած Է 38.150 Տոլար Եւ 232.400.000 Լո

«Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճի ամբողջութեամբ վերանորոգուած մանկամսուրի բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ 29 ապրիլ 2022-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հովանաւորութեամբ Լիբանանի թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի,  նախագահութեամբ ճարտարարուեստի նախարար Ճորճ Պուչիկեանի, ներկայութեամբ երեսփոխաններ` տէր եւ տիկին Յակոբ Թերզեանի եւ Ալեքս Մաթոսեանի, Կեդրոնական դրամատան փոխկառավարիչ Ալեքս Մուրատեանի, ինչպէս նաեւ` Ազգային իշխանութեան պատուարժան նախագահին, ատենապետներու, անդամներու, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչի, շրջանի կոմիտէի  ներկայացուցիչներու,...

Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հաղորդագրութիւն

Յայտարարութիւն

Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարանի տնօրէնութիւնը ուրախութեամբ կը յայտարարէ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն Ճեմարանի խումբ մը բարեկամներ կը ստանձնեն Ճեմարանի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի 2022-2023 տարեշրջանի վարդագոյն դասարանի (3-4 տարեկան) 30 երեխաներու կրթաթոշակները: Սոյն ծրագիրը պիտի շարունակուի յաջորդաբար 3 տարիներ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք բոլոր անոնց, որոնք նախաձեռնեցին այս շատ շինիչ ծրագիրին եւ իրագործեցին զայն: Բոլոր այն ծնողները, որոնք կը փափաքին...

ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու Ուղեկից  Միութիւնները Յուշագիրով Մը  Կը Պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը

ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու Ուղեկից Միութիւնները Յուշագիրով Մը Կը Պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, Հայ դատի մարմինը, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի, ԼՕԽ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնները, «Զաւարեան» ուսանողական միութիւնն ու Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը չորեքշաբթի, 18 մայիս 2022-ին` յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատուն եւ յանձնեց հետեւեալ յուշագիրը, որով անոնք իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն Հայաստանի մէջ «Դիմադրութեան» շարժումին ու կը պահանջեն Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականը: Ստորեւ` նամակին...

Համազգայինը` Նոր Մարտահրաւէրներու Դիմաց

Հաղորդագրութիւն

Լիբանանի մէջ տարիէ մը ի վեր շարունակուող տնտեսական, քաղաքական անապահով պայմաններն ու համաճարակին ստեղծած անսովոր կացութիւնը հայութիւնը եւս դրին դժուարին մարտահրաւէրներու առջեւ  եւ  մեծապէս  դժուարացուցին  մեր աւանդական ու հաւաքական երթը` մեր ազգային, կրթական, մշակութային, թէ այլ մարզերուն մէջ, շատ յաճախ անել կացութեան մատնելով մեր կեանքը: Հակառակ արտակարգ պայմաններուն`   Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցները լայնօրէն բացին իրենց դռները  եւ վերստեղծեցին մշակութային աշխուժութիւն, եւ...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Ցաւակցի  Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց  Պետութեան Եւ Ժողովուրդին

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Ցաւակցի Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Պետութեան Եւ Ժողովուրդին

Ուրբաթ, 13 մայիս 2022-ին, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ, զինեալ ուժերու հրամանատար եւ Ապու Տապիի կառավարիչ շէյխ Խալիֆա Պըն Զայէտ Ալ Նահեանի մահուան տխուր առիթով, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու, Քաթարի եւ շրջակայից թեմին ցաւակցագիր մը յղեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետութեան եւ ժողովուրդին: Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը յատկապէս կ՛ընդգծէ հանգուցեալ նախագահին ունեցած...

Այնճարի Մէջ.  Ինքնաբուխ Խրախճանք`  Ճորճ Պուչիքեանի Ընտրութեան Առիթով

Այնճարի Մէջ. Ինքնաբուխ Խրախճանք` Ճորճ Պուչիքեանի Ընտրութեան Առիթով

Երկուշաբթի, 16 մայիս 2022-ի երեկոյեան, ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն ընտրութեան լուրին պաշտօնական հրապարակումէն անմիջապէս ետք, Այնճարի «Ս. Զէյթլեան» ժողովրդային տան մէջ գիւղի երիտասարդները, յատկապէս` ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի երիտասարդները կազմակերպեցին ինքնաբուխ խրախճանք մը, որուն ներկայ գտնուեցան ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէի անդամները, Այնճարի քաղաքապետը եւ նորընտիր երեսփոխան Ճորճ Պուչիքեանը: Ընտանեկան ջերմ մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած այս հաւաքին սրտի խօսքեր արտասանուեցան, շեշտուեցաւ, որ...

Հաւատալով, Որ Դաշնակցութիւնը Լաւագոյնս  Կը Ներկայացնէ Հայ Համայնքը` Լիբանանահայերը  Քուէարկեցին ՀՅԴ-ի Թեկնածուներուն

Հաւատալով, Որ Դաշնակցութիւնը Լաւագոյնս Կը Ներկայացնէ Հայ Համայնքը` Լիբանանահայերը Քուէարկեցին ՀՅԴ-ի Թեկնածուներուն

Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան զօրութիւնը իր ժողովուրդին, իրեն հաւատարիմ հայորդիներուն հաւատքին, պատրաստակամութեան եւ իրեն նկատմամբ անոնց տածած վստահութեան մէջ կայացած է միշտ: Ասիկա վաղեմի իրականութիւն մըն է, որ, բարեբախտաբար, անգամ մը եւս պայծառ արեւու նման երեւցաւ երէկ, երբ մեծաթիւ լիբանանահայեր իրենց մասնակցութիւնը բերին երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ իրենց ձայնը տուին ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն: «Ազդակ»-ի թղթակիցները կարճ զրոյցներ ունեցան լիբանանահայ ընտրողներուն հետ` ընտրական...

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի  Ներկայացուցիչը Կատարեց Իր Քաղաքացիական  Պարտականութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչը Կատարեց Իր Քաղաքացիական Պարտականութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի բոլոր լիբանանցիներուն նման, երէկ` 15 մայիսին կատարեց իր քաղաքացիական պարտականութիւնը եւ քուէարկեց Զոքաք Պլաթի մէջ: Օրուան ընթացքին ան շրջագայեցաւ ընտրական տարբեր կեդրոններ, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան ակումբներ եւ ընտրական կէտեր: «Ազդակ»-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան ըսաւ. «Անցնող երկու-երեք շաբաթներուն, երբ միշտ ժողովուրդին հետ կ՛ըլլայինք, կը տեսնէինք այն խանդավառութիւնը, որ ինչպէս անոնք այսօր`...

Բազմահազար Լիբանանահայեր Մասնակցեցան Դաշնակցութեան Կազմակերպած Ընտրական Մեծ Հաւաքին.  «Հաւաքականութիւնն Ու Հայկականութիւնը Միշտ Կը Յաղթեն»  Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Բազմահազար Լիբանանահայեր Մասնակցեցան Դաշնակցութեան Կազմակերպած Ընտրական Մեծ Հաւաքին. «Հաւաքականութիւնն Ու Հայկականութիւնը Միշտ Կը Յաղթեն» Հաստատեց Յակոբ Բագրատունի

Երէկ` ուրբաթ, 13 մայիսին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Փոլիկարպոսի կառատունը ժամադրավայրն էր լիբանանահայութեան, այն լիբանանահայութեան, որ գիտէ զանազանել ճիշդը սխալէն, ընտրել արժանին անարժէքէն, ընտրել մնայուն կերպով իրեն նեցուկ հանդիսացողը զինք շահագործել փորձողէն, գիտէ, որ իր իրաւունքներն ու շահերը հետապնդողը պարագայական անձ կամ կողմ չի կրնար ըլլալ, այլ կրնայ ըլլալ այն կուսակցութիւնը, որ լիբանանահայութեան համար մնայուն տէր է ու ծառայ...

Լէյլաւանի Ընտանիքը Շնորհակալական Այցելութեամբ Իր Երախտագիտութիւնը Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Լէյլաւանի Ընտանիքը Շնորհակալական Այցելութեամբ Իր Երախտագիտութիւնը Յայտնեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէին եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի, ուրբաթ, 13 մայիս 2022-ին, Լէյլաւանի կառոյցներու ներկայացուցիչները շնորհակալական հանդիպում մը ունեցան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ: Հանդիպումի սկզբնաւորութեան, ՀՅԴ «Է. Ակնունի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տէմիրճեան Լէյլաւանի բնակարաններու առկախ մնացած վճարումներու ջնջումին առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետի հոգատար վերաբերմունքին համար: ...

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Դեսպանները

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Ռուսիոյ Եւ Հայաստանի Դեսպանները

Ուրբաթ, 13 մայիս 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Ռուտաքով: Աւելի քան ժամ մը տեւած հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած քննարկումներուն առանցքները բնականաբար դարձան Ուքրանիոյ պատերազմը եւ Հայաստանը: Յիշեալ հարցերուն գծով վեհափառ հայրապետը ներկայացուց իր պատկերացումները եւ մտահոգութիւնները: Դեսպան Ռուտաքով, իր կարգին, պարզեց Ուքրանիոյ հարցին գծով Ռուսիոյ կեցուածքը եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի միջեւ փոխադարձ հասկացողութեամբ լուծումներ...

Նախընտրական Հաւաք` Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ

Նախընտրական Հաւաք` Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին Նախաձեռնութեամբ

Հայաշէնի ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ նախընտրական հաւաք եւ հանդիպում-զրոյց Պէյրութի Ա. ընտրաշրջանին մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան առաջադրած թեկնածուներուն հետ: Ներկայ էին երեսփոխաններ  Յակոբ Թերզեան, Ալեքսանտր Մաթոսեան եւ թեկնածու մեթր Սերժ Մելքոնեան: Կոմիտէութեան անունով խօսք առաւ Արտաշէս Գասարճեան, որ պատմական կարճ ակնարկ մը կատարեց Լիբանանի մէջ ՀՅ Դաշնակցութեան ունեցած քաղաքական կեանքին եւ մատուցած ընկերային ծառայութիւններուն մասին: Ապա ան...

Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Առիթով  Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Կոչը

Լիբանանի Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Առիթով Լիբանանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Սրբազան Հօր Կոչը

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Խորհրդարանական ընտրութիւններու սեմին, սիրով կ՛ողջունենք լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները, բոլորին յիշեցնելով, որ վաղուան մեր կեանքը կախեալ է կիրակի օր ի գործ դրուած հաւաքական մեր ճիգէն ու մեր կամեցողութենէն: Այս առիթով բոլորին կը յիշեցնենք, որ ոչ պատուհանէն դիտելով բաւարարուին եւ ոչ ալ անպատասխանատուութեամբ վարուին իրենց քուէին հետ: Ընդհակառակը, ամէն մարդ դէպի քուէատուփ ուղղուելով, պէտք է իր քաղաքացիական պարտականութիւնները լիովին...

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Պատուիրակութիւնը

Երեսփոխան Բագրատունի Ընդունեց Խորհրդարանական Ընտրութիւններու Եւրոպական Միութեան Դիտորդական Առաքելութեան Պատուիրակութիւնը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց խորհրդարանական ընտրութիւններու Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան նախագահ, Եւրոպական խորհրդարանի անդամ երեսփոխան Կիորկի Հոլվենին, որ կը գլխաւորէր հնգանդամ պատուիրակութիւն մը: Մէկ ժամ տեւած հանդիպումին, անդրադար_ձ կատարուեցաւ կիրակի օր կայանալիք ընտրութեանց, ընտրական օրէնքի բացթողումներուն, հաւանական խախտումներուն եւ դիտորդներու դերակատարութեան: Բագրատունի պատուիրակութեան անդամներուն ներկայացուց Լիբանանի հայութեան եւ...

Page 114 of 365 1 … 113 114 115 … 365

Արխիւներ