Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միասի՛Ն, Երէկ, Այսօր Եւ Մի՛շտ» Կարգախօսով Ժողովրդային Ընթրիք` Արագածի Մէջ

Մայիս 6, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Միասի՛ն, երէկ, այսօր եւ մի՛շտ» կարգախօսով ժողովրդային ընթրիք-հաւաք մը տեղի ունեցաւ Արագածի մէջ` կազմակերպութեամբ շրջանի «Դրօ» կոմիտէին, հինգշաբթի, 5 մայիս 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:00-էն սկսեալ: Ժողովրդային ընթրիքին ներկայ էին  ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, ՀՅԴ-ի առաջադրած երեսփոխանական թեկնածուները, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէութեան անդամներ, ԼՕԽ-ի «Արագած» մասնաճիւղի անդամներ, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխատէր քահանան ու թաղականութիւնը եւ շրջանին հայորդիները:

Յովիկ Ալթունեան ներկայացուց յայտագիրը, ապա բացման խօսքով հանդէս եկաւ Նազելի Աւագեան: Բարի գալուստ մաղթելէ ետք հիւրերուն եւ ներկաներուն` Ն. Աւագեան ըսաւ, որ Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր նախնիները տարբեր գաղութներու մէջ ունեցան իրենց տէրն ու տիրականը` Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը, որուն շուրջ համախմբուելով կազմակերպուեցան: Լիբանանի պարագան յատուկ է, եւ երկրին դիմագրաւած բազմաթիւ դժուարութիւններուն դիմաց Արագածի բնակչութիւնը, իր կողքին միշտ ունենալով դաշնակցութիւնը, մնաց տոկուն: Աւագեան շարունակեց նշելով, որ Արագածի ժողովուրդը ունի հոգատար հայր մը` ՀՅԴ-ն, որուն հաւատացող անդամները հայկական թաղամասերուն մէջ միշտ կանգնած են ժողովուրդին կողքին` ընկերային, տնտեսական, ինքնապաշտպանական եւ այլ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու համար: Աւագեան ընդգծեց, որ ժողովուրդը հաւատաց այս կուսակցութեան եւ վստահաբար 15 մայիսին ինքնավստահօրէն պիտի մասնակցի երեսփոխանական ընտրութիւններուն` քուէարկելով նոյնինքն ՀՅԴ-ի առաջադրած թեկնածուներուն:

Ապա բեմ բարձրացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին ու իր սրտի խօսքը արտասանեց: Ժողովուրդին դիմելով իբրեւ «Արագածի ուխտաւոր ժողովուրդ», ան դիտել տուաւ, որ Արագածի բնակչութիւնը իր պատուին, խիղճին ու տուած նահատակներուն արեան վրայ ուխտած է մնալ հայութեան հետ` ի գին ամէն ինչի: Հայութեան համար գործած ու տքնած, նոյնիսկ իր լաւագոյն զաւակները ճակատ ղրկած ու զոհած ժողովուրդը անվեհեր եւ խիզախ է բոլոր նեղութիւններուն դիմաց, ըսաւ ան` շարունակելով, որ դո՛ւք էք Դաշնակցութիւնը` նոյնիսկ ան, որ կուսակցական չէ, որովհետեւ Արագածի թաղերուն իւրաքանչիւր անկիւնի մէջ ապրող, իւրաքանչիւր անհատ ուխտած է հայութեան համար:

«Ա՛լ ի՞նչ կրնայ ակնկալել Դաշնակցութիւնը, երբ ունի նման ժողովուրդ: Ա՛լ ինչո՞ւ պիտի վախնանք ասդին-անդին պատահաբար դեգերող, Դաշնակցութեան դէմ թեկնածութիւն առաջադրող այրերէ ու կիներէ: Այսպիսի հաւատաւոր ժողովուրդ ունեցող Դաշնակցութիւնը չի կրնար պարտուիլ», հաստատեց Յակոբ Բագրատունի ու աւելցուց, որ Արագածի ժողովուրդը կրնայ տնտեսական ծանր պայմաններէ տառապիլ, սակայն բնաւ իր հոգին չի ծախեր պատահական եւ ուտեստեղէնի տեսքով կաշառք հրամցնող անհատներու, որոնք նոյնիսկ Արագած մուտք գործելու կը վարանին: Աւարտին Յակոբ Բագրատունի ըսաւ, որ Արագածի ժողովուրդը իր պինդ կամքով օրինակ կը հանդիսանայ լիբանանահայերուն. «Պատի՛ւ մեզի, պատի՛ւ Դաշնակցութեան, որ ձեզի նման ժողովուրդ ունինք: Հպա՛րտ ենք ձեզմով: Վստահ եղէ՛ք, որ 16 մայիսին պիտի տօնենք մեր յաղթանակը, քանի որ ձեզի պէս ժողովուրդ ունինք»:

Գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան «Հայ շեփոր» խումբը, Անդօ Մարտիրոսեան, Էտի Նալպանտեան եւ Հրակ Քերսոյեան` ընկերակցութեամբ Աւիկ Չայլեանի:

 

Նախորդը

Հ․Օ․Մ․-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց Արցախ

Յաջորդը

Աւստրիոյ Դեսպանը Այցելեց Բագրատունիի

RelatedPosts

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճը Հանգանակած Է 38.150 Տոլար Եւ 232.400.000 Լո
Գաղութային

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճը Հանգանակած Է 38.150 Տոլար Եւ 232.400.000 Լո

Մայիս 20, 2022
Համազգայինի Մ. Եւ Հ. Արսլանեան Ճեմարան. Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Յայտարարութիւն

Մայիս 20, 2022
ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու Ուղեկից  Միութիւնները Յուշագիրով Մը  Կը Պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կառոյցն Ու Ուղեկից Միութիւնները Յուշագիրով Մը Կը Պահանջեն Նիկոլ Փաշինեանի Հրաժարականը

Մայիս 19, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In