Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՄԱ-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ Մարզախաղերը 20-30 Յուլիսին Հայաստանի Մէջ

Մայիս 5, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով մէկ տարուան ակամայ յետաձգումէ ետք, Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը այս ամառ` 20-30 յուլիս 2022-ին, տեղի պիտի ունենան Հայաստանի մէջ:

Ի տարբերութիւն նախորդ մարզախաղերուն, 11-րդ մարզախաղերը պիտի յատկանշուին քանի մը նորութեամբ: Արդարեւ, այս մարզախաղերուն առաջին անգամ ըլլալով պիտի կիրարկուին 3×3 պասքեթպոլի, ծովափի վոլիպոլի եւ կոլֆի մրցումներ` ֆութպոլի, պասքեթպոլի, վոլիպոլի, ֆութսալի, ճատրակի, աթլէթի, փինկ փոնկի, լողի եւ թենիսի մրցումներու կողքին:

Մարզախաղերուն երկրորդ նորութիւնը անհատական կարողութեան մրցումներն են, որոնք առաջին անգամ կիրարկուեցան անցնող ձմրան կազմակերպուած Համա-ՀՄԸՄ-ական առցանց մարզախաղերուն: Մրցումները արձանագրեցին մեծ յաջողութիւն եւ նկատի առնուեցան նաեւ այս մարզախաղերու` պաշտօնական մրցումներուն կողքին:

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը կը յատկանշուին այն իրողութեամբ, որ առաջին անգամ ըլլալով մասնակիցներու արեւելումի աշխատանքները կը կատարուին նախապէս` առցանց, դաստիարակչական բնոյթի եօթը տեսանիւթերով, որոնք մասնակիցներուն կը ծանօթացնեն միութեան մարզական պատմութիւնը, Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերու նպատակը, 11-րդ մարզախաղերու ընթացքը, Fair play-ի` արդար խաղի կանոնները, մայրաքաղաք Երեւանը եւ այլ նիւթեր:

Մարզախաղերը ունին բարեսիրական աշխատանքներու եւ Հայաստանին ծանօթացման յատուկ յայտագիրներ: Նախատեսուած է մարզախաղերու մասնակիցներուն անունով երեխաներու ի նպաստ ծրագիր մը իրականացնել Հայաստանի սահմանային շրջաններէն մէկուն մէջ: Կը մշակուի նաեւ ծրագիր մը, որպէսզի մասնակիցները առիթ ունենան առնչուելու իրենց ազգային, հոգեւոր, մշակութային արմատներուն հետ:

Իբրեւ նորութիւն պէտք է նշել նաեւ «Հրաշք» մարզախաղերու կազմակերպումը` մարզական այս մեծ իրադարձութեան օրերուն: «Հրաշք» մարզախաղերը յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ երիտասարդներու համար կազմակերպուող խաղեր են, որոնք 2018-էն ի վեր կը կիրարկուին ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Միացեալ  Նահանգներու շրջանին մէջ: «Հրաշք» մարզախաղերուն կը նախատեսուի, որ մասնակցին 12-22 տարեկան 200 երեխաներ եւ երիտասարդներ Հայաստանի զանազան շրջաններէ եւ սփիւռքէն: Այս մարզախաղերուն համար նկատի առնուած են յատուկ դաշտ եւ մարզական սարքեր:

Համա-ՀՄԸՄ-ական 11-րդ մարզախաղերը ընթացք պիտի առնեն 20 յուլիս 2022-ին կազմակերպուած պաշտօնական մամլոյ ասուլիսով: Յաջորդ օր մարզախաղերու մասնակիցները կ’այցելեն Եռաբլուր եւ Ծիծեռնակաբերդ, ապա ընթացք կ’առնեն մրցումները, որոնք կ’երկարին ինը օրերու վրայ: Բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը նախատեսուած է «Հայ մարզիկի օրը»` 22 յուլիսին, իսկ աւարտական մրցումները եւ փակման հանդիսութիւնը` 29 յուլիսին: 30 յուլիսին կը կատարուի յաղթանակի պարահանդէս:

Կը սպասուի, որ մարզախաղերուն մասնակցին ՀՄԸՄ-ի աշխարհասփիւռ շրջաններէն աւելի քան 600 մարզիկ-մարզիկուհիներ, ինչպէս նաեւ` Թեհրանի «Արարատ» եւ «Նայիրի» միութիւններէն պատուիրակութիւններ:

Համա-ՀՄԸՄ-ական մարզախաղերը միայն մրցում, մետալ, բաժակ եւ պարգեւատրում չեն: Մարզախաղերը մթնոլորտ են, ազգային ապրում եւ հաւաքական պատկանելիութեան գիտակցութիւն: Գլխաւոր յաղթականը այս պարագային հայութիւնն է, որ գիտէ 104 տարի ապրեցնել ՀՄԸՄ-ը եւ ապրիլ ՀՄԸՄ-ով, ոգեւորուած անոր «մարզական բանակ»-ով եւ ամրապնդուած անոր հայկականութեամբ, ինչ որ գլխաւոր երաշխիքն է պատրաստութեան սերունդի մը, որ բարոյալքում չճանչնայ, յաղթանակի հպարտութիւն ունենայ եւ միշտ ընթանայ յառաջ, անսասան ու անդեդեւ:

ՀՄԸՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Կազմակերպութեամբ. Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով Սուրբ Պատարագ Եւ Հսկում

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Շնորհաւորեց Ֆրանսայի Նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի Վերընտրութիւնը

RelatedPosts

Արցախի Հանրապետութենէն  Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կ՛այցելէ
Գաղութային

Արցախի Հանրապետութենէն Պատուիրակութիւն Մը Լիբանան Կ՛այցելէ

Մայիս 25, 2022
Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Այցելեց «Ազդակ»
Գաղութային

Դոկտ. Հայկ Իւթիւճեան Այցելեց «Ազդակ»

Մայիս 25, 2022
ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Շնորհաւորական  Այցելութիւն Տուաւ Յակոբ Բագրատունիին
Գաղութային

ՀԲԸՄ-ի Պատուիրակութիւնը Շնորհաւորական Այցելութիւն Տուաւ Յակոբ Բագրատունիին

Մայիս 24, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In