Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հանրածանօթ Արուեստագէտ Ճոզայեա Ուըտսըն Երաժշտական «Մասթըր Քլաս»-ի Վերաորակաւորման Դասընթացք Տուաւ Համազգայինի Եւ Յարակից Կառոյցներու Երաժիշտներու

Մայիս 10, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային յարաբերական յանձնախումբին եւ Գեղարուեստի դպրոցներու տնօրէնութեան, չորեքշաբթի, 4 մայիս 2022-ի կէսօրէ ետք ժամը 3:00-6:00 արուեստի յատուկ ձեռնարկ մը ներկայացուեցաւ Համազգայինի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ, Ծաղկաձոր-Մըզհեր:

Արդարեւ, ամերիկացի հանրածանօթ երաժիշտ-արուեստագէտ Ճոզայեա Ուըտսըն, ընդառաջելով Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան Հանրային հարցերու բաժանմունքի  հրաւէրին, վերջերս այցելեց Լիբանան` ընկերակցութեամբ իր նուագախումբի անդամներէն  Տանիէլ Կասինի, Զաքարիա Աբրահամի եւ Պերթոլլօ Էմանուէլի: Այս առիթով Համազգայինի «Ժիրայր եւ Ցոլինէ Խաչատուրեան» կեդրոնին մէջ կազմակերպուեցաւ երաժշտական վերաորակաւորման միօրեայ դասընթացք` նախաձեռնութեամբ Ամերիկեան դեսպանատան Հանրային հարցերու բաժանմունքին ու համագործակցաբար Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներուն, Լիբանանի Ազգային երաժշտանոցին, Էլիաս Ռահպանի ակադեմիայի եւ Ղասսան Եամմին գեղարուեստական դպրոցին:

Աննախընթաց ու եզակի այս ձեռնարկին բացումը կատարեց դոկտ. Քրիստին Արզումանեան, որ Համազգայինի անունով ողջունելէ ետք ներկաները, նշեց ձեռնարկին առիթն ու նպատակը` երախտագիտութիւն ու շնորհակալութիւն յայտնելով Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան, գործակից հաստատութիւններուն եւ մասնակիցներուն, առանց որոնց` կարելի պիտի չըլլար իրականացնել սոյն ձեռնարկը Համազգայինի կեդրոնին մէջ:  Ան դիտել տուաւ, որ Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դիմակալած ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ կայացած այդ հաւաքը երաժշտութեան հանդէպ սիրոյ եւ յոյսի նշոյլ մըն է:

Իր կարգին, Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան մշակութային կցորդ Հերմիլա Եիֆթըր  բարձր գնահատեց լիբանանցի ժողովուրդին մօտ եղող տաղանդի եւ ձիրքերու քանակն ու սէրը` երաժշտութեան նկատմամբ: «Որպէս Լիբանանի մէջ ծառայող դիւանագէտ` խորապէս տպաւորուած եմ», ըսաւ ամերիկացի դիւանագէտը` ընդգծելով իր երկրի զօրակցութիւնը այս մարզին, որքան որ կարելի է:

 Իր սրտի խօսքը արտասանեց նաեւ հիւր արուեստագէտ Ճոզայեա Ուըտսըն` իր մեծ հաճոյքն ու հիացմունքը յայտնելով ի տես այս երկրի երիտասարդ տաղանդներուն: «Ես խորապէս պատւըուած կը զգամ հոս ըլլալով եւ տարածելու երաժշտութեան հանդէպ սէրը, նաեւ ճազի, պլուզի թէ հիփ-հոփի կատարումներով բաժնեկցելու իմ փորձառութիւնս որպէս արուեստագէտ», շեշտեց ամերիկացի արուեստագէտը` նշելով, որ երաժշտութիւնը սիրոյ եւ յոյսի լեզուն է: Ճոզայեա Ուըտսըն հանրածանօթ երաժիշտ-արուեստագէտ է, մասնագիտացած` ճազ, պլուզ եւ հիփ-հոփ երաժշտական ոճերով: Ամերիկեան «Կրամմի»-ի մրցանակակիր այս արուեստագէտը երաժշտական ելոյթներով հանդէս եկած է նշանաւոր  արուեստագէտներու հետ: Իր նուագախումբի անդամները իրեն կը նուագակցին պաս, կիթառ, հարուածային գործիք ստեղնաշարով եւ այլ գործիքներով:

Երեք ժամ տեւած վերաորակաւորման այս վարժանիստ-դասընթացքը իրականացաւ աւելի քան 80 երաժիշտ-ուսուցիչ մասնակիցներու խանդավառ ներդրումով: Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան Համազգայինի Գեղարուեստի դպրոցներու 23 աշակերտներ, որոնցմէ շատեր իրենց գործիքային կատարումներով ելոյթ ունենալով` հմայեցին ներկաները:

Աւարտին, ներկայ հիւրերուն յանձնուեցաւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի ուսուցիչներու եւ աշակերտներու գործերէն յուշանուէրներ, եւ Համազգայինի մասնակիցները ստացան Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան կողմէ մասնակցութեան վկայագիրներ:

Կ՛արժէ նշել մասնակիցներէն` 11-ամեայ պատանի Զարեհ-Վարանդ Սերոբեանի վկայութիւնը, ուր ան հաստատեց, որ ի՛նք եւս 11 տարեկանին արդէն իսկ որոշած է իր հետեւելիք դասական երաժշտութեան մասնագիտութիւնը` ազդուելով եւ հետեւելով արուեստագէտ Ուըտսընի պատանեկան նմանօրինակ փորձառութեան, թէեւ արուեստագէտը ընտրած էր ճազի եւ յարակից երաժշտութեան ուղին:

Համազգայինի Լիբանանի Հանրային կապերու խորհուրդի անդամներ` Շանթ Պոյաճեան, դոկտ. Քրիստին Արզումանեան, Տիանա Վարդանեան եւ 8-ամեայ փոքրիկ Սերլի-Ժիւլի Մարատեան` ամերիկացի դիւանագէտ Հերմիլա Եիֆթըրի հետ:
Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Զարթնի՛ր Լաօ՛… Ահազանգը Դարձեալ Կը Հնչէ

Յաջորդը

Ճիւնիի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Անուանակոչութիւն

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Յունաստանի Արտաքին Գործոց Փոխ Նախարարը

Յուլիս 12, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի Քեսապի Շուրջ Բռնկած Վտանգալից Հրդեհին

Յուլիս 12, 2025
Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան.  Հաղորդագրութիւն
Գաղութային

Ազունիէի Հայ Ազգային Բուժարան. Հաղորդագրութիւն

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?