ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Աւստրիոյ դեսպան Ռընէ Փոլ Ամրին, որուն հետ մէկ ժամ տեւողութեամբ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային քաղաքական իրադարձութիւնն ու զարգացումները:
Դեսպան Ամրի, քաջածանօթ ըլլալով լիբանանեան իրականութեան, անդրադարձաւ երեսփոխանական եւ ապա նախագահական ընտրութեանց կարեւորութեան:
Երեսփոխան Բագրատունի ներկայացուց ՀՅԴ-ի կեցուածքները, քաղաքական վարուելակերպն ու ուղղուածութիւնը` շեշտելով, որ անհրաժեշտ է երկիրը դուրս բերել ներկայի անտանելի վիճակէն, կարեւոր դերակատարութիւն տեսնելով եւրոպական երկիրներու պարագային:
Դեսպան Ամրի նաեւ անդրադարձաւ Արցախի հարցին, Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ սփիւռքահայ զանգուածներու կեցուածքներուն: