Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Օգնական Բուժքոյրերու Պատրաստութեան Ծրագիր»-ի Մասնակիցներու Վկայականի Տուչութիւն

Մայիս 9, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներկայութեան Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, ուրբաթ, 6 մայիսին` կէսօրէ ետք ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի վկայականաց բաշխման հանդիսութիւնը: Սոյն ծրագիրին նախաձեռնուած էր Ֆրանսայի Հայկական Հիմնադրամին կողմէ` գործակցութեամբ Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնին, նաեւ Ազգային առաջնորդարանի Ընկերային ծառայութեան բաժանմունքին:

Սէն Ժոզէֆ համալսարանի դասախօս, Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի գործընկեր եւ ազգային երեսփոխան դոկտ. Հիլտա Պայրամեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն շնորհակալական խօսք ուղղեց դասախօսներուն, որոնք իրենց ժամանակը տրամադրեցին եւ հայ կիները պատրաստեցին  որպէս օգնական բուժքոյրեր:

Սէն Ժոզէֆ համալսարանի վարժանքի կեդրոնի (training center) տնօրէն փրոֆ. Ֆատի Հաժ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամին եւ Ազգային առաջնորդարանին, որոնք սատարեցին ծրագիրի յաջողութեան, ինչպէս նաեւ բոլոր անոնց, որոնք օժանդակեցին: Ան բացատրեց համալսարանի վարժանքի կեդրոնի առաքելութիւնը` նկատել տալով, որ կեդրոնը «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի կողքին զանազան բաժանմունքներու համար կը տրամադրէ մարզումներ:

Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ յիշեալ կեդրոնի աշխատանքները ներկայացնող կարճ տեսերիզ մը:

Նախկին նախարար, Ազգային վարչութեան փոխատենապետ Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նկատել տուաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած ընկերային եւ տնտեսական դժուար կացութեան մէջ, հակառակ անոր որ իգական սեռին մօտ բարելաւուած է գիտութիւնը, սակայն տակաւին, ի նպաստ կնոջ հաւասարութիւն չկայ երկու սեռերու միջեւ: Ան շեշտեց, որ տնտեսութեան յաջողութեան եւ բարելաւման մէջ կնոջ մասնակցութիւնը մարդկային իրաւունք է:

Անդրադառնալով «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ին` Վ. Օհանեան¬Գէորգեան յայտնեց, որ սոյն ծրագիրը կը նպատակադրէ մարզել կիները` զարգացնելով անոնց ունեցած թաքուն կարողութիւնները, բարելաւելով ընտանիքներու տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը, ինքնավստահութիւն ներշնչելով կնոջ եւ նոր աշխատանքի առիթներ ընծայելով անոր: Ան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց սրբազան հօր` անոր ունեցած եկեղեցական, ընկերային եւ մարդկային դերակատարութեան համար, համայնքի զաւակներուն կեանքի բարելաւման նպատակով:

Եզրափակելով իր խօսքը` Օհանեան¬Գէորգեան գնահատեց Ֆրանսայի Հայկական հիմնադրամի, Սէն Ժոզէֆ համալսարանի Մասնագէտներու վերապատրաստութեան կեդրոնի եւ Ազգային առաջնորդարանի միջեւ գործակցութիւնը, որ օրինակ մըն է, զոր ընդհանրացնելու կարիքը ունի մեր ընկերութիւնը, եւ յաջողութիւն մաղթեց ծրագիրին մասնակիցներուն:

Սէն Ժոզէֆ համալսարանի բուժքոյրերու բաժանմունքի պատասխանատու փրոֆ. Ռիմա Քազան-Սասին իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ «Օգնական բուժքոյրերու պատրաստութեան ծրագիր»-ի ընթացքին եւ տեւողութեան` հաստատելով, որ ծրագիրի մասնակցած 16 կիները յաջողութեամբ աւարտեցին զայն եւ պիտի կարենան լաւապէս օգտակար հանդիսանալ իրենց շրջապատին ու գործի ասպարէզ մտնել: Փրոֆ. Ռիմա Քազան-Սասին իր երախտագիտութիւնը յայտնեց դոկտ. Հիլտա Պայրամեանին, որուն յարատեւ ջանքերուն շնորհիւ սոյն ծրագիրը իրականացաւ եւ յաջողութեամբ աւարտեցաւ` մաղթելով, որ նորանոր ծրագիրներ եւս կը մշակուին:

Աւարտին հաստատագիր ստացան ծրագիրին հետեւած հետեւեալ 16 մասնակիցները. Ալապաշեան Թալին, Արսլանեան Նեկտար, Ասատուրեան Աղթամար, Պապուքեան Վարդուհի, Պայրաքտարեան Անի, Պայրաքտարեան Սօսի, Քէլէշեան Էլիզապէթ, Գույումճեան Դալար, Քիւրքճեան Ալին, Մելիքեան Այտա, Օհանեան Մարիէթ, Փոլատեան Ռիթա, Սիսլեան Լարա, Թաւուքճեան Ովսաննա, Եագուպեան Ազնիւ, Եագուպեան Սիլվա:

Նախորդը

Գետ-Գիտութեան

Յաջորդը

Հանդիպումս` Ցեղասպանութեան Զարհուրանքի Երկունքով Ծնունդ Առած Հայկակ Վարուժանի Հետ

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար  Քաղաքապետական Ծառայութիւնները  Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար Քաղաքապետական Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ

Մայիս 21, 2022
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը

Մայիս 21, 2022
Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ»  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In