Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէ. Հայաստանի «Դիմադրութեան» Շարժումի Զօրակցական Հաւաք Եւ Արցախի Դրօշի Տեղադրում Լէյլաւանի Մէջ

Մայիս 12, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երկուշաբթի, 9 մայիս 2022-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին Լէյլաւանի Ս. Երրորդութիւն մատրան Միքայէլ քհնյ. Տէմիրճեանի կողմէ Արցախի դրօշի օրհնութեան արարողութենէն ետք, Լէյլաւանի մէջ, ներկայութեամբ շրջանի կառոյցներու ներկայացուցիչներուն եւ հայորդիներուն, Արցախի քայլերգի ունկնդրութեամբ տեղադրուեցաւ Արցախի դրօշը` իբրեւ զօրակցութիւն Հայաստանի դիմադրական շարժումին եւ կեցուածք` չհրաժարելու Արցախէն եւ չյանձնուելու թշնամիին:

Ապա Ազգային Միացեալ վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ասմունքեցին պայքարի ոգին ամրապնդող ստեղծագործութիւններու փունջ մը, որմէ ետք ՀՅԴ «Արմէն Գարօ» պատանեկան միութեան պատանիները երգեցին «Զարթնի՛ր,  լաօ»-ն:

Այս առիթով ՀՅԴ «Է. Ակնունի» Կոմիտէի ներկայացուցիչ Րաֆֆի Տեմիրճեան ըսաւ, թէ ի՛նչ ալ ըլլան Լիբանանի պայմանները եւ տագնապները, կարելի չէ հեռու մնալ Արցախէն, կարելի չէ ձեռնածալ մնալ, այլ սփիւռքը իր ըսելիքը եւ ընելիքը պէտք է ունենայ, եւ այսօրուան հաւաքը առիթն է յայտնելու մեր զօրակցութիւնը Հայաստանի մէջ արժանապատուութեան եւ հայրենիքին համար մեր ընկերներուն ու ազգի զաւակներուն, որոնք առանց դադարի սկիզբ դրած են համազգային շարժումի:

Ան ըսաւ, որ «Առանց նիկոլ Հայաստան»-ը լոկ լոզունգ չէ, այլ Հայաստանը փրկելու ճիգերու առաջին քայլն է, որովհետեւ Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն գոյութիւնը պատճառ պիտի դառնայ յաւելեալ պարտուողական եւ զիջողական անընդունելի եւ աւերիչ քայլերու: Տեմիրճեան հաստատեց, որ Լէյլաւանի հայութիւնը Արցախի կողքին է, բողոքի շարժումի մասնակիցներուն կողքին է, եւ մենք հաւաքաբար անպայման ոտքի պիտի կանգնինք, դաւաճանները պիտի հեռացնենք եւ վերսկսինք հայրենիքի կերտման ու ազատագրման աշխատանքներուն, որպէսզի վաղը Շուշիի մէջ եւս վերստին ծածանի Արցախի դրօշը:

Զաքար Քէշիշեան
Րաֆֆի Տեմիրճեան

Օրուան պատգամը յղեց Զաքար Քէշիշեան, որ նշեց, թէ 1988-ին սկիզբ առած արցախեան շարժումով սկսած ազատագրական պայքարը յաղթելէ ետք, պարտաւոր էինք յաղթել նաեւ արեամբ ձեռք բերուած խաղաղութիւնը, սակայն փոխարէնը` այսօր Շուշիի ազատագրման 30-ամեակը կը տօնակատարենք գլխիկոր: Ան ըսաւ, որ բերդաքաղաքը ազատագրող ազատամարտիկներուն սխրանքը, անկախ այս հանգրուանի մեր կրած պարտութենէն, անժամանցելի է ու կը մնայ ներշնչող, ոգեւորող ու յուսատու, որուն համար անհերքելի է, որ մեր զինուորները կռուեցան ու նահատակուեցան դարերէն մեզի կտակուած նոյն քաջութեամբ եւ կորովով:

Քէշիշեան նշեց, որ այսօր Լէյլաւանի մէջ Արցախի դրօշը բարձրացնելով` մեր խոնարհումը կը բերենք նոյն այս դրօշին համար նահատակուած հերոսներուն յիշատակին առջեւ, որոնց սխրանքը ուժի աղբիւր է ու ներշնչարան` նոր յաղթանակներու: Ան ըսաւ, որ տակնուվրայ է մեր հայրենիքը կրկին, անմիաբան ենք կրկին, երկփեղկուած ենք, եւ ատելութեան մոլուցքը շուտով աւերներ պիտի գործէ, եւ ան աւելցուց. «Պահն է սթափելու, պահն է մերժելու այն, ինչ որ ապազգային է, պարագայապաշտ է, մեր ազգային նկարագիրին դէմ է: Պահն է թումանեանական բառերով` ներսից մաքրուելու ու համախմբուելու ազգային արժեհամակարգի տէր ձեռնհաս ուժերու շուրջ: Վաղը ուշ պիտի ըլլայ»: Ան նշեց, որ Արցախը կայ ու կը մնայ իբրեւ ամբողջական Հայաստանի անկորնչելի ու դրախտային այն մասնիկը, որ համայն հայութեան պարծանքն է, եւ համայն հայութիւնը պարտաւորութիւններ ունի անոր նկատմամբ:

Իր խօսքի աւարտին Զաքար Քէշիշեան ըսաւ. «Մեր լաո-ն խորունկ քնացած է: Պէտք է մեր պայքարի թմբուկները խրոխտ ու բարձրագոչ հնչեցնենք, որպէսզի անոնք կրկին վերածուին նոր «Հարսանիք լեռներում»-ի: Հիմա ալ, այստեղ ծածանելով Արցախի նուիրական դրօշը, զօրակցելով Արցախի, Հայաստանի ու սփիւռքի հայօրէն ապրող ու պայքարող «թանձր, թունդ, հայրական օճախներին կառչած ու գրաբարեան» իւրաքանչիւր հայորդիի, մենք կ՛ըսենք` Շուշին ու կորուսեալ հող հայրենին մենք պարտաւոր ենք ազատագրել, որովհետեւ մենք պարզապէս ուրիշ ելք չունինք:

Աւարտին, զօրակցական հաւաքը փակուեցաւ Էտի Նալպանտեանի կողմէ ազգային-յեղափոխական երգաշարի կատարումով:

Նախորդը

Ցեղասպանածին «Խաղաղասիրութեան Դարաշրջան»-ը Եւ Հայ Ցեղին Պաշտպան «Դիմադրութիւն»-ը

Յաջորդը

Ընտրական Ժողովրդային Հաւաք` Այնճարի Մէջ

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար  Քաղաքապետական Ծառայութիւնները  Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Բնակչութեան Համար Քաղաքապետական Ծառայութիւնները Բարելաւելու Նոր Գրասենեակ

Մայիս 21, 2022
Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Կը Շնորհաւորէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Նորընտիր Նախագահը

Մայիս 21, 2022
Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ»  Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութային

Հրամայական Է, Որ Միջին Արեւելքի Մէջ Միջեկեղեցական Գործակցութիւնը Նոր Ծաւալ Ստանայ» Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մայիս 21, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In