Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռաուտայի Դաշտին Վրայ. Շուշիի Ազատագրման Ոգիով Հայութեան Հաւաքական Կամքի Ամրապնդման Նուիրուած Ժողովրդային Հաւաք

May 10, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէին, ուրբաթ, 6 մայիս 2022-ին, Ռաուտայի դաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Շուշիի ազատագրման ոգիով հայութեան հաւաքական կամքի ամրապնդման նուիրուած ժողովրդային հաւաք` ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամներու, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի եւ շրջանէն ժողովրդային բազմութեան:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք խօսք առաւ ՀՅԴ «Շուշի» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վիգէն Գուճանեան, որ նշեց, թէ Շուշին այսօր ֆիզիքապէս մերը չէ, կացութիւնն ու պայմանները փոխուած են, սակայն այս բոլորին դէմ յանդիման մենք պէտք չէ յուսահատինք,  պէտք չէ յանձնուինք, այլ` պէտք է պայքարինք վերականգնելու մեր հայրենիքը:

Գուճանեան հաստատեց, որ ազգովին արժանի ենք յաղթանակներու, եթէ ըլլանք միակամ, մէկ կողմ դնենք անհատական նախասիրութիւններն ու շահերը եւ ազգայինը գերադասենք բոլոր խնդիրներէն: Վիգէն Գուճանեան ըսաւ, որ Դաշնակցութիւնը ինչպէս երէկ, այսօր, վաղը եւ մի՛շտ կանգնած է ժողովուրդի կողքին եւ թէ՛ պատերազմի ու թէ՛ խաղաղ պայմաններուն իր մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքին մէջ թէ հայրենիքէն դուրս ժողովուրդի ծառայութեան եւ զօրակցութեան  բազմաբնոյթ ճիգերուն:

Յակոբ Հաւաթեան
Վիգէն Գուճանեան

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին անունով խօսք առաւ Յակոբ Հաւաթեան, որ նշեց, թէ Ռաուտան համախումբ միջավայրի օրինակն է, որ էապէս կը նպաստէ մարդուժի պատրաստութեան աշխատանքներուն: Հաւաթեան նշեց, որ այսօր մեր հայրենիքը դժուար պայմաններու մէջ է, սակայն ոտքի է հայկական դիմադրութիւնը, որուն գաղափարական ենթահողը Դաշնակցութիւնն է, որ բոլոր ուժերուն հետ միասնաբար կը փորձէ պարտութեան անիւը հակառակ կողմ դարձնել: Ան աւելցուց. «Եկէք միասին մեր ձայնը բարձրացնենք եւ զօրակցինք Երեւանի եւ Հայաստանի բոլոր մարզերուն մէջ մեր ժողովուրդը դէպի յաղթանակ առաջնորդող ընդհանուր շարժումին»:

Յակոբ Հաւաթեան ըսաւ, որ Շուշին խորհրդանիշ է պայքարի, եւ անոր վերաազատագրման մասնակցութիւնը իւրաքանչիւր գիտակից եւ ազգային դաստիարակութիւն ունեցող հայու պարտականութիւնն է` շարունակելու հերոսներու ուղին: Իր խօսքի աւարտին, Հաւաթեան յոյս յայտնեց, որ լիբանանահայութիւնը այսօր եւս համայնքի յառաջիկայ մարտահրաւէրները պիտի յաղթահարէ հաւաքական կամքով:

Ապա ազգային-յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Վիգէն Տիշչէքէնեան` ընկերակցութեամբ Շանթ Տիշչէքէնեանին:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Զաւարեան Ուսանողական Եւ Լիբանանի Երիտասարդական Միութիւնները Յարգեցին 6 Մայիսի Նահատակներուն Յիշատակը

Յաջորդը

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունիի Հանդիպումը` ԼՕԽ-ականներուն Հետ

RelatedPosts

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ  Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ
Գաղութային

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Հետ Զրոյց-Հանդիպում Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

October 30, 2026
ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.