Կիրակի, ապրիլ 24-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Ժեհթաուիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ ճեմարանի ընդարձակ շրջափակը վերածուած էր բացօթեայ եկեղեցւոյ, ուր մատուցուեցաւ Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած ս. պատարագ` հայ կաթողիկէ պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.-ի կողմէ:
Պատարագի ընթացքին հոգեւոր տէրը աղօթեց անմեղ նահատակներուն հոգիներուն եւ Հայ դատի արդար հատուցման համար: Իր պատգամին մէջ ան ըսաւ, որ 1895-1897 եւ 1908-1909 թուականներու հայկական կոտորածները իրենց ողբերգական գագաթնակէտին հասան 1915 թուականին` նպատակ ունենալով ոչնչացնել ողջ ժողովուրդ մը, ինչ որ ոչ միայն անոր ֆիզիքական գոյութեան վերացումն էր եւ ի սպառ բնաջնջումը, այլ նաեւ ոճիր էր Աստուծոյ ու մարդկութեան դէմ:
Ան դիտել տուաւ, որ այս ոճիրէն 29 տարիներ անց միայն` 1944-ին, մարդկային միտքը ի զօրու եղաւ մէկ բառով կոչել այդ ահաւոր յանցագործութիւնը` «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»:
«Սակայն ո՛չ մարդկային միտքը եւ ո՛չ իսկ նորաստեղծ բառը տակաւին ոչ միայն ի զօրու չեղան արտայայտելու այդ դժոխային չարիքին տարողութիւնն ու հետեւանքը, այլ նաեւ կարող չեղան կանխարգիլելու հետագային գործուած ցեղասպանութիւնները, որովհետեւ հարկ եղած կարեւորութիւնը չտրուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան լիարժէք, իրաւացի եւ արդար դատին», դիտել տուաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.: Ան նշեց, որ մենք` իբրեւ անոնց հետեւորդները, միայն տարեկան ցոյցերով եւ ոգեկոչումներով չէ, որ պիտի ապրինք, այլ նաեւ պիտի ունենանք համընդհանուր ուղեգիծ մը, որուն ողնաշարը պիտի ըլլան միասնականութիւնը, համերաշխութիւնն ու մեր նախնիներուն հաւատքը` հայրենիքին եւ սփիւռքին մէջ իրարու շղթայուած անքակտելիօրէն: «Եթէ ունինք ընդհանուր անցեալ` յաճախ միեւնոյն ոճրագործին ձեռքով սպաննուած նախնիներ, ապա պարտինք իրարու հետ համերաշխաբար ապրիլ կերտելու համար մեր զաւակներուն լուսաւոր ապագան մայրիներուն այս սուրբգրային երկրին մէջ` Լիբանանին միշտ երախտապարտ ու հաւատարիմ մնալով», հաստատեց պատրիարքը` աւելցնելով, որ հակառակ հայը բնաջնջելու թրքական ոճիրին` այսօր ծաղկած ժողովուրդ է, որ կը գրաւէ գիտական եւ մարդասիրական բարձրագոյն ամպիոնները: «Այսօր, հակառակ իր ցաւին ու տառապանքին, կը շինէ սիրոյ, միասնութեան եւ խաղաղութեան կամուրջներ աշխարհի չորս ծագերուն: Քիչ ենք թիւով, բայց հզօր ենք կամքով ու կարողութեամբ: Սիրասո՛ւն հայորդիներ, ապրի՛ք միշտ այսօրուան նման` առոյգ, քաջ եւ միասնական: Երէկուան մեր պատուհասը թող ըլլայ մեր ներկայի եւ ապագայի անդրդուելի ուժը մեր էութեան, գոյութեան եւ ամուր ապագային: Ջարդուեցանք անցեալին, յաղթելու ենք միշտ», եզրափակեց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ.:
Պատարագի աւարտին Ս. Փրկիչ եկեղեցւոյ շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ հանդիսաւոր թափօրով ներկաները ուղղուեցան դէպի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի շրջափակ, ուր Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում եւ նահատակներուն նուիրուած աղօթք, որուն, հոգեւոր տիրոջ կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին գերապայծառ Ժոզեֆ Սփիթերի, պատրիարք Եունան եւ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան:
Հսկումի Երեկոյ` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանի
Ցեղասպանութեան Զոհերու Յուշակոթողին Շուրջ
Կազմակերպութեամբ հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան, շաբաթ, 23 ապրիլ 2022-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին տեղի ունեցաւ հսկումի երեկոյ` հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի Նահատակաց յուշակոթողին շուրջ` Ժեհթաուի:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Լիւսի Մազմանեան, որ ի մասնաւորի ըսաւ, որ 107 տարիներ շարունակ պահանջատիրական մեր աննկուն կամքով կոչ ուղղած ենք եւ կ’ուղղենք աշխարհին, որ արթննայ իր խոր քունէն եւ խափանէ բռնակալ ուժերուն անմարդկային արարքները, սակայն փաստօրէն զբաղած է իր անձնական շահերով, ծրագիրներով եւ նպատակներու իրագործումներով: Ան շեշտեց, որ 107 տարիներ ետք հայութեան համախմբումը փաստ մըն է, որ որքան ալ մեծ ըլլան համաշխարհային հարցերը, հայը կարելի չէ ընկճել, որովհետեւ ան չի յանձնուիր անարդարութեան, կանգուն կը մնայ, կը հաւատայ երկնային արդարութեան:
«Մեզմէ իւրաքանչիւրին պարտաւորութիւնն է ոչ միայն յիշել մեր անմեղ նահատակները եւ աղօթել անոնց համար, այլ նաեւ` անոնց հոգիներուն հանգիստ պարգեւելու համար ամուր պահել մեր հաւատքը, տէր մնալ մեր ինքնութեան եւ գոյատեւել` հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն…», ըսաւ ան:
Երկրորդ պատգամախօսն էր Րաֆֆի Աշգարեան, որ իր ելոյթին մէջ ընդհանուր ակնարկով մը ներկայացնելէ ետք Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ պահանջատիրական դատի դիմագրաւած արդի մարտահրաւէրները, կեդրոնացաւ հայրենի պետութեան ներքին եւ արտաքին ճակատներու վրայ դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ վարած արտաքին քաղաքականութեան, ի մասնաւորի` արցախեան հարցի լուծման, Թուրքիոյ հետ ստեղծելիք յարաբերութիւններուն եւ Ցեղասպանութեան հիմնախնդրի տեղը այդ օրակարգէն ներս: Բանախօսը անդրադարձաւ նաեւ սփիւռքի դէմ ցցուող սպառնալիքներուն եւ մարտահրաւէրներուն: Իր խօսքի աւարտին Աշգարեան կոչ ուղղեց` անշեղ մնալու պահանջատիրութեան ուղիին վրայ, պահպանելու համար մեր ազգային արժէքները եւ հաւաքական արժանապատուութիւնը, զգուշացնելով. «Առանց հայրենիքի ու ազգային դիմագիծի` անհատը կը վերածուի ժամանակի ու տարածքի պատահականութիւններու քմահաճոյքին մատնուած աւազահատիկի»:
Ձեռնարկին ընթացքին գեղարուեստական յայտագիրով ելոյթ ունեցան Հայ կաթողիկէ Ս. Խաչ-Հարպոյեան բարձրագոյն վարժարանէն Գարլա Ռուպէլեան եւ Սէրլի Թութիկեան` ասմունքով (Պարոյր Սեւակէն «Ղօղանջ եղեռնական» եւ Անդրանիկ Ծառուկեանէն «Ուխտ Արարատին»), Սեսիլիա Պագգալեան եւ Աբրահամ Իսահակեան` երգով («Տլէ եաման» եւ «Թող հնչէ շեփոր»), Քեւըն Ապտըլ Նուր օրկի վրայ ընկերակցեցաւ անոնց:
Մխիթարեան հայրերու վարժարանէն Դաւիթ Էօրտէքեան, Պրայըն Միքայէլեան, Ալեքսա Չրթիկեան, Կալի Եագուպեան եւ Հրակ Մոմճեան ասմունքեցին Մուշեղ Իշխանէն «Յիշեցէք զիս»:
Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն Մարի Էքմէքճեան` ասմունքով (Յովհաննէս Շիրազէն «Ամենայն սրտով բողոքում եմ ես»), իսկ Նանօր եւ Նայիրի Առնէլեան` նուագով (Կոմիտասէն «Գարուն ա» եւ «Քելէ, քելէ»):
Սրբոց Հռիփսիմեանց բարձրագոյն վարժարանէն Սարգիս Նաճարեան դաշնամուրի վրայ նուագեց «Կիլիկիա» եւ Արամ Խաչատրեանէն կտոր մը, որմէ ետք Նաթաշա Թոփաքեան ներկայացուց հայկական մենապար մը:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ հայ կաթողիկէ համայնքի Պէյրութի թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ Ասատուրեանի սրտի խօսքով եւ աղօթքով, ուր անդրադարձաւ տուեալ օրը առաւօտեան մարոնի պատրիարք Մար Պշարա Պութրոս Ռայիի հետ իրենց հանդիպումի ընթացքին հայ ժողովուրդին մասին մարոնի բարձրաստիճան հոգեւորականի հետեւեալ վկայութեան. «Կը հպարտանանք ձեզմով եւ կը հիանանք ձեր գործերուն վրայ: Դուք երբեք չէք մոռնար ձեր անցեալը եւ կ’ապրիք ձեր նահատակներուն հետ»: Առ այդ, Գէորգ եպս. Ասատուրեան կոչ ուղղեց` խուռներամ շարքերով մասնակցելու Հայոց ցեղասպանութեան 107-ամեակի ոգեկոչման նախաձեռնութիւններուն: