Գաղութային

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով

Հաղորդագրութիւն

Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 5:00, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցաւ ժողովրդային ազատ քուէարկութիւն` ընտրելու համար Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 աշխարհական երեսփոխաններ: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով, խանդավառ մթնոլորտի մէջ եւ ապահովական ուժերու անմիջական հսկողութեան ներքեւ: Ստորեւ կու տանք յառաջիկայ քառամեակին համար Ազգային երեսփոխան ընտրուած մեր հայրենակիցներուն անունները. Ս. Նշան...

Դպրեվանքը Մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու Եւ Դպրեվանքերու Միութեան Առցանց Ժողովին

Դպրեվանքը Մասնակցեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական Կեդրոններու Եւ Դպրեվանքերու Միութեան Առցանց Ժողովին

Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի Աստուածաբանական կեդրոններու եւ դպրեվանքներու միութեան (ՄԱԱԿԴՄ-ATIME) առցանց ժողովը, որուն ընթացքին, զանազան նիւթերու առընթեր, յատուկ քննարկումի առարկայ դարձան ստեղծագործ մօտեցումներու, բնապահպանման ծրագիրներու եւ միջեկեղեցական շարժումի համագործակցութեան մարզերու առնչուող նիւթեր: Ժողովը նաեւ անդրադարձաւ Մերձաւոր Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի աստուածաբանական նիւթերուն եւ էքիւմենիք շարժումի գործունէութեան կարեւորութեան: Արամ Ա. կաթողիկոսին օրհնութեամբ, յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, դպրեվանքին...

Տեղի Ունեցաւ Ազգային  Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը

Տեղի Ունեցաւ Ազգային Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը

Երէկ` կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցան Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդային ազատ քուէարկութեամբ, ընտրելու թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 նոր Ազգային աշխարհական երեսփոխաններ: Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ: Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն հետեւելու նպատակով, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան այցելեց...

«Ազդակ»-ի Յարկին Տակ.   «Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի  Երրորդ Փուլը Ընթացք Առաւ

«Ազդակ»-ի Յարկին Տակ. «Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Երրորդ Փուլը Ընթացք Առաւ

Նախաձեռնութեամբ «Ազդակ»-ին եւ աջակցութեամբ Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքին, ընթացք առաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու ծրագիրին երրորդ փուլը: «Ազդակ»-ի յարկին տակ, երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ «Ապագայ լրագրողներ»-ու առաջին հանդիպումը, որ ծանօթացման ընդհանուր հանդիպում մըն էր: «Ապագայ լրագրողներ»-ու երրորդ սերունդին մաս կը կազմեն Յարութ Մաւեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Հրակ Մամիկոնեան, Լոռի Յովսէփեան, Արազ Խտըրեան, Ռիթա Փափազեան, Գարին Գույումճեան, Սեւակ Զարմէնեան, Սօսէ Խաչատուրեան, Մարիա Խաչատուրեան,...

Հաղորդագրութիւն.  Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը 40-րդ Տարեշրջանը Կը Բանայ Թեքնիք Կրթութեան Ամբողջական Ծրագիրով

Հաղորդագրութիւն. Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանը 40-րդ Տարեշրջանը Կը Բանայ Թեքնիք Կրթութեան Ամբողջական Ծրագիրով

Պուրճ Համուտի մէջ հաստատուած Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը իր հիմնադրութեան 40-րդ տարին մուտք կը գործէ թեքնիք կրթութեան ամբողջական ծրագիրով եւ չորս տարբեր պետական վկայականներու համար նախատեսուած բաժիններով: Նախապէս գործող BP, BT եւ TS ծրագիրներուն կողքին, 2022-2023 տարեշրջանին առաջին անգամ ըլլալով եւ այսուհետեւ մշտապէս` Մեսրոպեան արուեստիցին մէջ պիտի գործեն նաեւ CAP եւ ԼT բաժինները: Այսպիսով, Մեսրոպեանը հայ համայնքի պարման-պարմանուհիներուն ու...

Լոյս Տեսաւ «Բարոյագիտութիւն – Փիլիսոփայական Ակնարկ» Աշխատութիւնը

Լոյս Տեսաւ «Բարոյագիտութիւն – Փիլիսոփայական Ակնարկ» Աշխատութիւնը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մայրավանքի տպարանէն լոյս տեսաւ դոկտոր Սարգիս Քէհեայեանին «Բարոյագիտութիւն - փիլիսոփայական ակնարկ» աշխատութիւնը` վերստուգուած եւ ընդարձակուած հրատարակութեամբ, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական բաժանմունքի մեկենասութեամբ: Հաստափոր հատորը (շուրջ 630 էջ) կը բաղկանայ 10 մասերէ, որոնք կ՛անդրադառնան բարոյագիտութեան պատմութեան` նախասոկրատեան շրջանէն մինչեւ Ժ. դար, մետա-բարոյագիտութեան, բարոյագիտութեան տեսութիւններու եւ քննադատութիւններու, կիրառական բարոյագիտութեան, արեւելեան կրօնափիլիսոփայութեան բարոյագիտութեան` Հնդկաստան, Չինաստան, Ճափոն, Պարսկաստան, եւ բարոյագիտութեան...

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը «Ժառանգութեան Պահպանութիւն Յանուն Կայուն Ապագայի» Միջազգային Գիտաժողովին

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը «Ժառանգութեան Պահպանութիւն Յանուն Կայուն Ապագայի» Միջազգային Գիտաժողովին

Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան 28-29 սեպտեմբեր 2022-ին, յանուն կաթողիկոսութեան, Երեւանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին նախաձեռնած երկօրեայ գիտաժողովին, ուր զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գրահրատարակչական առաքելութեան պատմական ընթացքին եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Զեկոյցը զիրար ամբողջացնող հինգ մասերէ կը բաղկանար` սկզբնաւորութիւնը, բաժանմունքները (յաջորդաբար նկարագրելով գիրին ու գիրքին...

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Լիբանանի Ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը

Վեհափառ Հայրապետը Ընդունեց Լիբանանի Ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը

Հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2022-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մարմնակազմաւորման ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը: Արժինեան` իբրեւ Լիբանանի ախոյեան, զանազան երկիրներու մէջ մասնակցած է մարմնակազմաւորման մրցանքներու եւ` յաջողութիւններ արձանագրած: Ան 26 տարի առաջ եղած է դպրեվանքի աշակերտ եւ շրջանաւարտ` Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճէն: Այժմ Խաչիկ Արժինեան կը ծառայէ լիբանանեան բանակին մէջ:

Արամ Ա. Կաթողիկոս Մօտէն Կը Հետեւի  Հալէպի Հայ Կեանքին Մէջ Համաճարակի  Ստեղծած Կացութեան

«Մեր Պատմութեան Ներկայ Ճակատագրական Փուլին` Համախմբումը Եւ Վճռական Որոշումներու Կայացումը Պէտք Է Կիզակէտը Դառնայ Մեր Աշխատանքին» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

28-31 հոկտեմբեր Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Համաշխարհային հայկական գագաթնաժողով»-ի գծով Cilicia TV-ն կաթողիկոսարանի դիւանատունէն իմացաւ, թէ շուրջ ամիս մը առաջ, Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան հեռաձայնային կապով Արամ Ա. կաթողիկոսը հրաւիրած է յիշեալ «Գագաթնաժողով»-ին մասնակցելու: Մեր ազգի եւ յատկապէս Հայաստանի ու Արցախի դիմագրաւած ներկայ տագնապալից ժամանակներուն եւ ներհայաստանեան ոչ նպաստաւոր պայմաններուն մէջ, նման նախաձեռնութեան նկատմամբ վեհափառ հայրապետը...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 16 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում: Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան...

Վեց Երիտասարդ Միաբանները Վարդապետական Գաւազան Կրելու Իշխանութիւն Ստացան

Վեց Երիտասարդ Միաբանները Վարդապետական Գաւազան Կրելու Իշխանութիւն Ստացան

Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2022-ին Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները` ձեռամբ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Վիգէն վրդ. Տալգըլճեանին: Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ Շահան սրբազանը ընծայեալներուն կատարեց հաւատքի քննութիւն: Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեան, Անդրանիկ աբղ....

Վեց Աբեղաներ Ներկայացուցին Իրենց Աւարտաճառերը

Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Արամ Ա. հայրապետին եւ ներկայութեան վանաբնակ միաբան հայրերու, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ շաբաթ, 15 հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ուխտեալ միաբանութեան վարդապետութեան աստիճանի թեկնածու վեց երիտասարդ հոգեւորականներու վարդապետական աւարտաճառի ներկայացումը` Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեանի, Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեանի, Սարգիս աբղ. Աբրահամեանի, Գէորգ աբղ. Գարակէօզեանի, Յակոբ աբղ. Եագուպեանի եւ Մանուկ աբղ. Պրիխանեանի: Աւարտաճառերը կը բովանդակէին...

Հաճնոյ Հերոսամարտի 102-Ամեակը` Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հաճնոյ Հերոսամարտի 102-Ամեակը` Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հաճնոյ հերոսամարտի 102-ամեակին առիթով կիրակի, 16 հոկտեմբերին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ: Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ քրիստոնեային կեանքը անկասկած փորձութեան եւ փոթորիկներու դաշտ մըն է, եւ այդ փոթորիկներէն յաղթական կրնան դուրս գալ միայն անոնք, որոնք իբրեւ սրբազան աւանդ` հաւատարմութեամբ կը պահեն Աւետարանի ճշմարտութիւնները եւ անոնցմով կ՛առաջնորդեն իրենց...

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու  Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցան Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի ամավերջի հանդէսը եւ վկայականաց բաշխումը: Յայտագիրի աւարտին շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Շաքէ Հացագործեան: Հանդիսութեան աւելի մանրամասն կ՛անդրադառնանք յառաջիկային:

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ.  Առաջնորդ Սրբազանի Այցելութիւն Եւ Թարգմանչաց Տօն

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Առաջնորդ Սրբազանի Այցելութիւն Եւ Թարգմանչաց Տօն

Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը վայելեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի այցելութիւնը եւ ներկայութիւնը` Թարգմանչաց տօնին նուիրուած ձեռնարկին: Սրբազան հայրը վարժարան ժամանեց ընկերակցութեամբ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի: Վարժարանի շրջափակին մէջ Շահէ արք. Փանոսեան կատարեց հացի եւ աղի օրհնութեան հայկական աւանդական արարողութիւնը: Բակը հաւաքուած աշակերտները ընդունեցին հիւրերը, որոնք առաջնորդուեցան «Սիրան Մանուկեան» սրահ, ուր գեղարուեստական յայտագիր մը...

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Նուիրուած Երգչուհի Ֆէյրուզին

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Նուիրուած Երգչուհի Ֆէյրուզին

ՆԱԹԱԼԻ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ-ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ Մշակութային մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ կիրակի, 25 սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեան ամոլին «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ, Այնճար, տեղի ունեցաւ մեծարենցեան երեկոներու 10-րդ տարուան վերջին ձեռնարկը, որ նուիրուած էր երգչուհի Ֆէյրուզին: Ան ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ արաբական աշխարհի քնքուշ եւ իւրայատուկ ձայն ունեցող իւրայատուկ արուեստագէտներէն մէկն է: Օրուան դասախօս Ուաժտի Պըրպեր որ...

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Եւ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեանց Երկրորդ Տարելիցի Ոգեկոչում

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Եւ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեանց Երկրորդ Տարելիցի Ոգեկոչում

Կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Այնճարի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ արցախեան ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի եւ 44-օրեայ պատերազմի բոլոր նահատակներուն: Անկէ ետք եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած Գէորգ Հաճեանի եւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի բոլոր նահատակներուն: Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր,...

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց  Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Վատիկանի Մէջ Լիբանանի Դեսպանը

Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2022-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան դոկտ. Ֆարիտ Խազենը: Հանդիպման ընթացքին կատարուած քննարկումներուն առանցքը հանդիսացան Լիբանանի ներկայ քաղաքական կացութիւնը եւ նախագահական յառաջիկայ ընտրութիւնը:

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի  Հանդիպումը Լիբանանի Մէջ Միացեալ  Նահանգներու Դեսպան Տորըթի Շիայի Հետ

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքի Հանդիպումը Լիբանանի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Տորըթի Շիայի Հետ

Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ: Հանդիպման ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Շիային այն աշխատանքին համար, որ ան կատարած է վասն Լիբանանին, յատկապէս ամերիկացի միջնորդ Էյմըս Հոքշթայնի հետ, ծովային սահմաններու սահմանազատման հարցին  բանակցութիւններուն առնչութեամբ, որոնք...

Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Բացուած Յայտարարուեցաւ Դպրեվանքի 2022-2023 Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանը

Սրբոց Թարգմանչաց Ոգիով Բացուած Յայտարարուեցաւ Դպրեվանքի 2022-2023 Կրթական-Ուսումնական Տարեշրջանը

Կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ին, Սրբոց Թարգմանչաց տօնին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մարդակերտման հնոց դպրեվանքը պաշտօնական հանդիսութեամբ մեկնարկեց իր 2022-2023 կրթական-ուսումնական տարեշրջանը կաթողիկոսարանի վեհարանի դահլիճին մէջ, հանդիսապետութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին: Նախագահութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոսին, Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ ս. պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց դպրեվանքի տեսուչ Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան: Հայր սուրբը իր քարոզին մէջ յիշեց,...

Page 103 of 365 1 … 102 103 104 … 365

Արխիւներ