Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վեց Երիտասարդ Միաբանները Վարդապետական Գաւազան Կրելու Իշխանութիւն Ստացան

October 18, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2022-ին Անթիլիասի մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յընթացս սուրբ եւ անմահ պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները` ձեռամբ «Կիլիկիա» թանգարանի տեսուչ Շահան արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Վիգէն վրդ. Տալգըլճեանին:

Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ Շահան սրբազանը ընծայեալներուն կատարեց հաւատքի քննութիւն: Աւետիք աբղ. Տէր Կարապետեան, Անդրանիկ աբղ. Քիւրիւմեան, Սարգիս աբղ. Աբրահամեան, Գէորգ աբղ. Գարակէօզեան եւ Մանուկ աբղ. Պրիխանեան ծնրադիր շրջապատած ձեռնադրիչ սրբազանը` նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածներն ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով հայրապետներուն: Ապա հինգը միասնաբար արտասանեցին Հաւատոյ դաւանանքը: Արդարեւ, ընծայեալները վարդապետական չորս աստիճաններու ստացումով նորոգեցին իրենց ուխտը հոգեւոր ծառայութեան եւ խոստացան ամբողջանուէր քարոզել Տիրոջ Աւետարանը` մեր ժողովուրդի փրկութեան համար:

Արարողութեան աւարտին Շահան արք. յաւուր պատշաճի քարոզեց: Ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, որ իր շնորհքը կ՛առատացնէ մեր սուրբ եկեղեցւոյ զաւակներուն վրայ, ձեռնադրութեանց շնորհաբաշխութեան ճամբով կը լուսաւորէ եկեղեցին եւ նորոգուած ուխտով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան շարքերէն ներս Աւետարանի քարոզիչներ կ՛ընտրէ, որպէսզի անոնք Տիրոջ խօսքը մեր ժողովուրդին փոխանցեն: Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ս. Աթոռիս ազգընտիր հովուապետին, որուն տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ օր մը առաջ տեղի ունեցած էր վարդապետական աւարտաճառերու պաշտպանութիւն եւ այսօր, դարաւոր մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կը կատարուի աբեղայական կուսակրօն քահանայութենէն ետք, Տիրոջ խօսքը քարոզելու համար վարդապետական չորս աստիճաններու շնորհում: Սրբազան հայրը մեկնելով Պօղոս առաքեալի խօսքէն, թէ` «Ամօթ չեմ համարեր Աստուծոյ Աւետարանը քարոզել, որ Աստուծոյ զօրութիւնն է, եւ որ կը փրկէ ամէն հաւատացող» (հմմտ. Հռ 1.1, 16), բացատրեց Աւետարանին գիրք հասկացողութենէն անդին փրկագործական նշանակութիւնը` ընդգծելով «Տիրոջ խօսքը նոյնինքն Տէր Աստուածն է, Իր Արքայութիւնը, Տէր Յիսուս Քրիստոսը` մարդկութեան Փրկիչը, Տիրոջ փառքն ու շնորհքն է, Տիրոջ լոյսն ու մեր յոյսն է»: Ան թելադրեց հոգեշնորհ վարդապետներուն վայել ձեւով ապրիլ Աւետարանի ճշմարտութիւնը եւ հաւատքով համարձակօրէն քարոզել, ուսուցանել, պայքարիլ եւ կեանքը զոհաբերել:

Ս. պատարագէն ետք Արամ Ա. կաթողիկոս վեհարանին մէջ ընդունեց Հայ եկեղեցւոյ նորընծայ վարդապետները եւ տուաւ իր հայրական ու հայրապետական օրհնութիւնը:

Յայտնենք, որ վեհափառ  հայրապետին տնօրինութեամբ, Յակոբ աբղ. Եագուպեան նոյն օրը վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացաւ իր ծառայութեան կոչուած թեմի Ս. Յակոբ առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ (Քանատա)` ձեռամբ Քանատայի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի:

Նախորդը

Վեց Աբեղաներ Ներկայացուցին Իրենց Աւարտաճառերը

Յաջորդը

Համազգայինի Գեղարուեստի Դպրոցներու Ամավերջի Հանդէս Եւ Վկայականաց Բաշխում

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.