Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբեր 2022-ին, Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան այցելեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիա, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին հետ:
Հանդիպման ընթացքին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց դեսպան Շիային այն աշխատանքին համար, որ ան կատարած է վասն Լիբանանին, յատկապէս ամերիկացի միջնորդ Էյմըս Հոքշթայնի հետ, ծովային սահմաններու սահմանազատման հարցին բանակցութիւններուն առնչութեամբ, որոնք արդէն յանգեցան եզրակացութեան եւ դրական արձագանգ պիտի ունենան ի շահ Լիբանանին:
Ամենապատիւ հոգեւոր տէրը դեսպանին ներկայացուց լիբանանցիներուն եւ հայ հասարակութեան ապրած անտանելի իրավիճակը, անոնց տնտեսական, առողջապահական ու նոյնիսկ հոգեբանական դժուարութիւնները, ինչպէս նաեւ դրամատուներուն հարցերը, որոնց առնչութեամբ դեսպան Շիան հաւաստիացուց, որ ամէն ջանք կը թափուի, որպէսզի Լիբանանը կարենայ շուտով ընթանալ վերականգնման ուղիով:
Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ Հայաստանի սահմաններուն տիրող մտահոգիչ իրավիճակին եւ քննարկեցին Հայաստանն ու սփիւռքահայութիւնը յուզող տարբեր հարցեր: Անոնք ապա «դրական» գնահատեցին Հայ կաթողիկէ պատրիարքարանի եւ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութեան միջեւ տիրող յարաբերութիւնները:
Նախքան դեսպան Շիայի հետ հանդիպումը, ամենապատիւ հոգեւոր տէրը պատրիարքարանին մէջ ընդունեց եւ Ս. Վարդանի մետալով պարգեւատրեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը:


