ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Բուռն Կերպով Դատապարտեց Քուաշրա Գիւղին Մէջ «Ազրպէյճանի Նահատակներու» Յիշատակին Յուշարձանի Կանգնեցումը
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հաղորդագրութիւն մը` բուռն կերպով դատապարտելով Աքքարի Քուաշրա գիւղին մէջ «Ազրպէյճանի Հանրապետութեան նահատակներու» յիշատակին նուիրուած յուշարձանի կանգնեցումը` նշելով, որ այդ քայլը կ՛անտեսէ ազրպէյճանական իշխանութիւններուն մասնաւորաբար Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանական տարածքին վրայ վերջին յարձակումները դատապարտող Լիբանանի պաշտօնական կեցուածքը: Մարմինը յիշեցուց, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նաեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւններէն պահանջած էր ազատ արձակել բոլոր հայ...




















