Լիբանանի Հայոց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտ. «Եկեղեցին Պէտք Է Հաւատքի Ձգտում Ունեցող Ժողովուրդ Մը Ունենայ», Հաստատեց Շահէ Արք.
Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտի առիթով, կիրակի, 9 հոկտեմբերին Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` թեմի Կիրակնօրեայ վարժարաններու մէջ ծառայած բոլոր սպասաւորներուն համար: Սրբազան հայրը իր քարոզին մէջ անդրադառնալով Թարգմանչաց տօնին, որ կը զուգադիպէր նոյն օրը, յայտնեց, որ Թարգմանչաց տօնը մեր ժողովուրդի կեանքէն ներս հոգեւոր ու մշակութային այն...




















