Նախագահութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու խնամակալութեան եւ տնօրէնութեան, կիրակի, 16 հոկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի 2021-2022 կրթական տարեշրջանի 7-րդ եւ 10-րդ դասարաններու ամավերջի հանդէս եւ վկայականաց բաշխում:
Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկան Կասիա Գրիգորեան եւ Նարեկ Քէշիշեան:
Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան իր խօսքին մէջ հաստատեց, որ Համազգայինը հայ ժողովուրդի ինքնուրոյն դիմագիծի ու ազգային պատկանելիութեան ամրապնդման ռահվիրան եղած է տասնամեակներ շարունակ սփիւռքի ամբողջ տարածքին` մնալով ազգային մշակութային ժառանգութեան պահպանման, զարգացման ու տարածման մշտարթուն պահակը, ջահակիրը` զայն ապահով կերպով փոխանցելով նոր սերունդներուն: Անդրադառնալով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին` 2022 տարին «Սփիւռքի տարի» հռչակման, Հարպոյեան նկատել տուաւ, որ այս մէկը յաւելեալ պարտաւորութիւն մըն է բոլորիս համար, միութեան ազգապահպան առաքելութեան եւ մասնաւորապէս նոր սերունդը կառչած պահելու ազգային ինքնութեան, հաղորդ դարձնելու հայ մշակոյթին, որուն ճամբով պիտի պատրաստուին ապագայ տիպար եւ յանձնառու հայ պատանին ու երիտասարդը: «Երաժշտութիւնը կ՛ազնուացնէ հոգին, անիկա ժողովուրդներու միացման օղակ մըն է, ինչպէս նաեւ` միջազգային լեզու, որ կը հնչէ տարբեր ժողովուրդներու կողմէ` բոլորին համար: Դարերու տառապանքէն յաղթական դուրս եկած մեր մշակոյթի ամէնէն մեծ գործօններէն են հայ երգն ու երաժշտութիւնը, եւ Համազգայինը մեծ դերակատարութիւն ունի զանոնք պահպանելու ու նորահաս սերունդին սեփականութիւնը դարձնելու, նաեւ անոնց մօտ հայկական երաժշտութեան սէրը արթնցնելու, անոնց իրենց հոգիին մէջ հայ արժէքները մշտակէզ պահելու», հաստատեց Մարալ Հարպոյեան` աւելցնելով, որ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները հայ պատանիին ճաշակին ու հոգիին հնոցն ըլլալով` պէտք է կռանել այս դարբնոցը, որպէսզի անոնք կարենան սլանալ դէպի նոր հորիզոններ: Շարունակելով իր խօսքը` Մ. Հարպոյեան դիտել տուաւ, որ, հակառակ Լիբանանի մէջ երեք տարիէ ի վեր շարունակուող արտակարգ պայմաններուն, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները լայնօրէն բացին իրենց դռները` վերստեղծելով մշակութային աշխուժութիւն, եւ աշխատանքը շարունակուեցաւ` յարմարելով օրուան պայմաններուն:
«Սիրելի՛ աշակերտներ, հայ արուեստին շնորհիւ պահպանեցէք հայկական մշակութային արժէքները, նոյն ատեն գծանկարին ընդմէջէն զարգացուցէք ինքնուրոյն կերպով արտայայտուելու ու ինքնավստահ դառնալու ձեր յատկութիւնները», ըսաւ ան` խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն եւ յորդորեց զանոնք` շարունակելու նոյն եռանդով, սակայն իրենք եւս իրենց կարգին ներդրում ունենալով քոլեճին մէջ:
Մարալ Հարպոյեան նաեւ յայտարարեց, որ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի եւ Երեւանի պետական գեղարուեստի ակադեմիաներու գործակցութեան պաշտօնական համաձայնագիրը կնքուած է Երեւանի Համազգայինի գրասենեակին մէջ` դիտել տալով, որ թէեւ այդ մէկը տեղի պիտի ունենար սոյն հանդէսին ընթացքին` ներկայութեան ակադեմիայի նախագահ Արամ Իսաբէկեանի, սակայն անոր անհանգստութեան պատճառով ան չէ կրցած ճամբորդել եւ ներկայ ըլլալ:
Իր խօսքի աւարտին` Մ. Հարպոյեան շնորհակալական խօսք ուղղեց ծնողներուն, ուսուցչական կազմին, գեղարուեստի դպրոցներու ղեկավարներուն, պաշտօնէութեան, խնամակալութեան, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին, Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին, նաեւ Համազգայինի գործունէութեան եւ աշխատանքին հաւատացողներուն` անոնց բարոյական ու նիւթական աջակցութեան համար, որ մեծապէս պիտի նպաստէ շարունակելու միութեան առաքելութիւնն ու երթը:
Այնուհետեւ 7-րդ դասարանէն Սէրլի Նեմշէհիրեան տուտուկի եւ Յակոբ Թերզեան տհոլի վրայ մեկնաբանեցին «Պինկէօլ»-ը, Կասիա Գրիգորեան ջութակի եւ Վերոնա Ռուսիալեան դաշնամուրի վրայ ներկայացուցին Կոմիտասի «Կաքաւիկ»-ը, Քրիստ Դարբինեան եւ Ղատի Լահամ դաշնամուրի վրայ մեկնաբանեցին Խաչատուր Աւետիսեանէն երաժշտական կտոր մը, Կասիա Գրիգորեան` ջութակի, Սեւակ Զարմէնեան` սրինգի եւ Ռատուան Պազի` դաշնամուրի վրայ մեկնաբանեցին Կոմիտասի «Քելէ-Քելէ»-ն, իսկ Րաֆֆի Չիլինկիրեան տուտուկի եւ Սերուժ Գույումճեան տհոլի վրայ ներկայացուցին «Սիրոյս կը սպասեմ»-ը:
10-րդ դասարանէն Արազ Մազաքեան ջութակի եւ Վերոնա Ռուսիալեան` դաշնամուրի վրայ մեկնաբանեցին Արամ Խաչատուրեանի «Նոքթիւրն»-ը, Սիլվիա Սէրայտարեան դաշնամուրի վրայ մեկնաբանեց Մ. Թարիվերտիեվի «Մոռցուած մեղեդի»-ն, Կլորիա Մարիա Ժալըֆեան` Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը, Նարեկ Քէշիշեան` դաշնամուրի եւ Տարօն Սուսանի` ջութակի վրայ մեկնաբանեցին Տ. Շոսթաքովիչի «Ռոմանս»-ը, իսկ Նարեկ Քէշիշեան դաշնամուրի վրայ մեկնաբանեց իր ստեղծագործութիւնը` «Արարատ լեռ»-ը:
Տհոլահարներու խումբը` բաղկացած Յակոբ Թերզեանէ, Սէրուժ Գույումճեանէ, Վարանդ Կիրակոսեանէ եւ Վիգէն Քենտիրճեանէ, ելոյթ ունեցան վրացական եղանակով:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ սոփրանօ Շողիկ Թորոսեան, որ մեկնաբանեց Բարսեղ Կանաչեանի «Ալ վարդի երազ»-ը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Յասմիկ Գասպարեանի, եւ Գեղունի Չթչեանի «Երգ յիշատակի»-ն` նուագակցութեամբ Հենրի Իշխանեանի:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին բեմ հրաւիրուեցաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որպէսզի Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրէ նուիրեալ մշակ, մշակութասէր եւ ծառայասէր Շաքէ Հացագործեանը: Զաքար Քէշիշեան իր սրտի խօսքին մէջ դիտել տուաւ, որ Համազգայինի 95-ամեակի նախասեմին ենք: Ասկէ 94 տարիներ առաջ, Հայոց ցեղասպանութենէն 13 տարիներ ետք, մեր առաջին հանրապետութեան լուսաւոր հայրերը հիմը դրին Համազգայինին, որպէսզի սփիւռքի մէջ մենք ունենանք մեր հոգեւոր սնունդն ու հայրենիքը, որպէսզի նորահաս սերունդները առնչուին իրենց ազգային մշակութային արուեստին` ի պաշտպանութիւն Հայ դատին: Ան յայտնեց, որ երկար տարիներ գեղարուեստագէտներ ապահովեցին գեղարուեստի մարզը, իսկ կամաւոր բանակ մը ապահովեց կազմակերպական յենարանը` նկատել տալով, որ այս մարդիկը տուներ ունէին, սակայն իրենց համար մեր ակումբները, մեր մշակութային տուները եղան երկրորդ տուներ, ուր անխոնջ կերպով ծառայեցին եւ նուիրեալ աշխատանքով հունաւորեցին մեր կեանքը: Քէշիշեան ըսաւ, որ ընդառաջելով Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան բաղձանքին, պատիւը ունի Համազգայինի շքանշանով պարգեւատրելու երախտարժան հայուհի մը` Շաքէ Հացագործեանը: Անդրադառնալով պարգեւատրեալին գործունէութեան` ան ըսաւ, որ հացագործեան երկար տարիներ նուիրեալ կերպով վարած է վարչական զանազան աշխատանքներ, ինչպէս նաեւ եղած է Համազգայինի ուսուցչուհի: Քէշիշեան նաեւ անձնական վկայութիւն ալ տուաւ Հացագործեանի մասին, թէ զինք առաջին անգամ տեսած է Համազգայինի «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղի սենեակին մէջ, երբ իր մայրը զինք առաջնորդած է Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճ, որ տակաւին կը գտնուէր նախկին Ազգային Նուպարեան վարժարանին մէջ: Աւելի ուշ, երբ «Սիմոն Վրացեան» մասնաճիւղը կը կազմակերպէր թատերական քննարկումներ, հոն տեսած է զինք: Համազգայինի կազմակերպած շարադրական մրցանքին եւս զինք տեսած է պարտականութեան վրայ: Աւելի ուշ, «Գոհար» ազգագրական համոյթի կազմակերպական աշխատանքներուն մէջ առաւելագոյնս ներկայ գտնուած է: «Հետեւաբար այսօր ինծի համար կրկնակի պատիւ եւ ուրախութիւն է զինք պարգեւատրել Համազգայինի շքանշանով: Համազգայինը ունի մէկ շքանշան, որ չի տրուիր յետ մահու: Այս պատճառով կ՛ուզեմ յիշատակել բոլոր անոնք, որոնք իրեն հետ այդ օրերուն ոգի ի բռին կ՛աշխատէին, որպէսզի մենք մնանք հայ, որպէսզի մեր մշակոյթը գոյատեւէ եւ հասնի այս օրերուն ու աւելի պայծառ օրերու», եզրափակեց Զաքար Քէշիշեան եւ Շաքէ Հացագործեանին յանձնեց Համազգայինի շքանշանը:
Աւարտին, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեան, Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու կրթական տնօրէն Գէորգ Քէշիշեան եւ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներու վարչական տնօրէն Մարալ Հարպոյեան յանձնեցին վկայականները: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 7-րդ դասարանի հունձքէն, որ կոչուեցաւ «Աշոտ Ճենտերէճեան» սերունդ, վկայական ստացան Կասիա Գրիգորեան, Ղատի Լահհամ, Քրիստ Դարբինեան, Սեւակ Զարմէնեան, Ռատուան Պազի, Րաֆֆի Չիլինկիրեան, Սէրլի Նեմշէհիրեան: Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 10-րդ դասարանի հունձքէն, որ կոչուեցաւ «Ստեփան Էմմիեան» սերունդ, վկայական ստացան Կլորիա-Մարիա Ժալըֆեան, Նարեկ Քէշիշեան, Տարօն Սուսանի, Սիլվիա Սէրայտարեան, Արազ Մազաքեան, Ռիթա Սալլում, Ռիքարտօ Սալլում, տհոլահարներ` Յակոբ Թերզեան, Վիգէն Քէնտիրճեան, Վարանդ Կիրակոսեան, Սէրուժ Գույումճեան, իսկ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի դպրոցի հունձքէն, որ կոչուեցաւ «Կիւլէն Տէր Պօղոսեան» սերունդ` վկայական ստացան Օսան Ղազարեան, Շարպէլ Ժան Քասսուֆ:
Հանդէսի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդ սրբազան հայրը: Ան սրտանց շնորհաւորեց վկայականի արժանացող բոլոր այն աշակերտ-աշակերտուհիները, որոնք իրենց դաստիարակներուն հոգածութեամբ եւ ծնողքին խնամքով անցնող ժամանակաշրջանին Համազգայինի արուեստի դպրոցներէն անցնելով տիրացան իրենց արժանաւոր վաստակին: «Այսօր երեկոյեան անկասկած բոլորս ալ ուրախութեամբ կրնանք հաստատել, որ հակառակ մեզ շրջապատող կեանքի դժուար պայմաններուն, լիբանանահայ մեր կեանքի ընթացքը ո՛չ միայն չէ մղուած դէպի անկում եւ քայքայում, այլեւ կ՛առաջնորդուի դէպի նորանոր բարձունքներ: Անցնող ժամանակաշրջանի դժուարին կեանքի պայմաններուն մէջ Համազգայինը` հաւատարիմ իր ուխտին, մեծ վաստակ շարունակեց զետեղել մեր համայնական կեանքին մէջ, որպէսզի ազգային մշակոյթով եւ արուեստով համեմուի ու զօրանայ մեր համայնական կեանքը», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցները կը գործեն հայրենիքէն հեռու օտար պայմաններու մէջ, սակայն օտարութենէն մեր հայեացքը ուղղելու համար դէպի հայկականը, դէպի այն, ինչ որ ընտիր է եւ հարազատ մեր ժողովուրդին համար, դէպի մեր ազգային հոգին եւ մեր ժողովուրդին տենչերն ու երազները: Սրբազան հայրը վստահեցուց, որ համաշխարհային միջազգային բարքերու եւ սովորութիւններու խառնարանին մէջ այս օրերուն համազգային ճիգ անհրաժեշտ է, որպէսզի մասնաւորաբար մեր դերատի սերունդին ուշադրութիւնը կարենանք ուղղել դէպի ազգային արուեստ, մշակոյթ եւ ժառանգութիւններ: Առաջնորդ սրբազանը բարձրօրէն գնահատեց բոլոր անոնք, որոնք Համազգայինի կողքին կանգնելով առիթ կ՛ընծայեն, որ Համազգայինն ալ, համաձայն իր կոչումին, իր առաքելութիւնը արդիւնաւոր կերպով շարունակէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ: Սրբազան հայրը աղօթեց եւ սրտանց մաղթեց, որ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն մէջ սերմանուածը առաւել եւս աճի, արդիւնքի վերածուի մեր համայնական կեանքին մէջ, որպէսզի անով զօրացած մեր ժողովուրդն ալ իր գոյութեան երթը շարունակէ համաձայն մեր պատմութեան աւանդին եւ մեր ազգի ակնկալութիւններուն:
Աւարտին, Աշոտ Ճենտերէճեանի, Ստեփան Էմմիեանի, Կիւլէն Տէր Պօղոսեանի, որոնց անուններով կոչուեցան «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտական քոլեճի 7-րդ, 10-րդ եւ «Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիայի վկայեալ հունձքերը, ընտանիքի անդամներէն Արմէն Ճենտերէճեան, Վահրամ Էմմիեան եւ Շահէ Տէր Պօղոսեան բեմ հրաւիրուեցան եւ պատուուեցան ծաղկեփունջերով: