Հինգշաբթի, 13 հոկտեմբեր 2022-ին Արամ Ա. կաթողիկոսին այցելեց Լիբանանի մարմնակազմաւորման ախոյեան Խաչիկ Արժինեանը:
Արժինեան` իբրեւ Լիբանանի ախոյեան, զանազան երկիրներու մէջ մասնակցած է մարմնակազմաւորման մրցանքներու եւ` յաջողութիւններ արձանագրած: Ան 26 տարի առաջ եղած է դպրեվանքի աշակերտ եւ շրջանաւարտ` Սուրէն Խանամիրեան ազգային քոլեճէն: Այժմ Խաչիկ Արժինեան կը ծառայէ լիբանանեան բանակին մէջ:


