Օրհնութեամբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Շահան արք. Սարգիսեան 28-29 սեպտեմբեր 2022-ին, յանուն կաթողիկոսութեան, Երեւանի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային գրադարանին նախաձեռնած երկօրեայ գիտաժողովին, ուր զեկուցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գրահրատարակչական առաքելութեան պատմական ընթացքին եւ ներկայ իրավիճակին մասին: Զեկոյցը զիրար ամբողջացնող հինգ մասերէ կը բաղկանար` սկզբնաւորութիւնը, բաժանմունքները (յաջորդաբար նկարագրելով գիրին ու գիրքին աղերսուած մշակութային գլխաւոր հաստատութիւնները), արդիւնքները, հրատարակչական հիմնադրամները եւ կատարելիքները: Սրբազան հայրը յիշեցուց, որ թեմերը եւս իրենց հրատարակչական աշխատանքները կ՛իրականացնեն կաթողիկոսարանի առաքելութեան նո՛յն ոգիով: Զեկոյցը եզրափակելով` ան հարց տուաւ. «Ներկայ գիտաժողովի արդիւնքներով պիտի հասնի՞նք ընդհանուր պատկերացումով համապարփակ ծրագիրի մը, որով թէ՛ պահպանութիւնը մեր հոգեւոր-մշակութային հարստութեանց եւ թէ՛ անոնց տարածումը (բոլորին դիւրութեամբ հասանելի ընելը) իրականութեան վերածուի» եւ փակեց` «յոյսով կը շարունակենք հաւատալ»:
Յիշեցնենք, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա» մատենադարանին եւ Հայաստանի Ազգային գրադարանին միջեւ Փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիրի կնքումէն ետք (2021) աշխուժ յարաբերութիւններ կը շարունակուին, եւ Ազգային գրադարանը կը համալրուի կաթողիկոսարանի տպագրած գիրքերով:
Սոյն գիտաժողովին մասնակցող ռուսախօս ներկայացուցիչներուն տրամադրուեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսին հեղինակած «Հայ եկեղեցին» անգլերէն գիրքին ռուսերէն թարգմանութիւնը:


