Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմի Եւ Գէորգ Հաճեանի Նահատակութեանց Երկրորդ Տարելիցի Ոգեկոչում

Հոկտեմբեր 14, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կիրակի, 9 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 10:30-ին Այնճարի Ս.Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` ի յիշատակ արցախեան ազատամարտիկ Գէորգ Հաճեանի եւ 44-օրեայ պատերազմի բոլոր նահատակներուն:

Անկէ ետք եկեղեցւոյ «Գ. Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին, տեղի ունեցաւ յիշատակի ձեռնարկ մը` նուիրուած Գէորգ Հաճեանի եւ արցախեան 44-օրեայ պատերազմի բոլոր նահատակներուն: Ներկայ էին հոգեւոր հայրեր, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներ,Գէորգ Հաճեանի հարազատներն ու հայրենակիցներ:

Բացման խօսքը արտասանեց ՀՅԴ-ԼԵՄ-ի «Շ. Միսաքեան» մասնաճիւղի վարչութեան անդամ Ալեքս Ատաճեան, որ նախ ներկաներէն խնդրեց մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգել նահատակ Գէորգ Հաճեանի եւ արցախեան բոլոր նահատակներուն յիշատակը: Ապա ըսաւ. «Երկու տարի առաջ հայ ժողովուրդը ստացաւ մեծ եւ վտանգաւոր հարուած մը, որուն պատրաստ չէր, եւ այդ պատճառով ալ մինչեւ օրս ընդհանուր յուսահատութիւն մը կը տիրէ հայութեան մէջ, յատկապէս` Հայաստանի իշխանութեանց պատճառով, որոնք չկրցան պատերազմը կառավարել եւ պատճառ դարձան մեծ կորուստներու` իրենց որդեգրած եւ վարած անպատասխանատու, անհոգ եւ զիջողական քաղաքականութեամբ, որ մինչեւ օրս կը սպառնայ ոչ միայն Արցախին, այլ նաեւ` Հայաստանին»:

Ա. Ատաճեան շեշտեց, որ այս տխուր իրավիճակին մէջ, սակայն, կան ու կ՛ապրին մեր հերոս տղաքը, մեզի յոյս կը ներշնչեն մեր նահատակները, որոնք քաջաբար դիմադրեցին եւ հերոսաբար ինկան հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ նպատակին համար: Անոնց ոգին է, որ մեզ համախմբած է այսօր անգամ մը եւս զիրենք յիշելու, յարգելու եւ ուխտելու, որ մենք հաւատարիմ պիտի մնանք իրենց կտակին:  Պայքարը պիտի շարունակուի մեր գիւղի հարազատ զաւակ Գէորգ Հաճեանի «յարատեւ կռիւ»-ի սկզբունքով, եզրափակեց ան:

Ապա «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի դաստիարակչական եւ համացանցի յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած  տեսերիզով ցուցադրուեցաւ նահատակ ընկերոջ կենսագրականը:

Զաքար Քէշիշեան
Եսայի Հաւաթեան
Ալեքս Ատաճեան

Օրուան բանախօսը` Զաքար Քէշիշեան, իր պատգամը սկսաւ Խաչիկ Մանուկեանի տողերով.
«Բարձունքը մերն է, տղերքը չկան,                                                                          
Տղերքն աւելի բարձրում մնացին:                                                                       
Դիպան աստղերին` աստղերը հանգան                                                                       
ու լեղի քսուեց մեր ցամաք հացին»:

Ոգեկոչելով արցախեան 44-օրեայ պատերազմի նահատակները` բանախօսը տեղեկացուց, որ Գէորգ Հաճեանի կնոջ եւ որդւոյն կողմէ ստեղծուած է «Գէորգ Հաճեան» կրթական ֆոնտը, որմէ կրնան օգտուիլ Երեւանի պետական երաժշտանոցի ուսանողներ, ինչպէս նաեւ` Այնճարէն աշակերտներ:

Նկատի ունենալով, որ Զաքար Քէշիշեան նոր վերադարձած էր Արցախէն, տուաւ իր ականատեսի վկայութիւնը` նշելով, որ իր հողին կառչելու յատկութեամբ բնորոշուող արցախցիներուն մեծամասնութիւնը վերադարձած է Արցախ, ճիշդ է, որ կեանքը կ՛եռայ Ստեփանակերտի մէջ, սակայն իւրաքանչիւր արցախցիի մէջ տակաւին նկատելի է 44-օրեայ դաժան պատերազմին ձգած հոգեխոցը, հակառակ անոր որ կը փորձեն տոկուն երեւիլ եւ գոյատեւել: Ան դիտել տուաւ, որ այս պատերազմը նախորդ արցախեան պատերազմէն կը տարբերի անով, որ նախորդին արցախցին յաղթանակած էր, թէեւ տուած էր զոհեր, ունեցած էր կորուստներ, սակայն խրոխտ էին, զուարթ էին, ժիր էին, որովհետեւ գիտէին, որ իրենց թափած արիւնը չէ վատնուած, խաղաղութեամբ եւ արժանապատիւ կեանքով արդիւնաւորուած էր պատերազմը: Բանախօսը դիտել տուաւ, որ այժմ արցախցիները ունին լքուածի հոգեբանութիւն, որովհետեւ հայաստանցիներն ու սփիւռքահայերը նախորդին պէս չեն այցելեր Արցախ, արցախցիները կը պայքարին, հողը կը պահեն բոլորին փոխարէն, հողին կառչած կը մնան առանձինն: «Այսօր մենք` իբրեւ Հայաստանի պետութիւն, Հայաստանի ժողովուրդ, իրաւունք չունինք լքելու զիրենք, չեմ կրնար սփիւռքի մասին նոյնը ըսել, որովհետեւ չեմ հաւատար, որ սփիւռքը լքած է զիրենք», հաստատեց Զ. Քէշիշեան:

«Այս անգամ շատ դժուար եղաւ բաժնուիլ Արցախէն, որովհետեւ հոն ապրող մեր հայրենակիցները տխուր, վտանգաւոր եւ անորոշ կացութեան մէջ են: Միշտ կը մտածեն` արդեօք ի՞նչ կարգավիճակ կը սպասէ անոնց: Արցախցիները որքան ալ փորձեն տոկուն երեւիլ, ժպտիլ, ապրիլ, սակայն անոնց աչքերուն խորը երբ նայիս, կը տեսնես իրենց մէջ ցաւը, տխուր յիշողութիւնները, լքուած հոգեբանութիւնը, որ վերջին պատերազմին հետեւանքն է: Հակառակ այս բոլորին, անոնք ունին նաեւ պապենական ժառանգաբար տոկունութիւն, իրենց հողին կառչած մնալու ոգին: Զանգուածային արտագաղթ չկայ: Այսօր առաւել քան երբեւէ անհրաժեշտ է, որ արցախցին իր հողին վրայ զգայ սփիւռքի եւ հայրենիքի ներկայութիւնը»:

Բանախօսը շեշտեց, որ ներկայիս տիրող կացութեան մէջ Արցախը կորսնցնելը չէ հարցը, այլ պատերազմը ցոյց տուաւ, որ մեր հաւաքական ուշիմութեան քանորդը (այ.քիու.) եւ հայրենասիրութեան ոգին շատ ցած մակարդակի վրայ են, այլապէս մենք ուրիշ պայմաններու մէջ կ՛ըլլանք այսօր, այլ կերպ իշխանութիւն ձեւաւորած կ՛ըլլային եւ այլ ձեւով պատրաստուած կ՛ըլլայինք դժուարագոյն այս օրերուն համար: «Մենք տուինք նահատակներ կրկին, սակայն տակաւին խելքի եկած չենք, կարծես թէ գալիք ալ չենք, թուրքը համաթուրանական ծրագիրը յառաջ կը մղէ կրկին, հարցը միայն Արցախը չէ, որովհետեւ ազերի եւ թուրք նորածիններն իսկ փոքր տարիքէն կը սնուցանուին համաթուրանական երազով, հայատեաց կը կրթուին եւ կը մեծնան, ուստի մենք ոչ մէկ ձեւով ապահով երաշխիքներ կրնանք գտնել մեր դրացիներուն հետ: Այդ բոլորին համար մենք պէտք է հաւաքենք մեր զգօնութիւնը, մեր խելքը, ազգային առողջ ուժերու շուրջ համախմբուելու պատրաստակամութիւնը: Իսկապէս որ կայ ելք, որովհետեւ  եթէ մեր պատմութիւնը թերթատենք, պիտի տեսնենք, որ միշտ եղած ենք նման կացութիւններու դէմ յանդիման, բայց մեր մէջ թաքնուած եւ մեր մէջէն ելլող ուժեր միշտ ալ  համախմբած են, մեզ զգօն դարձուցած են, եւ մենք կրցած ենք դիմակայել իւրաքանչիւր ճգնաժամ», հաստատեց Քէշիշեան` աւելցնելով, որ այսօր մեր նորագոյն պատմութեան ամէնէն դժնդակ, ամէնէն ճակատագրական ու օրհասական փուլերէն մէկը կ՛ապրինք:

Ապա ան անդրադարձաւ երկու տարի առաջ իր կեանքը հայրենիքին նուիրած նահատակ Գէորգ Հաճեանին եւ ըսաւ, որ Այնճարի մէջ մեծցած, կրթուած,  հայրենասիրական արժէքներով դաստիարակուած, բարձրագոյն ուսման հետեւած եւ իր անունն ու մականունը կերտած մուսալեռցի հայորդի մըն էր ան, որ մշակութային առանձին արժէք էր, սակայն երբ գերագոյն զոհողութեան պահը հնչեց, չմնաց լոկ երգի սահմաններուն մէջ, այլ իր երգած երգերու ոգին իր արեամբ նուիրագործեց:  Զաքար Քէշիշեան դիտել տուաւ, որ յաճախ Արցախի մէջ կը հանդիպէր Գէորգ Հաճեանին, որ զինուորներուն եւ կամաւորներուն համար համերգ տալու մնայուն առաքելութիւն ստանձնած էր կամովին, որպէսզի ոգեւորուին անոնք, կորով ստանան, նոյնիսկ անոնց հետ ճակատ ալ կը մեկնէր:

Զաքար Քէշիշեան վկայեց, որ Գէորգ Հաճեան ունեցաւ իր երաժշտական կենսագրութիւնը, իր խտասալիկները, ձայնագրութիւնները, որոնք ձեւով մը շրջուն յուշարձաններ են մեր տուներուն մէջ, եւ որոնք մեզ պիտի մղեն չմոռնալու զինք, իր թափած արիւնը: «Պիտի չթողունք, որ Գէորգին եւ իր ընկերներուն արիւնը վատնուի այնպէս, ինչպէս Ցեղասպանութենէն ետք մենք Սասունը, Մուշը, Մուսա Լեռը, չյանձնեցինք մեր հոգիին ու մտքին մէջ, այնպէս ալ չենք յանձնած Շուշին, Հադրութը, Բերձորը: Կը հաւատամ, որ մենք պիտի վերադառնանք եւ տիրանանք մեր տուն հայրենիին», ըսաւ բանախօսը: Ան ըսաւ, որ Գէորգ Հաճեանի նահատակութեամբ շատ բան կորսնցուցինք, սակայն անոր ոգին վառ ու ոգեշնչող պիտի մնայ յատկապէս նոր սերունդին համար, որպէսզի կարողանանք պայքարը թէժ պահել, ամրապնդենք մեր ազգային առողջ ուժերու շուրջ համախմբուելու պատրաստակամութիւնն ու վճռակամութիւնը եւ պայքարինք մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

Այնուհետեւ ներկաները դիտեցին Գէորգ Հաճեանի «Յարատեւ կռիւ» երգին տեսահոլովակը:

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէի խօսքը արտասանեց Եսայի Հաւաթեան, որ դիտել տուաւ, թէ մեր ազգը շատ փորձանքներէ անցած է, ունեցած ենք փայլուն յաղթանակներ, բայց նաեւ դէմ յանդիման կանգնած ենք մեծ դժուարութիւններու, տուած ենք մեծ կորուստներ, ունեցած ենք պարտութիւններ, նահատակներ, որոնք շատ ծանր ազդած են մեր վրայ,եւ ընդհանուր յուսալքութիւն մը տիրած է մեր ազգին մէջ:

Իր խօսքը շարունակելով` ան ըսաւ. «Ցաւալի է վկայել, որ միշտ մեծ կորուստներու ընթացքին ազգին մէջ հայեր եղած են ոչ ազգային, ծախուած, օտարին ծառայող, դաւաճանական հոգեբանութեամբ գործող մարդիկ», եւ հաստատեց. «Այս բոլորը տխուր կրնայ ըլլալ, սակայն հակառակ ամէն ձեւի բռնութիւններուն` հայը մնաց, Հայաստանն ալ մնաց. այդ կը նշանակէ, որ հայ ազգը յամառ է, եւ այդ յամառութիւնը այս ազգը պահած է 4500 տարիներէ ի վեր»:

Իր խօսքը աւարտելով` Հաւաթեան ըսաւ. «Հայրենիքը ամէն բանէ վեր է, մենք պարտաւոր ենք անմիջական շօշափելի օգնութիւն ցուցաբերել հայ ժողովուրդին, մեր Արցախին, մեր Հայաստանին եւ մեր զինուորին», եւ եզրափակեց Եղիշէ Չարենցի պատգամով. «Ո՛վ հայ ժողովուրդ , քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժին մէջ է»:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանի «Պահպանիչ»-ով:

Նախորդը

Արդիականութեան Եւ Աւանդութեան Միջեւ

Յաջորդը

Հայաստանն Ու Հայութիւնը Շաղիկի Կեանքի Իմաստն Էին, Որոնց Դատին Երդուել Էր Ծառայել

RelatedPosts

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը
Գաղութային

Վեհափառ Հայրապետին Այցելեց Քրիստոնէական Զօրակցութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Նախագահը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»
Գաղութային

Արամ Ա. «Անթիլիասը Կարիք Չունի Երեւանէն Եկող Թելադրութիւններուն Կամ Ուղղութիւններուն»

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում
Գաղութային

«Արամ Ա. Կաթողիկոս Հայագիտական Հիմնարկ»-ի 2025-2026 Ուսումնակրթական Տարեշրջանի Պաշտօնական Բացում

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?