ՆԱԹԱԼԻ ՏԷՐ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ-ՔԵՆՏԻՐՃԵԱՆ
Մշակութային մտերմիկ մթնոլորտի մը մէջ կիրակի, 25 սեպտեմբեր 2022-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեան ամոլին «Հիւղը» բնակարանի բակին մէջ, Այնճար, տեղի ունեցաւ մեծարենցեան երեկոներու 10-րդ տարուան վերջին ձեռնարկը, որ նուիրուած էր երգչուհի Ֆէյրուզին: Ան ոչ միայն Լիբանանի, այլ ամբողջ արաբական աշխարհի քնքուշ եւ իւրայատուկ ձայն ունեցող իւրայատուկ արուեստագէտներէն մէկն է:
Օրուան դասախօս Ուաժտի Պըրպեր որ մեծարենցեան երեկոներուն մէկէ աւելի ձեռնարկներու հանդէս եկած էր, տարիներ նուիրուած է` ուսումնասիրելու Ֆէյրուզի կեանքն ու երաժշտական ելոյթները:
Ուաժտի Պըրպեր մանրամասն ու հաղորդական ոճով ներկայացուց Ֆէյրուզի արուեստը` սկսելով Ժըպրանի «Աաթինի ալ նայ ու ղաննի» («Տուր ինծի սրինգը ու երգէ») բանաստեղծութեամբ, որ կ՛ամփոփէր Նուհատ Հատտատի` Ֆէյրուզի ներքին աշխարհը:
Երգչուհի Ֆէյրուզ կը պատկանի կեանքի ամէն տեսակ դժուարութիւններու դէմ պայքարող կիներու դասակարգին` թէ՛ իր ընտանեկան կեանքի դժուարութիւններու պարագային, թէ իր նուիրումին, հասնելու համար արուեստի բարձր գագաթներու:
Սայիտ Աքըլ կ՛ըսէր, որ Ֆէյրուզ իր երգերով մեզ կը տանի մեր հոգեկան աշխարհի բացայայտումներուն: Իսկ օր մը Ֆէյրուզ հարցազրոյցի մը ընթացքին արտայայտելով իր սէրը իր հայրենիք Լիբանանին նկատմամբ` կ՛ըսէ. «Ես հպարտ եմ այս հողին զաւակը ըլլալուս»:
Դասախօսը ակնարկելով Ֆէյրուզի պատանեկութեան ունեցած ընտանեկան դժուարութիւններուն` պատմեց, որ Նուհատ Հատատը 14 տարեկանին գաղտագողի սիրուն երգերը մտիկ կ՛ընէր դրացիին ունեցած ձայնասփիւռէն, որովհետեւ ընտանիքը անկարող էր հատ մը գնելու: Բայց հետագային նոյն Նուհատը, այս անգամ դառնալով Ֆէյրուզ, իր երգերով փայլքը կը դառնայ արաբական եւ այլ միջազգային բեմերուն` Պէյրութ,Դամասկոս, Գահիրէ, Պաղտատ, Փարիզ, Լոնտոն, Նիւ Եորք, Պրազիլ, Արժանթին եւ ուրիշ տեղեր:
Մենք գիտենք, որ երգի մը յաջողութիւնը երեք հիմնական տուեալներէ կախում ունի` բառերու ընտրութիւն, երաժշտութեան յօրինում եւ երգիչին մեկնաբանութիւն: Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան, Սայիտ Աքըլ, Նիզար Քապպանի` բանաստեղծներն էին, Ռահպանի եղբայրներ, Զաքի Նասիֆ` երգահաններ, իսկ Ֆէյրուզը` երգչուհին: Այս երեքին միացումով երգը կը հասնի ունկնդրողին հոգիին խորքը: Հետաքրքրական է նշել, որ Ֆէյրուզի ձայնը կը յարմարէր երաժշտական բոլոր ելեւէջներուն:
Ուաժտի Պըրպեր նաեւ տուաւ Ֆէյրուզի ընտանիքին մասին որոշ տեղեկութիւններ: Հայրը` Ուատիհ Հատտատը, Հալէպէն եկած էր Պէյրութ եւ ծանօթացած էր Ֆէյրուզի մօր` Լիզա Պուսթանիին, Տըպպայէ գիւղէն: Անոնք կ՛ամուսնանան եւ կը բնակին Զոքաք Էլ Պլաթ: Բաւական դժուարին կեանքով կ՛ապրին, մինչեւ որ Մոհամետ Ֆլէյֆիլ կը յայտնագործէ ամչկոտ աղջկան ձայնին գեղեցկութիւնը, մինչ այդ երգչախումբ կ՛այցելէ ձայնասփիւռի կայանի պատասխանատուներէն Հալիմ Ալ Ռումին, որ կը ծանօթանայ Նուհատին ու կը սկսի անոր ձայնամարզութեան դասեր տալ: 1950-ին Նուհատ Հատտատ կը դառնայ Ֆէյրուզ: Ան կ՛աշխատի պետական ձայնասփիւռին կայանին մէջ` իբրեւ երգչուհի, ամսական 100 ոսկիով: 1955-ին Ֆէյրուզ կ՛ամուսնանայ Ասի Ռահպանիին հետ: Այդ թուականէն սկսեալ մաս կը կազմէ ժապաւէններու, երաժշտական թատերախաղերու, հեռատեսիլի յայտագիրներու ու կը դառնայ հանրածանօթ երգչուհի:
Այս շրջանին ան կ՛ունենայ իր առաջին զաւակը` Զիատը եւ ընտանեկան պարտականութիւնները կը սկսին խլել իր ամբողջ ժամանակը, բայց ան կը յաջողի ձեւով մը աշխատանքի հաւասարակշռութիւնը պահել արուեստի ու ընտանեկան պարտաւորութիւններուն միջեւ:
1958-ին Ֆէյրուզ կ՛ունենայ երկրորդ զաւակը` Հալի: Ֆէյրուզին աշխատանքը հետզհետէ կը սկսի ծանրանալ, մէկ կողմէ զաւակներուն հոգատարութիւնը, միւս կողմէ` արուեստի աշխատանքը: 1960-ին Ֆէյրուզ լոյս աշխարհ կը բերէ երրորդ զաւակը` Լայալ, իսկ 1965-ին չորրորդը` Ռիմա:
Ֆէյրուզին ընտանիքի անդամներուն բազմանալը , երգահանդէսներուն յաճախակիութիւնը զինք այս անգամ ուժագամ կ՛ընեն, եւ ան կը ստիպուի հիւանդանոց մտնել. նոյն շրջանին ամուսնոյն` Ասիին կաթուածահար ըլլալը, այս բոլոր դժուարութիւնները միասին զինք աւելի կը տկարացնեն: 1975-ին` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը, Ֆէյրուզի եւ Ասիի ամուսնական դժուարութիւնները կը սկսին, անոնք չեն ամուսնալուծուիր, սակայն նոյն յարկին տակ չեն ապրիր, բայց եւ այնպէս անոնք կը յաջողին երաժշտական գետնի վրայ իրենց յարաբերութիւնը անխափան պահել: 1986-ին Ասին կը մահանայ` Ֆէյրուզին նոր ցաւ պատճառելով: 1988-ին Լայալը 29 տարեկան հասակին կը մահանայ, բայց Ֆէյրուզ անկոտրում կամքով կը շարունակէ հանրութիւնը գրաւել ու ոգեշնչել իր գեղեցիկ ձայնով` ներքին ընտանեկան դժբախտութիւնները իր սրտին ու հոգիին մէջ պահելով:
Յատկանշական էր, որ ամբողջ դասախօսութեան ընթացքին ներկաները առիթ ունեցան ունկնդրելու Ֆէյրուզի ձայնն ու երգերը` տարբեր ժամանակաշրջաններուն: Ուաժտի Պըրպեր ըսաւ, որ Ֆէյրուզի ձայնը իւրայատուկ է եւ պիտի մնայ իւրայատուկ` դիւթելով ունկնդիրներուն հոգիները արաբական աշխարհին մէջ եւ այլուր:
Ձեռնարկի աւարտին օրուան հանդիսավարը` Նաթալի Տէր Ստեփանեան-Քենտիրճեան, շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան դասախօսին` Ուաժտի Պըրպերին, որ այնքան մանրամասնութեամբ եւ մատչելի ձեւով ներկայացուց Ֆէյրուզի կեանքն ու անոր երգարուեստի գեղեցկութիւնը: Նոյն ատեն ան շնորհակալութիւն յայտնեց տէր եւ տիկին Զաւէն եւ Մարիա Ղարիպեաններուն, որոնք բծախնդրօրէն եւ խանդավառութեամբ կը կազմակերպեն մշակութային ձեռնարկները:
Մեծարենցեան երեկոներու 10-րդ տարուան վերջին ձեռնարկին տեղի ունեցաւ 10-ամեակին նուիրուած կարկանդակի հատում:
Ներկաները գոհունակութեամբ ու շնորհակալութիւն յայտնելով ձեռնարկը կազմակերպողներուն` մեկնեցան «Հիւղը» բնակարանէն: