Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեղի Ունեցաւ Ազգային Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը

October 24, 2022
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ` կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն սկսեալ, Լիբանանի հայոց թեմի 15 եկեղեցիներու շրջափակերուն մէջ տեղի ունեցան Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւնները ժողովրդային ազատ քուէարկութեամբ, ընտրելու թեմի Ազգային երեսփոխանական ժողովին համար 36 նոր Ազգային աշխարհական երեսփոխաններ:

Ընտրութիւնները տեղի ունեցան հեզասահ ընթացքով եւ խանդավառ մթնոլորտի մէջ:

Ընտրական աշխատանքներու ընդհանուր ընթացքին եւ մթնոլորտին մօտէն հետեւելու նպատակով, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետ Պարոյր Տէր Ղուկասեան այցելեց թեմի եկեղեցիները եւ հանդիպում ունեցաւ թաղականութիւններուն հետ, ինչպէս նաեւ բոլոր շրջաններուն մէջ Ազգային երեսփոխանական ընտրութիւններուն համար նշանակուած ընտրական յատուկ յանձնախումբերուն հետ:

Ազգային վարչութեան անդամները եւս ացելեցին բոլոր շրջանները եւ հետեւեցան ընտրական աշխատանքներուն:

Յայտնենք, որ Ազգային երեսփոխանական ժողովը Լիբանանի հայոց թեմի օրէնսդիր բարձրագոյն ժողովն է, բաղկացեալ` 42 երեսփոխաններէ, որոնցմէ 36-ը` աշխարհական, որոնք կ՛ընտրուին ժողովուրդին կողմէ, իսկ  6 հոգեւորական երեսփոխաններ (ընդհանուր համեմատութեան մէկ եօթներորդը) կ՛ընտրուին թեմի հոգեւորականաց համագումարին կողմէ:

Ազգային երեսփոխանական ժողովը հիմնական դերակատարութիւն ունի մեր ազգի պահպանութեան ճիգին մէջ եւ այդ ժողովին պարտաւորութիւնը մեծ է ազգին նկատմամբ:

Տեղի Ունեցաւ Ազգային  Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը
Տեղի Ունեցաւ Ազգային  Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը
Տեղի Ունեցաւ Ազգային  Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը
Տեղի Ունեցաւ Ազգային  Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը
Տեղի Ունեցաւ Ազգային  Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը
Տեղի Ունեցաւ Ազգային  Երեսփոխաններու Ընտրութիւնը
Նախորդը

Համաշխարհային Հայկական Գագաթնաժողովին Առիթով

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Խմբագրական.  Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը  (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վերաիմաստաւորե՛լ Ազգային Ուխտը (Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.