Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաճնոյ Հերոսամարտի 102-Ամեակը` Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Մէջ

Հոկտեմբեր 18, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հաճնոյ հերոսամարտի 102-ամեակին առիթով կիրակի, 16 հոկտեմբերին Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ ս. պատարագ` Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի կողմէ:

Առաջնորդ սրբազանը իր քարոզին մէջ յայտնեց, որ քրիստոնեային կեանքը անկասկած փորձութեան եւ փոթորիկներու դաշտ մըն է, եւ այդ փոթորիկներէն յաղթական կրնան դուրս գալ միայն անոնք, որոնք իբրեւ սրբազան աւանդ` հաւատարմութեամբ կը պահեն Աւետարանի ճշմարտութիւնները եւ անոնցմով կ՛առաջնորդեն իրենց սեփական կեանքն ու կը լուսաւորեն իրենց շրջապատը:

Անդրադառնալով Հաճնոյ հերոսամարտին 102-րդ տարեդարձին` սրբազան հայրը դիտել տուաւ, որ այս առիթով նախ պէտք է յիշենք, որ Հաճընը պատմական Կիլիկիոյ շէն քաղաքներէն էր, որ թէեւ ենթարկուած էր 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան արհաւիրքներուն եւ կորսնցուցած` 30 հազար հայ ազգաբնակչութեան մեծագոյն մասը, սակայն եւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտին թուրքի եաթաղանէն հրաշքով վերապրած 8 հազար հաճընցիներ, հոգատար ֆրանսական ուժերուն հաւաստիքին ապաւինելով, վերադարձած էին իրենց հայրենի բնօրրանը եւ լծուած` շինարար աշխատանքի: Ցաւօք, 1920-ի սկիզբին, Թուրքիոյ տարածքին ծաւալած քեմալական շարժումին իբրեւ հետեւանք, հաճընցիները պարտաւորուեցան իրենց կեանքն ու ինչքը պաշտպանելու համար ութ ամիս շարունակ, սովի եւ սարսափի պայմաններու մէջ, առանց որեւէ օգնութեան, գերմարդկային ճիգերով անհաւասար մարտեր մղել թրքական զօրքին դէմ: Անոնք մինչեւ վերջին շունչ պայքարելով`  դիւցազնի մահով ինկան: Կործանեցաւ երբեմնի շէն Հաճընը, որուն բնակիչներէն հրաշքով  փրկուեցան ընդամէնը 365 հոգի:

«Տարիէ տարի Հաճընի հերոսամարտին յիշատակը մենք նշած ենք հաւատարմութեամբ` իբրեւ մեր ազգային դարաւոր գոյապայքարին փառաւոր էջերէն մին եւ զայն արժեւորած` կրօնական ապրումներով, որպէսզի մեր հաւատացեալ ժողովուրդը անդրադառնայ, որ պատմութեան աւանդը անխախտ պահելը նուիրական պարտականութիւն է մեզի համար», հաստատեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ մենք` հայ ժողովուրդի զաւակներս, պէտք է լաւապէս ըմբռնենք, որ մեր պատմութեան աւանդը պահելով միայն կրնանք գոյատեւել ու մրրիկներով շրջապատուած մեր ազգի նաւը տանիլ մեր դարաւոր տենչերուն ու երազներուն իրականացման ճանապարհով: Հետեւաբար երբեմն, երբ մեր առօրեային մէջ յատուկ ճիգով մեր պատմութեան տխուր կամ ուրախ դէպքերը  յիշատակելու առիթներ կը ստեղծենք, անոնցմով կոչ կ՛ուղղենք մեր ժողովուրդին, որ մեր պատմութեան աւանդին դիմաց մեր ազգի հաւատաւոր զաւակները ինքնաքննութեան նստելով` իրենք զիրենք նորոգեն:

Շարունակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը ըսաւ, որ մեր հերոս նախնիներուն ձայնը պէտք է յաճախ արձագանգէ մեր սրտերուն մէջ, մասնաւորաբար` փորձութիւններով լեցուն ներկայ ժամանակաշրջանին, որպէսզի մեր կեանքին մէջ չփոշիանան այն նուիրական յուշերն ու արժէքները, որոնք իբրեւ աւանդ մեզի փոխանցուեցան, որպէսզի անոնցմով կարենանք բարոյական ընթացքի մէջ պահել մեր համայնական կեանքը:

«Այսօր ուխտաւոր հոգիով կը ներկայանանք եկեղեցի: Հետեւաբար պէտք է գիտակցինք, որ ուխտ ունեցող մարդը ոչ միայն ի՛նք պէտք է հաւատարմութեամբ պահէ իր պատմութեան աւանդը, այլեւ իր նուիրումով իր շրջապատին մէջ ցոլացնէ այդ աւանդը ու անով ընկերութեան բերէ նորոգութեան շունչ: Այլապէս, եթէ պատմութեան հանդէպ հաւատարմութեան հասկացողութիւնը չունինք, չենք կրնար աւանդ պահել եւ չենք կրնար գերագոյն պարգեւ համարուող այն ժառանգութեան արժանաւոր տէրերը համարուիլ», շեշտեց սրբազան հայրը` հաստատելով, որ աւանդը կը վստահուի զայն ճանչցողներուն, անոր հաւատքին ու տեսիլքին արժէքը գնահատողներուն, անոր դարաւոր դերին հանդէպ հաւատարմութեան հոգի ունեցողներուն:

Շահէ արք. ըսաւ, որ իրենց նահատակութեան յիշատակին առիթով Հաճնոյ հերոսամարտին հերոսները կը պատգամեն, թէ կեանքի պայմանները պէտք չէ պատճառ ըլլան, որ պատմութեան սրբազան աւանդը ունեցող մեր ժողովուրդը մոռնայ իր անցեալը եւ կորսնցնէ իր երազներն ու տենչերը, եւ յորդորեց ներկայ հաւատացեալները աղօթելու, որ մեր պատմութեան սրբազան աւանդը արեւու ճառագայթի նման լոյս տարածէ, նոր կեանք ստեղծէ, նոր երազ եւ յոյս  հաստատէ  մեր նորագոյն սերունդին մէջ, որպէսզի վասն փառացն ազգիս հայոց եւ յանուն նոր արշալոյսներու ինքնութեան պաշտպանութեան համար մենք շարունակենք մեր հոգիներուն մէջ  մղել նոր հերոսամարտեր:

Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ մատաղօրհնէք:

Նախորդը

Կռո՜ւնկ, Խապրիկ Մը Չունի՞ս… (Կոմիտասը Մտերմացնում Է Մարդկանց)

Յաջորդը

Վեց Աբեղաներ Ներկայացուցին Իրենց Աւարտաճառերը

RelatedPosts

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը
Գաղութային

«Նահատակութիւնը Մեծագոյն Պատգամ Է», «Ազդակ»-ին Ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Պատրիարքը

Հոկտեմբեր 20, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն Ողջունեց Մալոյեանի Սրբադասումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ
Գաղութային

Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Պատարագ` Զմմառու Մայրավանքին Մէջ

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?