Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճ. Առաջնորդ Սրբազանի Այցելութիւն Եւ Թարգմանչաց Տօն

October 17, 2022
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 11 հոկտեմբերին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը վայելեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ արք. Փանոսեանի այցելութիւնը եւ ներկայութիւնը` Թարգմանչաց տօնին նուիրուած ձեռնարկին:

Սրբազան հայրը վարժարան ժամանեց ընկերակցութեամբ Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ Վիգէն Աւագեանի: Վարժարանի շրջափակին մէջ Շահէ արք. Փանոսեան կատարեց հացի եւ աղի օրհնութեան հայկական աւանդական արարողութիւնը: Բակը հաւաքուած աշակերտները ընդունեցին հիւրերը, որոնք առաջնորդուեցան «Սիրան Մանուկեան» սրահ, ուր գեղարուեստական յայտագիր մը հրամցուեցաւ:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ քոլեճի քայլերգներով, զորս կատարեցին Զ. դասարանի աշակերտները, որոնք նաեւ մեկնաբանեցին գիրքերու նուիրուած երգ մը: Ապա ԺԲ. դասարանէն Արզնի Յովհաննէսեան արտասանեց բացման խօսքը, որով անդրադարձաւ հայ գիւրերու գիւտին եւ հայոց առաջին ուսուցիչ Մեսրոպ Մաշտոցի եւ անոր աշակերտներուն, որոնց աշխատանքին ու ճիգին շնորհիւ այսօր տակաւին կան ու կը գոյատեւեն հայ աշակերտներ, որոնք իրենց կարգին պիտի կերտեն յառաջիկայ սերունդները:

Այբուբենի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան մասին արաբերէնով խօսք արտասանեց Թ. դասարանէն Նաթալի Այանեան, իսկ անգլերէնով` Ժ. դասարանի աշակերտուհի Կարին Մանճիկեան: Ե. դասարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Մաշտոցի եւ հայ գիրերու գիւտին նուիրուած կենդանի պատկեր մը, ապա ԺԱ. դասարանէն Մեղեդի Տէր Յարութիւնեան ասմունքեց հատուած մը Սիամանթոյի «Գիւտին փառք»-ը գործէն: Ե. կարգի աշակերտները հրամցուցին գիրքի ու դպրոցի նուիրուած երգեր, իսկ Գ. դասարանէն քանի մը աշակերտներ ներկայացուցին Մաշտոցը փառաբանող արտասանութիւն մը:

Գեղարուեստական բաժնի աւարտէն ետք բեմ բարձրացաւ քոլեճի կրթական տնօրէն Անի Բագրատունի, որ դիտել տուաւ, թէ Թարգմանչացը ամէնօրեայ տօն է, որովհետեւ այնքան ատեն որ հայերէն կը խօսուի ու կը գրուի, հայերէնով նիւթեր կը դասաւանդուին, տօն է: Ան ըսաւ նաեւ, որ թարգմանիչները իրենց աւանդը փոխանցեցին սերունդներուն եւ հասցուցին մեզի, որպէսզի այսօրուան սերունդն ալ փոխանցէ յաջորդին: Բագրատունի յիշեցուց, որ տեղահանուած եւ Ցեղասպանութեան արհաւիրքը ապրած հայ ժողովուրդը իր նիւթական ինչքերը չկրցաւ իրեն հետ տեղափոխել, սակայն յաջողեցաւ իրեն հետ բերել հայոց լեզուն` հայերէնը, որ դարձաւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման ամուր գրաւականը, եւ այնքան ատեն որ այս լեզուն գործածող կայ, անիկա չի մեռնիր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր, որուն ներկայութիւնը կրկնակի տօնակատարութիւն է քոլեճին եւ անոր աշակերտութեան համար: Իր խօսքի աւարտին ան բեմ հրաւիրեց Շահէ արք. Փանոսեանը, որպէսզի արտասանէ իր սրտի խօսքը:

Առաջին հերթին սրբազանը շնորհաւորեց ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերած աշակերտները եւ բարի վերամուտ ու արդիւնաւոր տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին:

Խօսելով Թարգմանչաց տօնին մասին` առաջնորդը ըսաւ, որ Ե. դարու գիրերու գիւտով եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ու անոր աշակերտներուն ճիգերով սկսաւ հայ ժողովուրդի ազգային ինքնագիտակցութեան զարթօնքի շարժումը: Ե. դարուն արձանագրուած այս նուաճումով եւ գիր ու գրականութեան ճամբով կերտուեցաւ Ոսկեդարը եւ հայ ժողոդուրդը անցաւ քաղաքակիրթ ազգերու  շարքին: Անդրադառնալով մեր օրերու դպրոցներուն` ան ըսաւ, որ անցնող տասնամեակներուն հսկայ ճիգ ի գործ դրուեցաւ, որպէսզի պահպանուի եւ շարունակուի Մաշտոցի, Սահակ Պարթեւի ու անոնց աշակերտներուն գործը, եւ հայ ժողովուրդը հասնի իր դարաւոր իղձերուն: Ան աւելցուց, որ հայ դպրոցը այդ նպատակները իրագործելու  եւ Ոսկեդարու թարգմանիչներուն գործը շարունակելու համար է: Իր խօսքի աւարտին ան մաղթեց, որ կրթական այս հաստատութեան ճիգերը լիովին ծառայեն իրենց նպատակին եւ ազգային ինքնագիտակցութեան ճիգերու շարունակութիւնը ըլլան:

Նախորդը

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Նուիրուած Երգչուհի Ֆէյրուզին

Յաջորդը

16 Հոկտեմբեր` Հայ Մամուլի Օրուան Առիթով. Շնորհաւոր Հայ Մամուլի Օր

RelatedPosts

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում
Գաղութային

«Ծիլ Տուր Հայերէն» Համահայկական Պատանեկան Ստեղծագործական Մրցում

September 14, 2026
Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար.  Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ – Այնճար. Դ. Վարուժանի «Հացին Երգը» Եւ Վ. Դաւթեանի «Գինու Երգը»

September 14, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը  Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի  Անդամ Ամալի Կունուֆսենին
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինի Նամակը Յանձնուեցաւ Նորվեկիոյ Խորհրդարանի Անդամ Ամալի Կունուֆսենին

September 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.