Վարձքդ Կատար` Ժոզէ Անթոնիօ Ապրէօ Կամ` Երաժշտութիւն Յանուն Ընկերվարութեան
ԽԱՉԻԿ-ՀՐԱԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ 24 մարտ 2018-ին իր մահկանացուն կնքեց վենեզուելացի երաժիշտ եւ տնտեսագէտ Ժոզէ Անթոնիօ Ապրէոն` իր ետին ձգելով հազարաւոր երախտապարտ պատանիներ եւ երիտասարդներ, ինչպէս նաեւ` «Էլ Սիսթեմա» կոչուած երաժշտական դաստիարակութեան դպրոցը, որուն կը հետեւին աւելի քան 300.000 վենեզուելացի պատանիներ եւ երիտասարդներ` երկրի ընկերային միջին եւ ցած խաւերէն: Ո՞վ է Ժոզէ Անթոնիօ Ապրէոն Ժոզէ Անթոնիօ Ապրէօ վենեզուելացի երաժիշտ է, որ իր...






