Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պարզ Կեանքը

Մայիս 17, 2019
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵԱԿ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Այսօրուան աշխարհը լեցուն է փորձութիւններով, որոնք ունին իրենց ե՛ւ ժխտական, ե՛ւ երբեմն դրական ազդեցութիւնը: Անցեալին ծանօթ չեմ, բայց լսած եմ, թէ ինչպէ՛ս նախապէս կեանքը աւելի պարզ ու անմեղ էր: Ինչպէս կ՛ըսեն` «Simpler Times». Բայց ի՞նչ կը նշանակէ «պարզ կեանք»: Ինչպէ՞ս պատերազմի օրերուն, նուազագոյն ապահովութեան բացակայութեամբ, համացանցի ու ելեկտրոնային գործիքներու չգոյութեամբ, կեանքը կ՛ընթանար աւելի պարզ եւ դիւրին: Արդեօք յառաջդիմութիւնը կեանքը պարզացնելու, դիւրացնելու չի՞ ձգտիր: Աւելի խորունկ ձեւով քննարկելու համար անցեալի կեանքի ընթացքը` կ՛ուզեմ մարդկային ընկերութեան մը վրայ ազդեցութիւն ունեցող իրողութիւններէն քանի մը հատը քննել առանձնաբար:

Բարդութիւն 1.- Ձգտումներ. Այսօր բոլոր երիտասարդները կը ձգտին ստանալ բարձրագոյն ուսում: Բոլորս կը ձգտինք ապահովել լաւ գործ եւ կամ նոյնիսկ` քանի մը գործ: Միեւնոյն ժամանակ կը փորձենք մեր մասնակցութիւնը բերել միութենական եւ կուսակցական կեանքին: Այսօր ինծի տարեկից եւ կամ սերնդակից երիտասարդութիւնը վարժ է աշխատանքի տեսակի, ձեւի եւ միջավայրի փոփոխութեան: Կրնաք նկատել անկայուն եւ կամ աւելի քաջ ու նախաձեռնող սերունդ: Այսպէս, անցեալին մարդիկ երբ գործ գտնէին, իրենց աշխատանքի ճիգերն ու նուիրումը կ՛երկարէին տարիներու վրայ, մինչեւ որ կառոյցը եւ կամ հաստատութիւնը փակուի եւ կամ երբեմն մինչեւ խոր ծերութիւն: Ներկայիս համացանցը բոլորիս կը ստիպէ, որ մենք մեզ բաղդատենք ուրիշներու հետ ու միշտ ձգտինք աւելիին: Իրենց բոլոր անպատեհութիւններով այս ձգտումները ունին նաեւ իրենց առաւելութիւնները: Ողջունելի է տեսնել ՀՅԴ ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի գործունէութիւնը փաստող տեսերիզներն ու տեղեկատուական լուրերը, որոնք կը ներշնչեն ուրիշներ` միանալու եւ գործելու այս միութիւններուն մէջ: Ողջունելի է նաեւ տեսնել աւելի փոքր տարիքի դպրոցականներ, որոնք, հետեւելով երէց ուսանողներու առած քայլերուն, կը ձգտին մասնագիտանալ եւ իրենց գիտելիքները կատարելագործել իրենց նախասիրած ճիւղերուն մէջ: Սակայն համացանցը բոլորիս կը ստիպէ նաեւ դառնալ իր իսկ գերին` կեդրոնանալով մանրամասնութիւններու վրայ ու մեզ առաջնորդելով դէպի անհասանելի ու անհեթեթ իրականութիւններու: Եւ այս բոլորը մերօրեայ կեանքը կը հեռացնեն պարզութենէ: Փոխանակ աշխատինք` դառնալու լաւ մարդ, կ՛աշխատինք ստեղծել լաւ եւ ուրախ մարդու պատկեր (image): Եւ այսպէս, պարբերաբար կը փոխուին անմիջական կեանքի ձգտումները:

Բարդութիւն 2.- Մարդկային յարաբերութիւններ ու բարեկամութիւններ. Այսօրուան կեանքի հեւքը մեզ չ՛արտօներ, որ մեր առօրեային մէջ ժամանակ յատկացնենք մեր հարազատներուն եւ սիրելիներուն: Նախապէս դրացիդ բարեկամդ էր, թաղեցիդ` շաբթուան մնայուն հիւրդ, իսկ դպրոցի ու ակումբի բարեկամներդ` առօրեայիդ մաս կազմող անձերը: Իսկ այսօր դպրոցի կամ համալսարանի բարեկամներով, նոյնիսկ 3-4 հոգինոց փոքր խումբով հանդիպում մը կազմակերպելու համար պէտք է ծրագրել շաբաթներ առաջ, որպէսզի ամէն մարդ առիթ ունենայ իր ժամանակացոյցին մէջ «ոչ գրաւուած օր» գտնելու: Միւս կողմէ` ընդհանրացած են շահադիտական բարեկամութիւնները: Ամէն մարդ մէկը միւսը կը սիրէ, բայց ոչ ոք միւսը կը հանդուրժէ: Ամէն մարդ կ՛ուզէ միւսէն օգտուիլ, բայց ոչ ոք կը փորձէ ուրիշին օգնել: Այսօրուան կեանքը դիւրին չէ, որովհետեւ բոլորս կորսուած ենք ուսման, աշխատանքի, ինքզինք փաստելու, բարեկամական կապեր հաստատելու եւ ընկերութեան նուազագոյն բարոյական արժէքները պահելու մէջ: Այսպէս, ծանրաբեռնուած մտքերով ու առօրեայով, կը տուժէ մարդկային յարաբերութիւններու պարզ ընթացքը: Նախապէս սերտ եւ անկեղծ ընկերներ կը հրաւիրէին տնային հաւաքոյթներու, եւ անկաշկանդ խօսակցութիւններու ու կատակներու ընդմէջէն մարդկային ջերմութիւն կը ստեղծուէր: Այս հանդիպումները հազուադէպ են այսօր: Ներկայիս «բարեկամ» բառին իմաստը փոխուած է, ինչ որ շփոթի կը մատնէ մեզ:

Փոխանակ իրարու համար ժամանակ ստեղծենք, կ՛արտօնենք, որ առօրեայ հեւքը մեզ կուլ տայ` մղելով, որ մոռնանք իրական բարեկամներու արժէքը ու վազենք մեր անձին համար, մեր ինքնութիւնը շոյող հեղինակութիւններու ետեւէ:

Բարդութիւն 3.- Երկիրն ու քաղաքականութիւնը. Երկրի իրավիճակը կարեւոր դեր կը խաղայ մեր կեանքի ընթացքին վրայ: Զարմանալիօրէն Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը մարդիկը դարձուցած էր աւելի ջերմ եւ գուրգուրոտ: Իսկ այսօր լիբանանեան կառավարութիւնը իր երկրին 10.452 քառակուսի քիլոմեթր տարածութիւնը ծածկած է գեղեցիկ մուշտակով մը, որուն տակ պետութիւնը ուղղակի թէ անուղղակիօրէն կը ծածկէ ամէն տեսակի գայթակղութիւններ` ըլլան անոնք քաղաքական, տնտեսական եւ կամ ընկերային… Հետեւաբար մեր երկրի այս իրավիճակը սխալ ուղեգիծ մը կը ճշդէ երկրի քաղաքականութեան: Աւելի՛ն. օտար պետութիւններ, ըլլան անոնք դրացի երկիրներ եւ կամ հսկայ պետութիւններ, «օժանդակութեան» անունով կը քաջալերեն այս փտած քաղաքականութիւնը` արմատական լուծումներ գտնելու փոխարէն: Ինչպէս կան քաղաքավարութեան վնասները, կան նաեւ քաղաքականութեան վնասները: Տարբերութիւնը այն է, որ քաղաքավարութիւն ցուցաբերելով` կը տուժէ քաղաքավար անձը, եւ կ՛օգտուի դիմացինը: Իսկ քաղաքական անձնաւորութեան մը ձախող իրագործումներէն կը տուժէ ժողովուրդը, ու կ՛օգտուի նոյնինքն քաղաքական դէմքը: Այլ խօսքով, հակասական երեւոյթներ են: Եւ այսպէս, երկրին թաքուն հարցերն ու մակերեսային գեղեցկութիւնը շփոթի կը մատնեն քաղաքացին: Հետեւաբար ոմանք կը պայքարին, ուրիշներ կը գաղթեն, իսկ ոմանց համար ալ այս բարդութիւնները այնքան ծանր կը թուին ըլլալ, որ պարզապէս կը յարմարին կացութեան:

Պետութիւնը իր քաղաքացիներուն կեանքը կազմակերպելու եւ առողջ հիմերու վրայ դնելու փոխարէն` ան իր արագ եւ ոչ արմատական լուծումներով յառաջդիմած երկրի մը խաբկանքը կու տայ: Եւ այսպէս, քայլ առ քայլ, երկիրն ու քաղաքականութիւնը կը բարդացնեն քաղաքացիին պարզ կեանքը:

Դրական բարդութիւն.- Համաշխարհայնացում ու տարբեր դիտանկիւններ. Եթէ հետեւիք այսօրուան serie/movie-ներուն, պիտի նկատէք, որ մեծ մասը կը կեդրոնանայ գաղտնիքներ ծածկելու վրայ, ըլլայ ոճիր մը, գործի հանգոյց մը եւ կամ գաղտնի քաղաքական աքթ մը: Հետաքրքրականը այն է, որ նախապէս պատմութեան մը հերոսները սովորաբար «բարի»-ներն էին, այսինքն` զինուորները, գաղտնի ոստիկանները… Իսկ այժմ ակնդիրը սկսած է պատմութեան հետեւիլ «չարին» դիտանկիւնէն: Այս մէկը համակրանքի կապ մը կը ստեղծէ պատմութեան հերոս «չար»-երուն ու ակնդիրին միջեւ, եւ դրական տրամադրութիւն մը կը բացայայտուի նոյն այդ գողերուն կամ ոճրագործերուն նկատմամբ: Հետաքրքրականը այն է, որ այսօրուան ընկերութեան մէջ ալ «հերոս»-ի տիպարը բոլորովին փոխուած է, եւ ինծի կը թուի, թէ մեր կեանքին մէջ եւս սկսած են «չար»-երը տիրապետել եւ նոյնիսկ հերոսանալ:

Սակայն բուն բարդութիւնը այն է, որ սկսած ենք հարցերը դիտել ուրիշներու դիտանկիւնէն: Անցեալին քանի մը թաղ անդին պատահած դէպքն էր, որ մարդոց հետաքրքրութիւնը կը գրաւէր, «հեռաւոր» երկիրներու հարցերը եւ աշխարհի անարդարութիւնները շատ հեռու կը թուէին ըլլալ` պարզապէս անոր համար, որ անոնց լուծման համար մենք մեզ անկարող կը նկատէինք: Բայց ներկայիս համաշխարհայնացումը մարդկութեան դիմաց սահմանները կ՛ընդլայնէ: Իսկ մեզի` սփիւռքահայերուս ալ կ՛օգնէ քաղել առաւելագոյն չափով նոր տեղեկութիւններ այլ հայկական գաղթօճախներէն եւ աւելի մօտ զգալ մէկս միւսին` իբրեւ հայ եւ իբրեւ մարդ: Միւս կողմէ` համաշխարհայնացումը մեզ քաջատեղեակ կը պահէ աշխարհի բոլոր ցամաքամասերուն վրայ տեղի ունեցող անարդարութիւններուն մասին` ստիպելով, որ մեր կեանքը չապրինք միայն մեր անձին համար, բայց նաեւ մտածենք ուրիշներու մասին. կլիմայի փոփոխութիւնը, հիւանդութիւնները, անտէր երեխաները, անգործ երիտասարդները, մոլութիւնը, բռնատիրութիւնը… Այս երեւոյթները նոր չէ, որ ի յայտ եկան, սակայն հիմա է, որ մօտէն կ՛իմանանք անոնց մասին: Առողջ է հետաքրքրուիլ, կարդալ, հետեւիլ ու զգաստ մնալ այս բոլորին դիմաց` քաջ գիտնալով, որ թէեւ այդ հարցերը մեր առօրեային մաս չեն կազմեր, սակայն այդ չի նշանակեր, որ պէտք է անտեսենք զանոնք: Փաստօրէն համաշխարհայնացումը այսօր մեզ կը հրաւիրէ քայլ պահելու, բայց նաեւ գործնական քայլեր առնելու` աշխարհի շուրջ տիրող վատ երեւոյթներուն դէմ: Այս մէկը կը բարդացնէ մեր առօրեայ կեանքը, որ այլեւս չի սահմանափակուիր միայն մեր անձնական, ներգաղութային նեղ եւ երբեմն մանրուք խնդիրներով, այլ նաեւ` համաշխարհային եւ համամարդկային հարցերով:

Այս իրողութիւնը կը նկատեմ դրական բարդութիւն, պարզապէս որովհետեւ, թէեւ ան մեր կեանքը կը բարդացնէ ու մեր միտքերը կը խճողէ, միաժամանակ մեզ կը ստիպէ դառնալ աւելի գուրգուրոտ, մարդկային, պատասխանատու եւ յանձնառու: Այնուամենայնիւ, պէտք է գիտնալ կշռել հարցերու կարեւորութիւնն ու առաջնահերթութիւնը, որպէսզի բոլորովին չանտեսուին ազգային հիմնահարցերը:

 

 

Նախորդը

Ակա՜նջդ Խօսի Ընկեր Փանջունի

Յաջորդը

Մայիսի 12. Պատերազմի Աւա՞րտ, Թէ՞ Հրադադար

RelatedPosts

Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

Յուլիս 2, 2025
Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ
Զաւարեանական

Հայապահպանումը Սփիւռքի Մէջ` Փոքր Գործեր, Մեծ Իմաստ

Յուլիս 2, 2025
Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը
Զաւարեանական

Եկեղեցի – Պետութիւն Փոխյարաբերութիւններու Ներկայ Իրավիճակը

Յուլիս 2, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?