Ուրբաթ, 3 մայիս 2019-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը ընդունեց ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան վարչութիւնը «Շաղզոյեան» կեդրոնին մէջ:
Հանդիպման ընթացքին օրակարգի հիմնական կէտեր հանդիսացան Հայաստանի եւ Արցախի ներքին ու արտաքին քաղաքականութիւնները, ինչպէս նաեւ` հայ ուսանողութեան եւ երիտասարդութեան դէմ յանդիման գտնուող մարտահրաւէրները:
Յ. Տէր Խաչատուրեան գնահատեց ԶՈՄ-ի աշխուժութիւնը եւ կոչ ուղղեց անոր` շարունակելու քննական մտքի զարգացման աշխատանքը` ընդգծելով անոր կարեւորութիւնը:
Իր կարգին, ԶՈՄ-ի վարչութիւնը Հայաստանը ունենալով իբրեւ ուղղուածութեան կիզակէտ` վերահաստատեց միութեան պատրաստակամութիւնը` Հայաստանի տրամադրութեան տակ դնելու իր բոլոր միջոցները:
Հանդիպման աւարտին ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի վարչութիւնը Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին յանձնեց միութեան հարիւր տասնհինգամեակին նուիրուած յուշանուէրը:
ՀՅԴ ԶՈՄ-ի Կազմակերպութեամբ Լսարանական Ասուլիս` Լիբանանի Մէջ Ժողովրդավարութիւնը Եւ Ընկերային Արդարութիւնը Խոչընդոտող Արգելքներուն Մասին
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան (ԶՈՄ) եւ գործակցութեամբ «Ֆրետերիք Էպըրթ» հիմնարկին, 2 մայիսի երեկոյեան «Մովեմփիք» պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ լսարանական ասուլիս մը, որ կը կրէր «Լիբանանի մէջ ժողովրդավարութիւնն ու ընկերային արդարութիւնը խոչընդոտող արգելքները» խորագիրը:
Լսարանական ասուլիսին զեկուցաբերներն էին` խորհրդարանի փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Մուսթաքպալ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ-Ժարուտի եւ քաղաքացիական ընկերութեան «Ամել» միջազգային կազմակերպութեան նախագահ Քամել Մհաննա:
– Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի երիտասարդական հսկում, Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ, Մոնօ, 23 ապրիլ 2019:
– Հինգշաբթի, 21 մարտին, «Աբօ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ “ZOM Talks”` նիւթ ունենալով “Reflections on the life of a humanitarian worker”:
– ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան Զաւարեան ուսանողական գրասենեակը 9 փետրուար 2019-ին Այնճարի Ազգային Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի սրահին մէջ կազմակերպեց համալսարանական մասնագիտութիւններու արեւելում, որուն ներկայ էին վարժարանի եւ Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի երկրորդական բաժիններէն աշակերտներ:
– Չորեքշաբթի, 6 փետրուարին, «Աբօ Աշճեան» երիտասարդական-ուսանողական կեդրոնին մէջ “ZOM Talks”` նիւթ ունենալով “Journalism in Turkey post-2016 Coup Attempt”:
– Զաւարեան ուսանողական գրասենեակին կազմակերպած SAT-ի անգլերէնի եւ թուաբանութեան անվճար դասընթացքները հասան իրենց աւարտին:
– “Community service”-ի ճաշի մատուցման աշխատանքները կը շարունակուին երկշաբաթեայ դրութեամբ:
– Հանդիպում եւ գործակցութեան նախագիծ` ՍԴՀԿ ՏՈԵՄ-ի հետ: