Հ. ԱԴԱՄԵԱՆ
Այս տարի նշանաւոր երգիծաբան, վիպասան, թատերագիր եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի ծննդեան 150-ամեակն է: Երուանդ Օտեան իր երգիծական տարբեր ստեղծագործութիւններուն ընդմէջէն ներկայացուցած է ներգաղութային եւ ընդհանրապէս քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական խնդիրներ, որոնք մինչեւ օրս կը մնան այժմէական:
Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի» եռահատոր շարքը հաճելի եւ դիւրըմբռնելի կերպով ծաղրանքի առարկայ կը դարձնէ «հայ ընկերվարական յեղափոխական»-ի կերպարը: Ան կը խօսի այնպիսի մարդոց մասին, որոնք բաւական հեռու են գաղափարական, բարոյական սրբութիւններէն: Օտեան իր երգիծական բացառիկ ոճով կը ծաղրէ եւ լուսարձակի տակ կ՛առնէ այնպիսի մարդիկ, որոնք երեւութապէս տիպար «յեղափոխական»-ներ, «հայրենասէր»-ներ եւ «ազգային հերոս»-ներ են, սակայն գործնականօրէն անոնք կը մտրակահարեն բոլոր իտէալական եւ սկզբունքային գաղափարները: Ան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէ նաեւ դրամատէր պարագլուխներուն եւ իրենց «ես»-ով առաջնորդուող բարերարներու, ինչպէս նաեւ` հասարակ ժողովուրդի մակարդակին, կուրօրէն հետեւող եւ նորաձեւութեան գերին դարձած նմուշներու: Այլ խօսքով, «Ընկեր Փանջունի»-ն հայ գրականութեան մէջ քաղաքական երգիծանքի գլուխ գործոցներէն մէկը կը դառնայ:
«Մենք ժամկոչներու կը նմանինք,- կ՛ըսէր յաճախ,- զանգակահարութեամբ ուրիշները կը հրաւիրենք ու եկեղեցի կը մտցնենք, իսկ մենք դուրսը կը մնանք»:
Երուանդ Օտեան 108 տարիներ առաջ այս տողերը ըսած է իր ստեղծած ընկեր Փանջունիի կերպարին բերնով, «Առաքելութիւն Ի Ծապլվար» ստեղծագործութեան մէջ: Այս տողերուն կ՛ուզեմ աւելցնել եւ ըսել, որ այսօր այդ «ժամկոչները» ո՛չ միայն դուրսը կը մնան, այլ իրենց ժամկոչի բաճկոնը հանելով` կը փախչին ու ընդհանրապէս կը հեռանան:
Սիրելի՛ երգիծաբան, դժբախտաբար, ընկեր Փանջունիի քու ստեղծած կերպարդ, որ պիտի ծառայէր ժողովուրդը զարթնեցնելու քու առաքելութեանդ, դար մը ետք դարձած է ազգային կերպար եւ, ինչո՞ւ ոչ, կարկինս լայնցնելով, պիտի արտօնեմ ես ինծի ըսել, որ ընկեր Փանջունին վերածուած է միջազգային կերպարի:
Է՜հ, ականջդ խօսի, ընկե՛ր Փանջունի… այսօր համազգային գիտաշխատանոցներ, միջազգային կազմակերպութիւններ իրենց օրակարգերու վրայ իբրեւ առաջնահերթ աշխատանք կը նկատեն ղեկավար պատրաստելու նոր մեթոտներու յայտնաբերումը եւ, այսպէս ասած, «Lead by example» գաղափարի քարոզչութիւնը: Իսկ դուն, անկրկնելի՛ գործիչ, դար մը առաջ քու տարած առաքինի գործովդ եւ ռահվիրայի խառնուածքովդ ամբողջ դար մը ազդեցութիւն եւ ներդրում ունեցար եւ տակաւին կ՛ունենաս 21-րդ դարուն համաշխարհային մակարդակի վրայ, ղեկավար պատրաստելու աշխատանքին մէջ: Երբ այսօր ակնարկ մը կ՛ուղղեմ միջազգային քաղաքականութեան, պահ մը ես ինծի կը հարցնեմ, թէ արդեօք ընկեր Փանջունիին տարած աշխատանքը իբրեւ հի՞մք առնուած է համալսարաններու մէջ` քաղաքական գիտութիւններու ծրագիր պատրաստելու աշխատանքին ընթացքին:
Սիրելի՛ ընթերցող, եթէ պահ մը դուն ալ բաց աչքերով դիտես անիրաւութիւնն ու անարդարութիւնը միջազգային քաղաքական բեմերու վրայ, բաց աչքերդ պիտի վերածուին թաց աչքերու, եւ այդ մէկը պիտի չըլլայ ցաւի պատճառով, այլ` հետեւանք յուզմունքի եւ հպարտութեան զգացումի, նկատի առած, որ պատահածը ուղղակիօրէն նման է, քեզի ազգակից ընկեր Փանջունիի աշխատանքին: Ան ալ ազնիւ յեղափոխական սկզբունքը «փրկելու» նպատակով կործանեց Ծապլվարը:
Ընկերվարութեան սուրբ վերնագիրին տակ, ինչպէս կը գործէր նաեւ մեր ընկեր Փանջունին, այսօր կը մտրակահարուին ամէն տեսակի հաւասարութիւն եւ արդարութիւն: Կործանումի գնով կը մշակուին քաղաքական այնպիսի ծրագիրներ, որոնք ընկերվարութեան եւ ընկերային արդարութեան վերնագիրին տակ կը ծառայեն միայն դրամատիրական աշխարհին: Այսօր ընկերվարութիւնը դարձած է ցանկայարոյց քող մը` ընդյատակեայ կերպով յաջողեցնելու համար դրամատիրական վարչակարգերու, դրամատէր անձերու կեղտոտ քաղաքականութիւնը: Օտեան իր «Առաքելութիւն ի Ծապլվար» գործին մէջ կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս Ծապլվարի մէջ, ուր ո՛չ ընկերային դասակարգ գոյութիւն ունէր եւ ո՛չ ալ ժողովուրդը վարչակարգի բռնատիրութեան ժանիքներու զոհ դարձած էր, «ընկերվար» Փանջունի դասակարգային բաժանումներ կը հաստատէ եւ կը քայքայէ գիւղին համերաշխութիւնը` իրագործելու համար իր քաղաքական ծրագիրը:
Յատկանշական է նաեւ այն բաժինը, երբ Փանջունի կը սկսի կազմաւորել իր խումբը, իր շուրջ կը հաւաքէ անբարոյ եւ աննկարագիր անձեր` անոնց տալով լուրջ պաշտօններ: Այս հանգամանքը ներկայացնելով` Օտեան կ՛ուզէ լուսարձակի տակ առնել այն իրողութիւնը, թէ ինչպէ՛ս պաշտօն մը ճիշդ մարդու չյանձնելու պարագան կը յանգեցնէ կործանումի:
Շնորհաւոր 150-ամեակդ, մե՛ծ երգիծաբան: Պիտի նախընտրէի, որ փոխանակ մարդիկ հետեւէին քու ստեղծած կերպարիդ` հետեւէին քու իսկական տիպարիդ, սխալը մատնանշող նկարագիրիդ, անարդարութիւնը բարձրաձայնող բնաւորութեանդ, որպէսզի աշխարհն ալ չդառնար Ծապլվար մը…
05/04/2019
Պէյրութ, Լիբանան