Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կոմիտասի 150-Ամեակ

December 27, 2019
| Զաւարեանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՆԺԴԵՀ ՊՈՏՐՈՒՄԵԱՆ

2019 թուականը հայ ժողովուրդին համար յատկանշական եղաւ, որովհետեւ Կոմիտաս վարդապետին ծննդեան 150-ամեակը ամբողջացաւ: Ամբողջ տարուան ընթացքին լիբանանահայ զանազան միութիւններ եւ կազմակերպութիւններ աշխատեցան տարբեր ձեռնարկներ կազմակերպել` ի յիշատակ Կոմիտաս վարդապետին:

Այս ձեռնարկներուն շարքին էր Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբին տուած համերգը, որ տեղի ունեցաւ յունիս ամսուն վերջաւորութեան: Կ՛արժէ յիշել, որ  Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը շարունակութիւնն է նոյնինքն Կոմիտասի կազմած «Գուսան» երգչախումբին, որ հիմնուած էր Պոլսոյ մէջ, 1910-ին: 1932-ին Բարսեղ Կանաչեանի ջանքերով երգչախումբը կը փոխադրուի Պէյրութ եւ 1990-ականներուն կը յանձնուի Համազգայինի խնամքին:

Կոմիտասին նուիրուած այս տարուան ձեռնարկներուն եզրափակումը կատարեց «Կոմիտաս. Աստուծոյ պարգեւը» թատրոնը, որ իրագործուեցաւ Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ եւ «Գոհար» համոյթի ու Խաչատուրեան ընտանիքի ամբողջական մեկենասութեամբ: Թատրոնը հիմնուած էր Լիլի Թոմասեանին հեղինակած թատերական գործին վրայ: Անիկա կը ներկայացնէր Կոմիտաս վարդապետին կեանքը եւ անոր հետ առնչուող ամենակարեւոր մանրամասնութիւնները: Հոն ցոյց տրուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս ան իր փոքր տարիքէն կորսնցուցած էր իր մայրը, ապա հայրը եւ մեծցած` մեծ մօր հոգատարութեամբ: Նաեւ տեսանք, թէ ինչպէ՛ս ան իր կանուխ տարիքին, հայերէն չգիտնալով հանդերձ, լաւ կը ճանչնար Հայ եկեղեցւոյ շարականները: Հանդիսատեսները տեսան, թէ ինչպէ՛ս հայ վարդապետ մը զինք գտաւ եւ հետը տարաւ Էջմիածին, ուր փոքրիկն Սողոմոնը (Կոմիտաս) երգեց ու օրուան կաթողիկոսը զմայլեցաւ անոր ձայնին վրայ:

Աւարտին, ցուցադրուեցան վարդապետին երկար տարիներու կրած մեղադրանքները, մերժումները, զրպարտութիւններն ու դատապարտութիւնները, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան ականատես ըլլալը, որոնք թափանցեցին դէպի անոր հոգեկան աշխարհը եւ պատճառ դարձան անոր անհանգստութեան:

Խորապէս գնահատելի էր դերասան Կարէն Տարագճեանին տարած աշխատանքը, որ լաւագոյն ձեւով կրցաւ Կոմիտաս վարդապետին դերը մարմնաւորել այն աստիճան, որ երբ թատրոնին մէջ Սողոմոն սարկաւագը վարդապետ կ՛օծուէր,  ժողովուրդէն ոմանք սկսան խաչ հանել:

Թատրոնը լիբանանահայ գաղութին համար շատ կարեւոր եւ մանրամասն ծանօթացում մը եղաւ Կոմիտաս վարդապետին կեանքին, աշխատանքին եւ կրած դժուարութիւններուն մասին:

Նախորդը

Զրոյց. «Ստեղծել Ընթերցողի Կարծիք, Ընթերցո՛ղ Ստեղծել»

Յաջորդը

Ո՞վ Պիտի Յաջորդէ Կոմիտասին

RelatedPosts

Հաղորդագրութիւն
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

October 28, 2025
Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ   «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին
Զաւարեանական

Կարծիքներ Ու Տպաւորութիւններ «Դաշնակցութիւնը Եւ Ուսանողութիւնը» Միջշրջանային Ուսանողական-Երիտասարդական Խորհրդաժողովին Մասին

October 28, 2025
Զաւարեանական. Մեր Խօսքը
Զաւարեանական

Զաւարեանական. Մեր Խօսքը

August 26, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.