Ինչպէ՞ս Ձեռք Անցուցինք 1915-ի Հայկական Ջարդերու Ժապաւէնները
Ստորեւ տրուած յօդուածը լոյս տեսած է աւելի քան կէս դար առաջ: Զայն կը վերահրատարակենք գլխաւորաբար այն պատճառով, որ անիկա կը հաստատէ հայկական կոտորածներու մասին վաւերագրական ժապաւէններու գոյութիւնը: Վահրամ Ս. Փափազեան անունով հայ մարզիկ մը (կը կրէ հայ մեծ դերասանին անուն-մականունը) Կոստանդնուպոլսոյ մէջ ամերիկացի լրագրող Հերթիէն պատահմամբ կը լսէ, թէ գերմանացի զինուորականները կոտորածներու բազմաթիւ տեսարաններ նկարահանած են, որոնց ժապաւէնները կը գտնուին...




















