Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Թուրք-Ռուս Յարաբերութիւններու Զարգացումը Անհանգստացուց Հայաստանը», Կ՛ըսէ Թուրք Յօդուածագիրը

Մարտ 11, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-11-15erdogan-putinՄոհամետ Քութլուի ստորագրութեամբ «Ենի Աքիթ» կայքէջին վրայ հրատարակուած լրատուութիւն մը դարձեալ օրակարգի կը բերէ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայաստանի խորհրդարանէն ետ առնուած փրոթոգոլներու հարցը: Լրատուութեան մէջ դիտել կը տրուի, որ այս կերպով բոլորովին բարձիթողի եղան Թուրքիոյ ու Հայաստանի յարաբերութիւնները բարելաւելու կոչուած փրոթոգոլները, որոնք Զուիցերիոյ մէջ ստորագրուած էին:

Այս նիւթին շուրջ «Ենի Աքիթ» թերթին համար մեկնաբանութիւններ ըրած է Կովկասեան ռազմավարական կեդրոնի նախագահ, հայկական հարցերու մասնագէտ տոքթ. Հասան Օքթայ: Այս վերջինին կարծիքով, Հայաստան վերոյիշեալ քայլը առաւ 1915-ի հարիւրամեակի կապակցութեամբ հայերուն նոր աշխուժութիւն ու մղում տալու նպատակով: Ըստ Օքթայի, Հայաստան, որ տարիներէ ի վեր կը պատրաստուի 1915-ի հարիւրամեակին, ամբողջ աշխարհի մէջ չափազանցուած գործունէութեամբ մը պիտի ջանայ Թուրքիան դժուար կացութեան մատնել. այս պատճառով ալ կ՛ուզէ մէջտեղէն վերցնել այն ամէն ինչը, որ կրնայ մեկնաբանուիլ որպէս լաւ բան Թուրքիոյ հասցէին:

Օքթայ ըրաւ տարբեր մեկնաբանութիւն մըն ալ: Ան պարզեց հետեւեալ վիճելի տեսակէտը: Այն բուն պատճառը, որ Հայաստանը կը մղէ նմանօրինակ քայլ մը առնելու, նոր զարգացումն է, որ կը տեսնուի Թուրքիա-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ: Երկու երկիրներուն յարաբերութիւնները, որոնք վերջերս նոր աշխուժութիւն ստացան Ռուսիոյ նախագահ Փութինի ու Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի միջեւ առկայ բարեկամութեամբ, սկսած է շատ անհանգստացնել Հայաստանը: Հայկական մամուլի մէջ երեւցած են գրութիւններ, որոնք կը պնդեն, որ Ռուսիա «ծախած է» Հայաստանը: «Հայերը կը պնդեն, որ իրենց պատմական դաշնակիցը` Ռուսիա, Թուրքիոյ մերձենալով` դաւաճանեց իրենց միջեւ առկայ արմատացած յարաբերութիւններուն», ըսած է Օքթայ: Այս պատճառով հայերը աններելի կը նկատեն Փութինն ու Ռուսիան: Այս պատճառով ալ Հայաստան աւելի զայրացկոտ դարձած է Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ նկատմամբ:

Կովկասեան ռազմավարական կեդրոնին նախագահը այսպէս կը շարունակէ իր մեկնաբանութիւնը:

Հայաստանի մէջ զանգուածային անհանգստութիւնը այնպիսի աստիճանի մը հասած է, որ այժմ թէ՛ տեսողական կամ գրաւոր մամուլի մէջ, թէ՛ ընկերային էջերու վրայ կը տեսնուին պնդումներ, ըստ որոնց, Ռուսիա կը ջանայ պետական հարուած մը իրականացնել Հայաստանի մէջ ու կրկին իշխանութեան գլուխ բերել հանրապետութեան նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը: Այս մեկնաբանութիւնը ընողներուն մէջ կը գտնուին բազմաթիւ քաղաքագէտներ եւ մտածումի առաջնորդներ:

Օքթայ կ՛աւելցնէ, որ Թուրքիոյ ու Ռուսիոյ նման երկու հզօր պետութիւններու միջեւ հաստատուած լաւ յարաբերութիւնները ի վերջոյ Ազրպէյճանի ի նպաստ մթնոլորտ մը պիտի ստեղծեն Հայաստան-Ազրպէյճան հարցի մէջ: Անկէ վերջ ալ Ռուսիա պիտի փոխէ իր տեսակէտը միւս թրքական պետութիւններուն եւ մահմետական-թուրք ժողովուրդներուն նկատմամբ:

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ինչո՞ւ Թուրքիայում Չեն Շտապում Բացայայտել Արտաքին Գործերի Նախարարութեան Պատրաստած Օրացոյցում Ծիծեռնակաբերդի Պատկերը Տեղադրած Աշխատակցին. Մխիթար Հայրապետեան

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?