Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցեղասպանութեան Հարցը Պատմաբաններուն Ձգելու Էրտողանին Առաջարկը Կեղծ Է, Կը Գրէ «Ռատիքալ»

March 10, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

Recep-Tayyip-Erdo--an-2Թրքական «Ռատիքալ» օրաթերթը հրապարակեց յօդուած մը, որ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` Հայոց ցեղասպանութեան հարցը քննարկելու պատմաբաններու յանձնախումբ մը կազմելու եւ արխիւները բանալու առաջարկին:

«Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ մէջ արգիլուած նիւթ մըն է, եւ այդ հարցին վերաբերեալ կառավարութեան յայտարարութիւնները միայն անոր ժխտողականութիւնը կ՛ամրապնդեն: Նախագահը իր վերջին ճառին մէջ անգամ մը եւս խօսեցաւ Ցեղասպանութեան հարցը պատմաբաններուն ձգելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն թրքական պետական գաղափարախօսութենէն անդին չանցաւ:

«Կը թուի, թէ պատմութեան բոլոր դէպքերուն հաւաստիութեան մասին սորվեցանք պատմաբաններէն: Պետական արխիւները բանալու առաջարկը համոզիչ չի թուիր, որովհետեւ բոլորը գիտեն, թէ Ռազմական դատախազութեան արխիւներէն Ցեղասպանութեան առնչուած նոյնիսկ մէկ փաստաթուղթ առնելը կատարելապէս անկարելի է:

«Ահա թէ ինչու Էրտողանի յայտարարութեան կեղծ ըլլալը անցնող իւրաքանչիւր օրուան հետ աւելի ակներեւ կը դառնայ: Ան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի Կալիփոլիի ճակատամարտի նշման ձեռնարկներուն մաս կազմելը անքաղաքավարութիւն կը նկատէ` այդպիսով ցոյց տալով, որ ինքն իր սուտերուն կը հաւատայ:

«Մարդիկ, որոնք նոյնիսկ նուազագոյն չափով ծանօթ են պատմութեան, գիտեն, որ ապրիլ 24-ը որեւէ առնչութիւն չունի Կալիփոլիի ճակատամարտին հետ. այդ թուականը ընտրելու նպատակը շատ յստակ է` Ցեղասպանութեան ամբաստանութիւններէն ձերբազատիլ եւ արդէն իսկ սուտի վրայ հիմնուած պետութեան մը վրայ յաւելեալ սուտ աւելցնել:

«Եթէ նացիներու ջարդերէն տուժած մարդիկ իրենց իրաւունքները ստացան, ինչո՞ւ հայերու ժառանգորդները նոյնը պէտք չէ ընեն:

«Եթէ նախագահ Էրտողանն ու Թուրքիան կ՛ուզեն Ցեղասպանութեան հարցը լուծել, մեծապէս յանձնարարուած է հետեւիլ հետեւեալ քայլերուն.

– Ներում հայցել Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցածին համար եւ պատասխանատուութիւն ստանձնել:

– Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներուն ու անոնց ժառանգորդներուն փոխհատուցում տալ:

– Վերադարձնել աւարուած կալուածները:

– Քաղաքացիութիւն տրամադրել մարդոց, որոնք մարդկութեան դէմ այդ ոճիրէն վնասուեցան:

– Երկկողմանի նախաձեռնութեամբ վերաբանալ Հայաստան-Թուրքիա սահմանը եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատել:

– Թուրքիոյ մէջ կրօնական հաստատութիւնները վերակառուցել եւ կրօնական արարողութիւններու կայացումը ապահովել:

– Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի մասին խանդավառութեամբ խօսելէ դադրիլ եւ պատմական հողերը արեան ծովու վերածած անձերու ժառանգէն ձերբազատիլ»:

Նախորդը

Թուրքերն Իրենց Անցեալի Մասին Պատկերացում Անգամ Չունեն. Արսինէ Խանճեան

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Հիթլերի Խօսքերը Պէտք Չէ Մոռանանք. Զարաքոլու

RelatedPosts

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր
Գիտութիւն

Կատարումի Ձայնագիտութեան Պատմական Ամփիթատրոններ Եւ Եկեղեցական Կուժեր

June 30, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Սառնամանիքի Սիրողական Բնագիտութիւն

March 11, 2026
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

Հրթիռապատում Բ. Պաղ Պատերազմէն Մինչեւ Արեւի Խուզարկու

December 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.