ՀԲԸՄ Պօղոս Գ. Կարմիրեան Վարժարան 100-Ամեակի Մանկապարտէզի Հունձք
Յունիս 14-ի առաւօտեան ՀԲԸՄ Պ.Գ. Կարմիրեան վարժարանի բազմամարդ մուտքն ու նախասրահը յագեցած էին տօնական տրամադրութեամբ: Մանկապարտէզի վկայականաց բաշխման հանդէսը կ՛ազդարարէր 2014 - 2015 ուսումնական տարուան բարեյաջող աւարտը: Օրը տօնական էր անխտիր բոլորին` ղեկավարութեան թէ ուսուցչական կազմին, ծնողներուն թէ շրջանաւարտ փոքրիկներուն համար: Ծաղիկ դասարանցիներուն խմբակը մկրտուած էր «Հարիւրամեակի հունձք» անուամբ, իսկ բեմն ու սրահը ներկաները կը պարուրէին մանիշակագոյնի ու ճերմակի երանգներով:...




















