Գաղութային

ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Զահլէի Համազգային միութեան եւ հովանաւորութեամբ` մշակոյթի նախարար Կապի Լայեուն տեղի ունեցաւ պարգեւատրման հանդիսութիւն. այն զահլէաբնակ աշակերտներուն, որոնք պետական քննութիւններուն մէջ ապահոված էին բարձ նիշերով յաջողութիւն: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 26 նոյեմբեր, 2011-ին` կ. ե. ժամը 5:00-ին: Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանը որպէս կրթական կառոյց կը պատկանի եւ կը գործէ Զահլէ շրջանին մէջ: Հետեւաբար, ուրախութեամբ կը յայտարարենք, մեր դպրոցի աշակերտներէն...

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՆՇՈՒՄ

Պուրճ Համուտը իւրայատուկ եւ աննախընթաց պատմական օր մը ապրեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնի նախօրեակին: Արաքսի սիրտ` Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանը, իր աշակերտներով եւ ուսուցչակազմով արտադպրոցական տօնակատարութիւն մը կատարեց: Առաւօտեան ժամը 9:30-ին վարժարանի աշակերտութիւնը հայրենասիրական երգերով ճամբայ ելաւ` իրեն առաջնորդ ունենալով վարժարանիս անունը կրող հսկայ աղաւնի մը: Աշակերտները իրենց գլուխներէն վեր ծածանեցին Լիբանանի դրօշակը: Նախակրթարանի վեցերորդ դասարանէն ծիլ դասարան իրենց վրայ...

ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ «ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆ ՍԵՒԱՆ ԳԱՊԱԳԵԱՆԻՆ ՀԵՏ

Հինգշաբթի, 17 նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին վարժարանս հիւրընկալեց հայրենի «Դէպի Հայք» հիմնադրամի տնօրէն Սեւան Գապագեանը: Վարժարանի տնօրէն  Կրեկուար Գալուստին եւ արտադասարանային ծրագիրներու պատասխանատու Կարինէ Թաշճեանին հետ մտերմիկ հանդիպում-զրոյցէն ետք, Սեւան Գապագեան «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ վարժարանի 10-րդ եւ 11-րդ դասարաններու աշակերտութեան հետ: Մեր հիւրն է հայրենի «Դէպի Հայք» հիմնադրամի հիմնադիր տնօրէն Սեւան Գապագեանը: «Դէպի Հայք» հիմնադրամը հիմնադրուած...

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՆՃԱՐԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏ. ԵՐԿՐԴ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ

22 նոյեմբերը կարեւոր թուական մըն է Լիբանանի ազգային տօներու ցանկին մէջ, որովհետեւ Լիբանան կը տօնէ իր անկախութիւնը: Որպէս պատմական դէպք եւ իրականութիւն` ասկէ 68 տարիներ առաջ Լիբանան երկար պայքարէ ետք ստացաւ իր անկախութիւնը եւ դարձաւ անկախ պետութիւն մը, որ ունի սահման, բանակ, դրօշակ եւ պետական կառոյցներ: Մինչ ամէն տարի այդ անկախութեան տօնը կը յիշատակուի Լիբանանի մէջ, այդ մէկը նաեւ կը...

«ԴԷՊԻ ՀԱՅՔ» ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ ՏՆՕՐԷՆԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ

Ուրբաթ, 18 նոյեմբեր 2011-ին, վարժարանս այցելեց «Դէպի Հայք» հիմնադրամի Երեւանի տնօրէն, ծագումով լիբանանցի Սեւան Գապաքեան: 2004-ին ծնունդ առած «Դէպի Հայք» կազմակերպութիւնը նպատակ ունի ամրապնդել հայրենիք եւ սփիւռք փոխկապակցութիւնը` սփիւռքի երիտասարդութեան հնարաւորութիւն տալով կամաւորական փորձառութիւններու միջոցով մասնակցելու Հայաստանի ամէնօրեայ կեանքին: Վարժարանիս 11-րդ, 12-րդ եւ արհեստից բաժնի աշակերտներուն հետ հանդիպում ունենալով` Ս. Գապաքեան աշակերտներուն շեշտեց այն իրականութիւնը, որ` «Հայաստան գալը անհրաժեշտութիւն մըն...

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԸ` ԲԱՆԱԿԻՆ ՀԵՏ

Այս տարի Հռիփսիմեանց երկրորդական բարձրագոյն վարժարանին մէջ աննախադէպ հանդիսութեամբ յիշատակուեցաւ Լիբանանի անկախութեան տօնը: Անկախութեան օրուան նախորդող շաբաթ, երկուշաբթի, 14 նոյեմբերի առաւօտ, դպրոցական առաջին զանգէն առաջ, լիբանանեան բանակէն ջոկատ մը զրահապատով մը դպրոց ժամանած էր նախապատրաստական աշխատանքներու համար: Աշակերտները, մեծով-պզտիկով, հետաքրքրուած էին դպրոցին մէջ կատարուող ամէն տեսակ արտասովոր շարժումով: Ի վերջոյ հասաւ հանդիսութեան պահը. օրուան ծրագիրը ունէր երկու հանգրուան, առաջին հերթին,...

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի արտադասարանային ծրագիրներու բաժինին, երկուշաբթի, 21 նոյեմբեր 2011-ի առաւօտեան ժամը 11:20-ին վարժարանի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն` նուիրուած Լիբանանի անկախութեան տօնին: Ներկայ բոլոր աշակերտութիւնը, ուսուցչական եւ տեսչական կազմերը, վարժարանի ծնողական օժանդակ մարմինի տիկինները, վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստի գլխաւորութեամբ, կատարեցին Լիբանանի պետական քայլերգը, որով մեկնարկեց Լիբանանի անկախութեան նուիրուած հանդիսութիւնը: Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց 12-րդ դասարանի աշակերտուհի...

ԴՊՐԵՎԱՆԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱՐԿՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՐԿՈՒ ԺՈՂՈՎՆԵՐՈՒՆ

Կիրակի, 23 հոկտեմբեր 2011, երեկոյեան ժամը 5:30, Պէյրութի Հըքմէ համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի աստուածաբանական հիմնարկներու (ՄԱԱՀ) նոր տարեշրջանի առաջին ժողովը: Դպրեվանքին կողմէ ժողովին մասնակցեցան Գէորգ սրկ. Սապունճեան (Դ. ընծայարան) եւ Սարգիս Կարապետեան (Ա. ընծայարան): Ժողովի ընթացքին ՄԱԱՀ-ի նախագահ ընտրուեցաւ Սեն Ժոզեֆ համալսարանէն քոյր Միշելը: Ապա ժողովը զբաղեցաւ 2012-ի «Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբաթ»-ին առիթով կազմակերպուելիք միջդպրեվանեան շարականներու համերգով եւ...

ՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԷՆ. ՊԱՐԶԱՆԻՆԵՐԸ` ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԵՒ ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ

Պարզանիները համաքրտական իմաստով քաղաքական եւ կրօնական առաջնորդող ուժ են: Անոնք մեծ դեր կատարած են պատերազմներու եւ քրտական ազատագրական պայքարներուն մէջ: Իրենց քաղաքական եւ զինուորական ուժին կողքին, անոնք կը մարմնաւորեն նաեւ իրենց կրօնապետական շէյխութեան ուժը եւ այդպիսով ալ իրենց անջնջելի կնիքը դրած են քիւրտ ժողովուրդի աշխարհահայեացքին եւ մտածողութեան վրայ:   ՔՐՏԱԿԱՆ ԱՄԷՆԷՆ ՀԻՆ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐԷՆ ՄԷԿԸ Պարզանիները քրտական ամէնէն հին ազնուական...

ՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ՀԻՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԷՆ. ՊԱՐԱԶԻՆԵՐԸ` ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՕՐԷՆ ԱԶԴԵՑԻԿ ՑԵՂԱԽՈՒՄԲ

Պարազիները առաջին աշխարհամարտէն ետք Սուրիոյ անկախութեան յառաջամարտիկներէն եղան եւ քաղաքական ազդեցիկ ուժ դարձան: Անոնք կը մնան հիւսիսային Ճեզիրէի ամէնէն ազդեցիկ ցեղախումբերէն մէկը: ՀԱՅԵՐՈՒ ՀԱՍՏԱՏՈՒՄԸ ՊԱՐԱԶԻՆԵՐՈՒ ՇՐՋԱՆԻՆ ՄԷՋ ԵՒ ԱՐԱԲ ՓՈՒՆԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ Առաջին համաշխարհային պատերազմի աւարտէն ետք, Ուրֆայի եւ այլ շրջաններու վերապրող գաղթական հայերը վերադարձած էին իրենց բնակավայրերը, բայց յետոյ, Մուսթաֆա Քեմալի ազգայնական շարժման պայմաններուն տակ կրկին բռնեցին գաղթի ճամբան: Ուրֆայի...

ՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԷՆ. ՊԱՐԱԶԻՆԵՐԸ` ՑԵՂԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀԻՆ ԱԶՆՈՒԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ԺԱՌԱՆԳՈՐԴՆԵՐ

Քրտական հին, մեծ եւ բազմաճիւղ ցեղային միութիւն են Պարազիները, որոնք կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած են պատմութեան մէջ, իշխանութիւն հաստատած են եւ իրենց զօրութիւնը տարածած են գլխաւորաբար Սուրուճի եւ Ուրֆայի շրջաններուն մէջ:   ՊԱՐԱԶԻՆԵՐՈՒՆ ԾԱԳՈՒՄԸ ԵՒ ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԸ Պարազիներուն օրրանը, ցեղային աւանդութեան համաձայն, Իրանի հիւսիս-արեւելեան Խորասան երկրամասն է, եւ Խորասանի ու Հերաթի իշխան Պարազ Պանտէ ցեղախումբին անուանադիր նախահայրն է: Պարազ կամ պիրէզ...

Page 114 of 114 1 … 113 114

Արխիւներ