Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի ապրիլ 2015-ին տարեկան պաշտօնական նիստին տեղի ունեցած է Հայ աւետարանական քոլեճի երկարամեայ տնօրէն, վաստակաւոր կրթական մշակ, պատմաբան դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արտասահմանեան անդամի վկայականի յանձնման արարողութիւնը:
Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի նիստը տեղի ունեցած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի նիստերու դահլիճին մէջ, 2 ապրիլ 2015-ին:
Նիստին ակադեմիկոս Եուրի Սուվարեան ներկայացուցած է Հայագիտութեան եւ հասարակական գիտութիւններու բաժանմունքի 2014-ի տարեկան գործունէութեան տեղեկագիրն ու հիմնական արդիւնքները, որոնք քննարկուած են ներկայ ակադեմիկոսներուն կողմէ: Ապա քննարկուած են ընթացիկ հարցեր:
Քննարկումէն ետք ներկայացուած են հետեւեալ գիտական զեկուցումները.
Ակադեմիկոս Գ. Ա. Պօղոսեան` «Հայ-թուրքական հասարակական յարաբերութիւնները եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը»:
Ակադեմիայի թղթակից-անդամ Ա. Վ. Աղասեան` «Հայոց ցեղասպանութեան արտացոլումը հայ կերպարուեստում»:
ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ Ա. Օ. Չուբարեան (Ռուսիա)` «Ի. դարը պատմութեան մէջ. պատմաբանի հայեացք»:
ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ Զաւէն Մսըրլեան (Լիբանան)` «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ բրիտանական դիւանագիտութիւնը (համառօտ ակնարկ)»:
ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ Գրիգոր Արէշեան (Մ. Նահանգներ)` «Հայոց անցեալի պարբերականացման քննական վերանայման արդիականութիւնը»:
ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ Ա. Եու. Ղազարեան (Ռուսիա)` «Հայկական ճարտարապետութեան ուսումնասիրութեան վիճակը եւ զարգացման հեռանկարները»:
ԳԱԱ արտասահմանեան անդամ Գ. Ա. Թոսունեան (Ռուսիա)` «Ռուսաստանի հակաճգնաժամային ռազմավարութիւնը սահմանափակումների պայմաններում»:
Տարեկան այս նիստին յաջորդ օրը` 3 ապրիլ 2015-ին տեղի ունեցած է Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի նորընտիր անդամներու վկայականներու բաշխումը` ձեռամբ ակադեմիայի նախագահ փրոֆ. Ռադիկ Մարտիրոսեանի, որ յայտնած է, թէ անցեալ դեկտեմբեր 27-ին ակադեմիան 100 թեկնածուներէ ընտրած է 17 գիտնականներ` իբրեւ արտասահմանեան անդամ, որոնց շարքին` դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը:
Ակադեմիայի 3 ապրիլի հրապարակային նիստի ընդմիջումին, ակադեմիայի բաժանմունքներու պետերու ներկայութեան, սեղմ շրջանակի մէջ, նիստին ներկայ հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը պարգեւատրած է «Մովսէս Խորենացի» շքանշանով, որ անոր շնորհուած էր 23 մայիս 2014-ին: