Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՄԸՄ Լիբանան Կը Մասնակցի Խորհրդարանին Մէջ Տեղի Ունեցած Սկաուտական Առաջին Հանդիպումին

Յունիս 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

image1IMAG3422Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին հրաւէրով եւ հովանաւորութեամբ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի,  կիրակի, 24 մայիս 2015-ին խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը, որ կը կրէր «Օրինագիծեր եւ օրէնքներ. սկաուտական սերունդներուն յոյսերը, նպատակներն ու ձգտումները» խորագիրը:  Այս հանդիպումին ՀՄԸՄ Լիբանանի շրջանը կը ներկայացնէին  ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անդամ, վարչութեան մէջ Սկաուտական խորհուրդի ներկայացուցիչ եւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի անդամ Վաչէ Նաճարեան, Շրջանային սկաուտական խորհուրդի փոխատենապետ Իշխան Մանիսաճեան, Շրջանային ընդհանուր խմբապետ Ժանօ Քէչէճեան, ինչպէս նաեւ Սելին Ատուրեան:

Խորհրդարանի խորհրդաժողովներու դահլիճին մէջ կայացած այս հանդիպումին բացումը կատարեց խորհրդարանի նախագահի ներկայացուցիչ երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր:

Ներկայ գտնուեցան` մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի ներկայացուցիչ Ժոզեֆ Սաատալլա, Իսլամական սկաուտութեան համաշխարհային ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Զուհէյր Ղանիմ, Սկաուտական արաբական յանձնախումբի նախագահ Եուսեֆ Խատտաժ, Արաբական սկաուտական կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղար Աթեֆ Ապտել Մեժիտ, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի վարչական խորհուրդի նախագահն ու անդամները, իսլամական «Ռիսալա» սկաուտական միութեան խմբապետ եւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի փոխնախագահ Հիւսէյն Աժմի, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախկին նախագահներ, սկաուտական միութիւններու նախագահներ եւ ընդհանուր ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ` Լիբանանի տարածքին գործող սկաուտական բոլոր միութիւնները ներկայացնող 18-20 տարեկան խմբապետներու պատուիրակութիւններ:

Հանդիպումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 11:00-ին: Լիբանանեան քայլերգի ունկնդրութենէն ետք սկաուտական ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Սայիտ Մաալիքի արտասանեց բացման խօսքը, որուն մէջ ան ողջունեց ներկաները` արժեւորելով այս հանդիպումը, որ իր տեսակին մէջ առաջինն է, եւ որուն վրայ պիտի հիմնուի սկաուտական շարժումներուն համար յուսադրիչ նոր հանգրուան մը:  Մաալիքի բարձր գնահատեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի դերակատարութիւնը եւ սկաուտական շարժումներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած հոգատարութիւնը, նկատի ունենալով, որ սկաուտական շարժումը առեւանգուած իմամ Մուսա Սատըրի սրտին խօսող եւ անկէ ժառանգուած կտակ մըն է:

Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի ընդհանուր ներկայացուցիչ, խմբապետ Ժորժ Նիսի իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց հանդիպումին էութեան եւ այդ հանդիպումէն ակնկալուած արդիւնքներուն կարեւորութիւնը` հիմնուելով Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին հովանիին տակ համախմբուած սկաուտական միութիւններուն կատարելիք առաջարկներուն վրայ:

Ապա խօսք առաւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի նախագահ Ժոզեֆ Խալիլ, որ ներկայացուց հանդիպումին նպատակները, անոնց գործադրութեան իմաստով ի գործ դրուելիք ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով Լիբանանի մէջ սկաուտական շարժումները բարեկարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Խալիլ շնորհակալութիւն յայտնեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի` դրուատելով երիտասարդներուն զօրակցելու իմաստով անոր դերակատարութիւնը:

Իր կարգին, երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր արտասանեց Պըրրիի խօսքը, որուն մէջ ան ողջունեց Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ առնուած կարեւոր քայլը` խորհրդարանին մէջ կայացնելու այս հանդիպումը, լուսարձակի տակ առնելու սկաուտական շարժումներուն առաքելութիւնն ու գործունէութիւնը, ինչպէս նաեւ` նախաձեռնութիւններ եւ բանաձեւեր որդեգրելու, որպէսզի խորհրդարանը մղուի օրէնքներ եւ օրինագիծեր մշակելու` Լիբանանի տարածքին գործող սկաուտական շարժումներուն աշխատանքին օժանդակող: Մուխայպեր մաղթեց, որ յառաջիկային եւս կարելի ըլլայ նման հանդիպումներ կազմակերպել:

Հանդիպումին ընթացքին սկաուտական միութիւններու խմբապետներն ու խմբապետուհիները ներկայացուցին շարք մը առաջարկներ: Այս առաջարկներու շարքին Սելին Ատուրեան ներկայացուց ՀՄԸՄ Լիբանանի առաջարկը` «Լիբանանի մէջ սկաուտական շարժումը քաջալերելու եւ արժեւորելու նպատակով Լիբանանի «Սկաուտի օր» յայտարարել` գործակցութեամբ զբօսաշրջութեան եւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութիւններուն, որովհետեւ այս քայլը  նոր սերունդներուն մօտ կ՛ամրապնդէ պատմութեան եւ քաղաքակրթութեան իմաստն ու հասկացողութիւնը»:

Առաջարկներուն լոյսին տակ երեսփոխաններ Մուխայպեր, Ապի Ռամիա եւ խմբապետներ Ապտել Մաժիտ, Խատտաժ եւ Խալիլ գնահատեցին առաջարկները ու խոստացան ճիգ չխնայել եւ այդ առաջարկներուն գործադրութիւնը խոչընդոտող արգելքները վերացնել` խորհրդարանի եւ յատկապէս մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբին, ինչպէս նաեւ մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարութեան աշխատանքներուն ընթացքին:

Այս առումով իսլամական «Ռիսալա» սկաուտական միութեան խմբապետ եւ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի փոխնախագահ Հիւսէյն Աժմի յայտնեց, որ Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին կողմէ կազմուած է յանձնախումբ մը` հետեւելու համար այս աշխատանքներուն:

Խորհրդարանին մուտքին խմբային լուսանկար մը առնելէ ետք, ներկաները ուղղուեցան խորհրդարանի հիմնական դահլիճը եւ նստան երեսփոխաններուն աթոռներուն վրայ: Երեսփոխան Ղասսան Մուխայպեր ներկայացուց խորհրդարանին պատմութիւնը եւ անոր անցած հանգրուանները, ինչպէս նաեւ` քաղաքացիներուն ծառայելու անոր առաքելութիւնը:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Յունիս 1965)

Յաջորդը

Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի 30-Ամեակը` Երգով Ու Պարով

RelatedPosts

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով.  Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք
Գաղութային

Ուսուցչաց Տօնին Առիթով. Վերարժեւորե՛նք Եւ Գնահատե՛նք

Մարտ 9, 2023
Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In