Լիբանանի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնին կազմակերպած «Սուրիոյ հայերը» գիտաժողովը յաջողութեամբ աւարտեց իր աշխատանքները:
Արդարեւ, կիրակի, 24 մայիսի երեկոյեան պաշտօնական բացման հանդիսութիւնը եւ յաջորդող երաժշտական խտասալիկի շնորհահանդէսը, երկուշաբթի, 25 մայիսէն չորեքշաբթի, 27 մայիս երկարող գիտաժողովի նիստերը, կլոր սեղանը, գիրքի շնորհահանդէսը եւ կից ցուցահանդէսը` Հայկազեան համալսարանին կողմէ հրամցուած գիտական-մշակութային տօնահանդէսի վերածուեցան:
Կիրակի, 24 մայիսի երեկոյեան, պաշտօնական բացման հանդիսութեան, կեդրոնի տնօրէն դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան անդրադարձաւ կեդրոնի առաքելութեան եւ գիտաժողովի նշանակութեան: Պոսթընի համալսարանէն փրոֆեսէօր Սիմոն Փայասլեան ներկայացուց սուրիահայութեան աւանդը: Ան հակիրճ անդրադարձաւ Ցեղասպանութենէն ետք գաղութի վերակազմաւորման, մշակութային վերելքին` մինչեւ Բ. Համաշխարհային պատերազմ: Ան այս վերելքը նկարագրեց սփիւռքագիտութեան տեսական գրականութեան երեք նախահամակարգերու (փերըտայմ) հիմամբ:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան կարդացուեցաւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական համայնքներու բաժինի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանի ողջոյնի գիրը: Բացման հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի փակման խօսքով:
Պաշտօնական բացման հանդիսութեան յաջորդեց տաղանդաւոր յօրինող, հալէպահայ Շողակ Աբարդեան-Սելիմեանի երաժշտական խտասալիկին շնորհահանդէսը:
Երկուշաբթի, 25 մայիսի առաւօտեան ժամը 8:30-ին սկիզբ առին գիտաժողովի նիստերը: Երեք օրերու նիստերուն ընթացքին կայացան ութ նիստեր, որոնց ընթացքին կարդացուեցան 33 զեկոյցներ` փորձագէտներէ ու մասնագէտներէ, որոնք եկած էին` Ճափոնէն, Միացեալ Նահանգներէն, Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Հայաստանէն, Հալէպէն, Քեսապէն եւ Պէյրութէն: Զեկոյցները խմբաւորուած էին ըստ բնագաւառներու`
1.- Պատմութիւն եւ պետութիւն,
2.- Հալէպ,
3.- Մշակոյթ,
4.- Ցեղասպանութեան հետեւանքները եւ
5.- Սուրիահայութիւնը` Սուրիոյ ներկայ տագնապին դէմ յանդիման:
Ներկայացնելով «Սուրիոյ սահմանադրութիւնները եւ փոքրամասնութիւնները» զեկոյցը` դոկտ. Ճոն Արմաճանի համեմատեց Սուրիոյ 1973-ի եւ 2012-ի սահմանադրութիւններուն տրամադրութիւնները` փոքրամասնութիւններուն հանդէպ: Ան հակիրճ կերպով անդրադարձաւ նախորդ սահմանադրութիւններուն եւ վերլուծեց սահմանադրութեան գլխաւոր հինգ սկզբունքները եւ անոնց ազդեցութիւնները` կրօնական փոքրամասնութիւններուն, ներառեալ` սուրիահայերուն վրայ: Հուսկ, ան քննարկեց կրօնական փոքրամասնութիւններուն հնարաւոր ապագան, մասնաւորաբար` Սուրիոյ եւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի մէջ:
Ի բացակայութեան դոկտ. Նորա Արիսեանի, անոր զեկոյցը կարդաց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող Ծաղիկ Քուլսահակեան: Դոկտ. Արիսեան` «Սուրիահայ երեսփոխաններու ներդրումը Սուրիոյ խորհրդարանական կեանքին մէջ» վերնագրեալ զեկոյցով, մեկնելով Սուրիոյ խորհրդարանի արխիւային նիւթերէն, կը ներկայացնէր 1928-2011 շրջանի Սուրիոյ խորհրդարանի հայ երեսփոխաններու կենսագրական գիծերը, ապա նաեւ անոնց ներդրումն ու մասնակցութիւնը` խորհրդարանի բոլոր ոլորտներու յանձնաժողովներուն, օրէնքներու նախագիծերու քննարկումի եւ մշակումի աշխատանքներուն:
Մարիա Գաբրիէլեան ներկայացուց վերջին երկու տասնամեակներու Բերիոյ հայոց թեմի Ազգային առաջնորդարանի մշակութային վերելքը, անդրադարձաւ թեմի կառոյցին, գործունէութեան մարզերուն, ապա մանրամասնեց իւրաքանչիւրը:
Փրոֆ. Թալին Տէր Մինասեան լուսարձակի տակ առաւ միջազգային համայնավարութեան մէջ սուրիահայ դերակատարները եւ անոնց դերը Սուրիոյ Համայնավար կուսակցութեան յառաջացման` ֆրանսական իշխանութեան տարիներուն:
Դոկտ. Արման Եղիազարեանի զեկոյցը ի բացակայութեան կարդաց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող Վանայ Դանիէլեան: Զեկոյցը կը մանրամասնէր սփիւռքահայութեան հետ Մշակութային կապի կոմիտէի գործունէութիւնը սուրիահայութեան մէջ` շեշտելով, որ իր հիմնումէն սկսեալ (1964) կոմիտէն կարեւոր նկատած է իր աշխատանքները յատկապէս Միջին Արեւելքի հայ համայնքներուն հետ, աւելցնելով, որ այդ յարաբերութիւնները կատարուած են երկու հարթակներով` կազմակերպական եւ անհատական, ու կապեր հաստատուած են միայն այն կազմակերպութիւններուն ու անհատներուն հետ, որոնք «յառաջդիմական» համարուած են:
Դոկտ. Արթուր Իսրայէլեան ներկայացուց Հայաստանի եւ Սուրիոյ պետական յարաբերութիւնները (1992-2008)` առանձնացնելով այդ յարաբերութեանց դիւանագիտական եւ քաղաքական ոլորտները, վերլուծելով նաեւ հայ-սուրիական իրաւապայմանագրային դաշտը:
Կարելի եղաւ «Սքայփ»-ով կապուիլ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութենէն դոկտ. Ֆիրդուս Զաքարեանին հետ, որ ի ներկայութեան նախարարութեան աշխատակիցներու խումբին, ներկայացուց նախարարութեան վերջերս տարած աշխատանքները` Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու աջակցութեան առումով:
Վարդի Քէշիշեան ներկայացուց Հալէպի պատմական դերակատարութիւնը` ԺԶ.-ԺԷ. դարերուն, երբ ճելալիներու ասպատակութիւններուն իբրեւ հետեւանք` Կիլիկիան վերածուած էր անապահով գօտիի, որով Սիսի կաթողիկոսութիւնը ստիպման տակ եղած էր ասպնջականութիւն փնտռելու Հալէպ` իբրեւ ամէնէն մօտ ու լաւագոյն տարբերակ: Քէշիշեան իր զեկոյցին մէջ շեշտեց, որ վերոյիշեալ ժամանակաշրջանը չնշանաւորուեցաւ միայն կրօնական ասպնջականութեամբ, այլ նաեւ Հալէպ, ապրելով իր ոսկեդարը, միջնադարեան հայ մշակոյթի գրեթէ բոլոր ճիւղերը զարգացման նշանակալի վերելք ունեցան հոն: Այսպիսով, Հալէպը կարեւոր յենակէտ հանդիսացաւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ տարածաշրջանի հայութեան ու հայ մշակոյթին համար:
Փրոֆ. Հիտեմիցու Քուրոքիի զեկոյցը հիմնուած էր զուտ արխիւային տուեալներու վրայ: Ան ուսումնասիրելով ԺԹ. դարու օսմանեան հարկային արխիւները` ներկայացուց Հալէպի հարկատու հայերը այդ դարուն: Ան խմբաւորեց հալէպաբնակ հայերն ու պանդուխտները, ապա նաեւ անոնց ծննդավայրերը, արհեստները եւ այլն:
Փրոֆ. Սիմոն Փայասլեան ներկայացուց Հալէպի առաջնորդարանի Ի. դարու (մինչեւ 1980-ականներ) գործունէութիւնը` անդրադառնալով նաեւ անոր յարաբերութիւններուն` Խորհրդային Հայաստանի ու Հայաստանի Հանրապետութեան հետ, վերջինիս անկախութենէն ետք:
Գիտաժողովին միակ լեզուաբանական բնոյթի զեկոյցը ներկայացուց դոկտ. Հայկանուշ Մեսրոպեանը` լուսարձակի տակ առնելով Գարեգին Ա. Սարգիսեան կաթողիկոսի նորաբանութիւնները եւ անոնց տեղը` հայերէնի բառապաշարի հարստացման մէջ: Ան մանրամասնեց այս նորաբանութիւններուն կառոյցին, արմատ բառերուն բնոյթին եւ շեշտեց, որ երջանկայիշատակ հայրապետին բառապաշարը արեւելահայերէնի եւ արեւմտահայերէնի իւրօրինակ համադրութիւն մըն է:
Դոկտ. Յակոբ Չոլաքեան զեկուցեց սուրիահայ կրթական գործի կազմակերպումին մասին, թէ ինչպէ՛ս զինադադարէն ետք վերականգնեցան հայկական աւանդական դպրոցները, եւ հիմնուեցան նորերը` կազմուած նոր հայօճախներու լոյսին տակ: Դոկտ. Չոլաքեան վերլուծեց 1919-1960 երկարող շրջանի սուրիահայ դպրոցներու խմբաւորումները եւ անոնց անցած վարչակառավարման ուղին:
Սիլվի Աբէլեան առանձնացուց Քեսապի տեղը հայ գրականութեան մէջ` լուսարձակի տակ առնելով հայ ազգագրական եւ բանահիւսական գրականութեան մէջ Քեսապի մասին եղած նիւթերն ու գիրքերը, ապա նաեւ` Քեսապի արձագանգներուն հայ գեղարուեստական գրականութեան մէջ, մանաւանդ 1940-ականներէն սկսեալ, վերլուծելով Քեսապի մասին գրականութեան բնոյթը, դրդապատճառները:
Մարուշ Երամեան զեկուցելով վերջին տասնամեակի հալէպահայ բանաստեղծութեան մասին` ընդգծեց, որ վերջին տասնամեակին հալէպածին բանաստեղծներու ներկայութիւնը զգալի եղած է Հալէպի մէջ: Երամեան վերլուծեց այդ երեւոյթին տուն տուող պատճառները, արձանագրած զարգացումները եւ ունեցած ազդեցութիւնը` հալէպահայ մշակոյթին վրայ, առանձնացնելով գրական այս վերելքին տպագիր դրսեւորումները եւս:
Խաչիկ Մուրատեանի զեկոյցը կ’առնչուէր Հայոց ցեղասպանութեան շրջանին գաղթակայաններու մէջ տիրող փոխյարաբերութեանց: Ո՞վ կը տնօրինէր գաղթակայանը, ո՞վ կը գործադրէր օրէնքը, ինչպէ՞ս, որո՞ւ միջոցով կարելի եղաւ գոյատեւել գաղթակայանի անկարելի պայմաններուն եւ նման էական հարցեր` նիւթը կազմեցին այս զեկոյցին:
Միհրան Մինասեան ներկայացուց յետեղեռնեան առաջին իսկ օրերէն ծայր առած հարազատներու փնտռտուքի գործընթացը: Ան ընդգծեց, որ որոնումի այս աշխատանքները ունէին համակարգուած բնոյթ. կազմուած էր աշխատանքային ցանց մը, որ կը զբաղէր փնտռուողի տուեալներու արձանագրութիւն-տարածումէն մինչեւ տեղեկահաւաքի եւ, գտնուելու պարագային, փնտռուողն ու փնտռողը միացնելու աշխատանքներով: Դժբախտաբար, սակայն, հակառակ տարուած օղակաւորուած աշխատանքին, շատ քիչերն են, որ կրցած են գտնել իրենց հարազատները:
Դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան ներկայացուց ՀԲԸ Միութեան Հալէպի Ապաստանարան-արհեստանոցի գործունէութիւնը` 1919-1927 շրջանին: Ան զեկուցեց Ապաստանարանի ծննդոցին, ներքին կառավարման, մատակարարման, բժշկական պայմաններուն մասին, եւ մանրամասնեց պատսպարեալներու թիւին, ծննդավայրին, տարիքին, անուան, ազատագրման պայմաններուն եւ հայ հաւաքականութեան մէջ վերահամարկումի գործընթացը:
Անի Ոսկանեան լուսարձակի տակ առաւ օսմանեան բանակին մէջ ծառայած հայ բժիշկները (ինչպէս Ճէպէճեան եւ Ալթունեան), որոնք հետագային անցան Հալէպ եւ իրենց մասնագիտական ծառայութիւնները մատուցեցին հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս Հալէպի բնակչութեան` զարկ տալով նաեւ Սուրիոյ մէջ բժշկութեան զարգացման:
Դոկտ. Չոլագեանի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր արմատախլուած հայութեան Սուրիոյ տարբեր վայրերու մէջ տեղաւորման: Ան մանրամասնեց գաղթականական տարբեր ալիքները եւ նշեց իւրաքանչիւր ալիքի տեղաւորման վայրերը, պայմանները: Ապա ան անդրադարձաւ այդ հաւաքականութիւններուն կազմակերպչական աշխատանքներուն եւ, հուսկ, անոնցմէ շատերուն դադրեցման` ներգաղթի, արտահոսքի եւ այլ պատճառներով:
Դոկտ. Արիսեանի երկրորդ զեկոյցը կը վերաբերէր դամասկահայութեան: Ի բացակայութեան, անոր զեկոյցը կարդաց Հայկազեան համալսարանի հայագիտական ուսմանց ուսանող Նարեկ Հաննէեան: Զեկոյցը կը մանրամասնէր յետցեղասպանութեան Դամասկոսի մէջ հայոց ներկայութիւնը, համայնքի յառաջացումն ու ձեւաւորումը, հուսկ` կազմակերպման ընթացքն ու հոլովոյթը:
Զեկոյցը կը շեշտէր նաեւ դամասկահայութեան առնչութիւնները` տեղի արաբ ընկերութեան հետ եւ լուսարձակի տակ կ’առնէր դամասկահայ կարգ մը հանրային դէմքեր:
Դոկտ. Վահէ Թաշճեան ներկայացուց 1920-ականներու երկրորդ կիսուն տեղի ունեցած հայ գաղթականութեան նոր ալիքի մը իբրեւ հետեւանք Տիգրանակերտէն արեւելք եւ Պիթլիսէն հարաւ-արեւմուտք գտնուող գիւղական շրջաններ եկած քրտախօս հայերու տեղաւորումը Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան ծայրամասը, եւ այն նպատակները, զորս ֆրանսական հոգատար իշխանութիւնը կը հետապնդէր` նման աշխարհագրական վայրի մը մէջ քրիստոնեայ գաղթականութիւն մը տեղաւորելով:
Խաչիկ Մուրատեանի երկրորդ զեկոյցը որոշ չափով կ’ամբողջացնէր առաջինը: Ան մանրամասնեց այն քայլերը, որոնք առնուեցան արմատախլումէն, սուրիական անապատներէն մազապուրծ` Տէր Զօր կուտակուած շուրջ 200,000 հայերու բնաջնջումին` 1916-ին: Մուրատեան բացատրեց լախտի վերջին այս հարուածին տուն տուող պատճառները եւ հետեւանքները:
Դոկտ. Շողիկ Աշըգեան լուսարձակի տակ առաւ քեսապահայութեան 2014 մարտի տեղահանութեան պարագան: Ան ականատեսի վկայութեամբ ներկայացուց քեսապահայութեան երրորդ տեղահանութիւնը, ոմանց Հայաստան մեկնումը` իբրեւ հայրենացում, եւ կորովի գոյներով ներկայացուց քեսապահայերու տունդարձն ու բնութեան հետ անոնց վերաշաղախումը:
Սօսէ Փիլաւճեանի զեկոյցը ի բացակայութեան կը կարդար Զմմառեան միաբանութեան սան Արարատ Աղաճանեան: Զեկոյցը լուսարձակի տակ կ՛առնէր սուրիահայ մշակութային կորուստը` մանրամասնելով Փիլաւճեաններու հաւաքածոյի տխրագոյն ճակատագիրը: Ան կը թուարկէր այն փաստաթուղթերը, վաւերագիրները, լուսանկարները, վկայականները, ձեռագործները, այլեւայլ հնութիւնները, որոնք Փիլաւճեաններու բնակած շէնքի փլուզումով հողին հաւասարեցան եւ անվերականգնելիօրէն մատնուեցան վերջնական կորուստի: Զեկոյցը այս կորուստը կը զետեղէր սուրիահայ մշակոյթի կորուստի համապատկերին մէջ:
Մարուշ Երամեանի երկրորդ զեկոյցը նուիրուած էր պատերազմի գրականութեան: Տակաւին յառաջացող այս գրականութիւնը Երամեան խմբաւորեց ըստ սեռի եւ ընդգծեց Դիմատետրի ու ընկերային համացանցերուն խաղացած դերը` իբրեւ նորատեսակ գիրք ու թուղթ, որոնցմով լայն շրջանառութեան մէջ կը դրուին այս գրականութեան նիւթերը:
Յակոբ Միքայէլեան զեկուցեց հայ-արաբ թարգմանական գրականութեան սուրիահայ աւանդին մասին: Միքայէլեան լուսարձակի տակ առաւ մանաւանդ Ի. դարու վերջին երեք տասնամեակները, երբ սուրիահայեր, մանաւանդ հալէպահայեր, լծուեցան թարգմանութեան` նկատելով անոր անհրաժեշտութիւնը եւ խաղացած դերը երկու ժողովուրդներու մշակութային մերձեցման մէջ:
Միքայէլեան գնահատելով հանդերձ տարուած աշխատանքը, զայն բաւարար չգտաւ, անոր սիրողական հարթակի վրայ գտնուելուն եւ հաստատութենական, համակարգուած բնոյթ չունենալուն համար:
Խորէն Գրիգորեան զեկուցեց Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու հետ ունեցած իր հարցազրոյցներէն կազմած եզրայանգումներուն մասին: Ան ընդգծեց, որ հարցապնդուողները իրենց այս վիճակը կը նկատեն վերագաղթում, իսկ այս գաղթը` որպէս Ցեղասպանութեան յիշողութեան նոր խթան, որ կ’ընկալուի իբրեւ «գաղթի ճանապարհի շարունակութիւն»: Ուստի, կը բացայայտուի Հայոց ցեղասպանութիւնը ապրածներու արդէն 3-րդ եւ աւելի սերունդներու մօտ Ցեղասպանութեան եւ անոր իբրեւ հետեւանք գաղթի ճանապարհը բռնած «ճակատագիրի» նորովի ընկալում:
Դոկտ. Թեհմինէ Մարտոյեանին զեկոյցը կ՛առանձնացնէր Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ սուրիահայերու տեղաւորման եւ համարկման գործընթացը: Ան լուսարձակի տակ առաւ պատկան մարմիններու ընդառաջումը ժամանող գաղթականներու կարիքներուն` ընդգծելով, որ կը բացակայէին յստակ եւ համակարգուած ծրագիրներ: Ան մանրամասնեց ծառացած խնդիրները` հասարակութեան աւելի դրական ընդունումը սուրիահայերուն, հայրենիքի հոգածութիւնը եւ այլն: Ան շեշտեց, որ ճիգ պէտք է տանիլ, որ սուրիահայերը վերաիմաստաւորեն իրենց կեանքը ու իրենց ապագան հայրենիքի մէջ տեսնեն, մանաւանդ որ անոնց մէջ հայրենիքը լքելու վտանգ կայ:
Արմենակ Թոքմաճեան ուրուագծեց Հալէպի ճարտարապետական վերականգնումի տարբերակները: Ան մեկնելով Պէյրութի եւ պատերազմէ աւերակուած այլ քաղաքներու վերակառուցման օրինակներէն` շեշտեց, որ արդէն իսկ պէտք է ծրագրել Հալէպի ճարտարապետական վերակառուցումը եւ չսպասել պատերազմի աւարտին: Որովհետեւ, ան բացատրեց, վերակառուցումը կը սկսի պատերազմի ընթացքին ու անոր աւարտէն անմիջապէս ետք: Հուսկ ան շեշտեց վերակառուցման առնչութեամբ ընկերային, պատմական, տնտեսական գործօններու հաշուառումը` վերակառուցման ծրագրաւորումի ատեն:
Գիտաժողովի վերջին զեկուցողը եղաւ Գէորգ Յակոբճեան, որ ներկայացուց յետպատերազմեան Սուրիոյ սահմանադրական դիմագիծի կարելի տարբերակներ, որոնք կ’երաշխաւորեն հայ եւ այլ փոքրամասնութիւններու հանդէպ անխտրականութիւնը եւ անոնց խաղաղ ու ստեղծարար գոյատեւումը Սուրիոյ մէջ:
Նիստերը վարեցին դոկտ. Արտա Էքմեքճի, դոկտ. Արշալոյս Թոփալեան, դոկտ. Անահիտ Տօնապետեան, Վերա Եագուպեան, դոկտ. Զաւէն Մսըրլեան, դոկտ. Պարոյր Աղպաշեան, դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան եւ դոկտ. Անդրանիկ Տագէսեան:
Ի տարբերութիւն մայիս 2014-ի գիտաժողովին, որ կը կրէր «Լիբանանի հայերը, Բ.» վերնագիրը, Սուրիոյ հայերուն նուիրուած այս գիտաժողովը աւելի հարուստ էր ընդհանուր առմամբ: Զեկոյցները թիւով աւելի էին, նիւթերը` աւելի ընդգրկուն եւ կը վերաբերէին սուրիահայութեան զանազան ոլորտներուն: Այդուհանդերձ, կային բնագաւառներ, որոնց չանդրադարձան զեկուցումները: Պէտք է ըսել նաեւ, որ երեք զեկուցումներ, կամքէ անկախ պատճառներով, կարելի չեղաւ ներկայացնել: Չիրականացաւ նաեւ այնթապցի, հալէպահայ Գալէմքեարեաններու պղնձագործութեան նուիրուած դասախօսութիւնը, դարձեալ կամքէ անկախ պատճառներով:
Գիտաժողովին մասնակիցները` փորձագէտներ թէ մասնագէտներ, լաւապէս կը տիրապետէին իրենց արծարծած նիւթերուն: Զեկոյցները կը զանազանուէին թէ՛ նիւթի բնոյթով, թէ՛ մեթոտաբանութեամբ եւ թէ՛ յառաջացման եղանակով:
Ազատ, անմիջական, երկար եւ խորունկ քննարկումներու եւ վերլուծումներու ընդմէջէն լուսարձակի տակ առնուեցան սփիւռքահայութեան կեանքին մէջ սուրիահայութեան խաղացած պատմական դերն եւ ունեցած տեղը: Ընդհանրական արժեւորում կատարուեցաւ սուրիահայութեան նշանակութեան` հայ իրականութեան մէջ առհասարակ եւ հայրենիքի դերակատարութեան:
Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան զեկուցաբերներուն կողքին ներկայ եղան Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, Սուրիոյ Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան եւ Դամասկոսի հայոց առաքելական թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեան: Ներկայ եղան նաեւ մեծաթիւ ունկնդիրներ:
Գիտաժողովը նաեւ մէկտեղում մը եղաւ սուրիաբնակ, նախկին սուրիահայ եւ ընդհանրապէս սուրիահայութեամբ եւ սփիւռքի ուսումնասիրութեամբ զբաղող փորձագէտներու, հետազօտողներու, մտաւորականներու եւ հետաքրքրուողներու, ուր շաղախուեցան նոր մտածումներ, հաստատուեցան նոր ծանօթութիւններ եւ յարաբերութիւններ, որոնք, վստահ ենք, պիտի ծառայեն սփիւռքագիտութեան կայացման:
Բարերար Երջօ Սամուէլեանի նուիրատուութեամբ կեանքի կոչուած Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնը շնորհակալ է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հաստատութեան հայկական համայնքներու բաժինին, որ նիւթական կարեւոր աջակցութեամբ մը գնահատեց գիտաժողովը:
Յառաջիկայ տարուան կեդրոնի գիտաժողովի նիւթ որոշուած է «Յորդանանի հայերը» թեման: Այդ գիտաժողովը կը ծրագրուի կայացնել 2016 մայիսին: Ծրագրային նախապատրաստական աշխատանքները արդէն իսկ ընթացքի մէջ են այս առնչութեամբ:
Երկուշաբթի, 25 մայիսի երեկոյեան ժամը 7։30-ին, գիտաժողովի առաջին օրուան չորրորդ նիստի փակումէն պահ մը ետք, տեղի ունեցաւ «Սուրիոյ տագնապը եւ սուրիահայութիւնը» նիւթով կլոր սեղան: Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեանի եւ Դամասկոսի հայոց առաքելական թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանի մասնակցութեամբ կայացած այս հանդիպումը յատուկ ուշադրութեան առարկան դարձաւ Լիբանան հաստատուած սուրիահայերու, սրտցաւ լիբանանահայերու եւ պատկան պատասխանատուներու:
Զրուցավարութեամբ Հայկազեան համալսարանի նախագահ վեր. դոկտ. Փոլ Հայտոսթեանի, այս հանդիպումը եղաւ բացառիկ` իր անմիջականութեամբ, թափանցիկութեամբ, մարդկային երեսակներու եւ ապրումներու իր դրսեւորումներով, արծարծուած նիւթերու խտութեամբ եւ անկեղծութեամբ: Հարցադրումները եղան սուր եւ խորաչափուած, իսկ պատասխանները եկան տարիներէ ի վեր սուրիահայ կրօնական հօտերուն նախանձախնդրօրէն հոգածու եւ սրտցաւ, անոնց հետ նոյն տագնապները ապրող հոգեւոր առաջնորդներէն: Քննարկումները չանդրադարձան քաղաքական երեսակին, այլ լուսարձակի տակ առին մարդկային յարաբերութիւնները, ընկերային, առողջապահական, ապահովական տագնապները, կրթական մարզը, քանդումները, տեղափոխումները, սփիւռքահայ եւ հայրենի աջակցութիւնը, բարոյական զօրակցութիւնը: Հոգեւոր առաջնորդներուն մօտ զգալի էին հոգեկան խռովքի, նախկին փորձերէն օգտուելու, աջակցութեան, թիկունք կանգնելու, պատասխանատուութիւններու հարցերը:
Գիտաժողովի նիստերու երկրորդ օրուան աւարտէն ետք, երեկոյեան ժամը 6:30-ին տեղի ունեցաւ նախկին հալէպահայ Կիրակոս Գույումճեանի գիրքերուն շնորհահանդէսը: Գույումճեան ծանօթ է վերջին տասնհինգ տարիներուն արաբական տեղական եւ միջազգային մամուլին մէջ հայկական նիւթերով լուրջ յօդուածներու հրատարակումով:
Նիստերու երրորդ եւ վերջին օրուան աւարտի երեկոյեան Հայ աւետարանական «Արմիս» երգչախումբը հրամցուց «Մթնշաղէն դէպի արշալոյս» երաժշտական համերգը` մասնակցութեամբ մեցօ-սոփրանօ Աննա Մայիլեանի (դաշնակի ընկ.` Էլեն Կիրակոսեան), խմբավարութեամբ վեր. Ներսէս Պալապանեանի (դաշնակի ընկ.` Սեւան Պալապանեան):
Գիտաժողովի ամբողջ տեւողութեան ցուցադրուած մնացին Սուրիա տպուած, Սուրիոյ եւ հայութեան վերաբերեալ եւ հայ գրականութենէն թարգմանուած շուրջ 30 գիրքեր, որոնք ճաշակ մը կու տային սուրիահայ թարգմանական ճիգին:
Ցուցադրուած էին նաեւ լուսանկարիչ Վարդան Տէրունեանի` Հալէպի գաղթակայանին վերաբերող 1920-1930-ականներու նկարներ, ինչպէս եւ` Հալէպի ու Այնթապի հայ պղնձագործներու պղնձեայ ստեղծագործութիւններէն նմուշներ:
ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՍՓԻՒՌՔԻ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆ