Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջանային վարչութեան, հինգշաբթի, 28 մայիս 2015-ին «Գ. Եսայեան» սրահը դարձաւ ժամադրավայրը հալէպահայութեան, որ հայու միասնական ոգիով տօնախմբեց մեր պատմութեան ամէնէն փայլուն էջերէն մէկը հանդիսացող 28 մայիս 1918-ի Հայաստանի անկախութեան տօնը:
Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբի կատարողութեամբ հանդիսութիւնը սկիզբ առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի քայլերգներով: Հանդիսավար Յուշիկ Ղազարեան յաջորդաբար հրաւիրեց բացման խօսք կատարողները: Հայերէն խօսք արտասանեց Սիրուն Քէշիշեան, որ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութենէն ետք, Արամ Մանուկեանի ղեկավարութեամբ հայ ժողովուրդի ձեռք բերած մեծ նուաճումին, որ արգասիքն էր ազատատենչ հայու անկոտրում կամքին եւ վճռակամութեան:
Արաբերէնով խօսք արտասանեց Արա Մութաֆեան, որ նշեց, թէ հայրենիքի ազատագրումին համար ժողովուրդի բոլոր խաւերը պէտք է իրենց ներդրումը ունենան: Իր խօսքի աւարտին ան մաղթեց, որ խաղաղութեան աղաւնին դարձեալ սաւառնի սուրիական հայրենիքի երկնակամարին տակ:
Համազգայինի «Զուարթնոց» երգչախումբը` գեղարուեստական ղեկավարութեամբ Յարութիւն Ալապոզանեանի եւ դաշնակի ընկերակցութեամբ Ռուզան Պարսումեանի, յաջորդաբար ներկայացուց «Ելէք քաջեր» խմբերգը, ապա «Հաւատքի երգ»ը` մենակատարութեամբ Եղիա Քիլէճեանի:
Համազգայինի Թատերական միաւորի Ա. մանկապատանեկան ասմունքի խմբակէն Լոռի Արամեան ասմունքեց «Քարտէսը» քերթուածը:
Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց բաժինը բերին նաեւ «Բ. Կանաչեան» երաժշտանոցի ուսուցչուհի Ռուզան Պարսումեան (դաշնակ), Անժէլ Շէօհմէլեան (քանոն), որոնք ներկայացուցին Խաչատուր Աւետիսեանի «Անուրջներ» ստեղծագործութիւնը:
Հայ ժողովուրդի յաղթանակի վեհ զգացումներուն արտայայտիչը դարձաւ Համազգայինի «Սարդարապատ» պարախումբը` ներկայացնելով «Կիլիկիա» եւ «Բերդ» պարերը:
Հայաստանի անկախութեան նուիրուած ասմունքի համադրումով ելոյթ ունեցաւ Պէթի Քիլէրճեան:
Ազգային եւ յեղափոխական շարք մը երգերով յաջորդաբար բեմ բարձրացան երգիչներ` Սուրէն Աճէմեան, Խաչիկ Աշճեան, Ճորճ Գալայճեան եւ Կարօ Սուսանի, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թօփճեանի:
Ելոյթը իր աւարտին հասաւ «Սարդարապատ» պարախումբի «Եռագոյնը» պարով:
Հալէպահայութեան Ամրոց` «Արամ Մանուկեան»
Ժողովրդային Տան Հիմնադրութեան 25-Ամեակ
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, կազմակերպութեամբ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան խնամակալութեան, ներկայութեամբ հալէպահայ համայնքապետներուն, պատկան մարմնին, ազգ. իշխանութեան, ինչպէս նաեւ մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներուն շաբաթ, 30 մայիս 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին հալէպահայութիւնը համախմբուած էր իր հարազատ օճախին` «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան «Սպիտակ» սրահին մէջ նշելու այս վիթխարի ամրոցին հիմնադրութեան քսանհինգամեակը:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հռիփ Կանանեան, որ հանգամանօրէն ներկայացուց «Արամ Մանուկեան» տան հիմնադրութեան պատմական արժէքն ու ներկայ առաքելութիւնը ըսելով. «Կեդրոնի շինութեան գաղափարը, երազն էր պատկան մարմինին Ազգ. իշխանութեան եւ Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Սուրէն արք. Գաթարոյեանին: Անոնց բարոյական աջակցութեամբ, հիմնական մեծ բարերարներու ներդրումով եւ ժողովուրդի նիւթական օժանդակութեամբ բարձրացաւ կոթողային այս կառոյցը, որուն նախագիծը պատրաստած է դոկտ. Հէյսէմ Գուլի, իսկ իրագործումը ամբողջացուցած են ճարտարապետներ` Անդրանիկ Մարկոսեան, Նշան Օղիկեան եւ Կարպիս Թովմասեան»:
Ան հաստատեց, որ այս շէնքին գոյութիւնը կը փաստէ, թէ հալէպահայութիւնը գիտէ քաղաքակրթութեան պահանջքներուն համաձայն կեդրոն մը հիմնել: Կեդրոն մը, որ անկախ իր մարզական, մշակութային, բարեսիրական եւ երիտասարդական բաժանմունքներուն, մնայուն հասութաբեր ձեռնարկութիւն մըն է, որ միանգամընդմիշտ կը ձերբազատէ միութիւնները իրենց նիւթական մտահոգութիւններէն:
«Վերջին քառամեակին մարդիկ փորձեցին քարու-քանդ ընել մեր քաղաքը, սակայն թշնամի գրոհներուն դէմ տակաւին կանգնած է մշակոյթի անխորտակելի այս ամրոցը, հայութեան միջնաբերդը, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունը, որ ամէն կարելիութիւն ընձեռած է մեր գործունէութեանց գոյատեւման ի խնդիր: Այսօր ասիկա, մեղուաբոյնի մը վերածուած, դարձաւ պատանիին ու երիտասարդին ժամադրավայրը», դիտել տուաւ Հ. Կանանեան:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Արմէն Խորոզեան յաջորդաբար մեներգելով «Վեր Կաց Հալէպ», խօսք` Գրիգոր Տունկեանի, երաժշտութիւն` Ժիրայր Ռէյիսեանի եւ «Հայաստան Իմ Չքնաղ», խօսք եւ երաժշտութիւն` Արթիւր Գրիգորեանի:
Ապա վաւերագրական տեսերիզի ընդմէջէն ներկայացուեցաւ «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տան պատմականը` հիմնարկէքէն մինչեւ օրս:
Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցաւ Ճորճ Շահինեան, որ դրուատելով մայիս 28-ի խորհուրդը նշեց. «Անցեալ դարու առաջին Ցեղասպանութենէն ետք, հայապահպանման եւ հայակերտումի գերագոյն հրամայականներուն որպէս յենարան եկեղեցին, դպրոցը եւ ակումբը դարձան այն եռեակ կռուանները, որոնք թրծեցին հայ երիտասարդութիւնը եւ կազմաւորեցին անոր հայեցի նկարագիրը: Այսօր, այս հոգեհարազատ սրահին մէջ, համախմբուած ենք հանդիսաւոր կերպով նշելու մեր շքեղ ու պատուաբեր ազգային տան քսանհինգերորդ տարեդարձը, որուն շուրջ բոլորուեցան հալէպահայ տարբեր սերունդներ ու վերանորոգուեցան մայիսեան ոգեշնչող ազգային իտէալներով, իրենց կեանքի օրինակը առնելով Արամ Մանուկեաններու շառաւիղներէն: Այս տագնապալիօրերուն Արամ Մանուկեանի լուսաշող անունը կրող այս կառոյցը թող ըլլայ թելադրական ու ոգեշնչող դարբնոցը հալէպահայութեան: Սիմոն Վրացեանի բառերով «Ազգային Տուն, կեցցե՛ս դուն յաւէտ»: Տունը ձերն է, միշտ եկէ՛ք»:
Յայտագիրի վերջին բաժինով տեղի ունեցաւ տարիներու վաստակ ունեցող հալէպաբնակ խնամակալներու պարգեւատրում յատուկ գնահատագիրներով` առ ի երախտագիտութիւն անոնց տարած նուիրեալ ծառայութեան:
Անոնք են` Յարութիւն Պարսամեան, Սարգիս Մարութեան, Մանուկ Ղազէլեան, Մանուկ Գանտիլեան, Ճորճ Գատէհճեան (յետ մահու), Ներսէս Ղարիպեան, Հրանդ Միշոյեան, Ճորճ Տարագճեան, Ճորճ Մինասեան, Սարգիս Փափազեան, Մովսէս Քէօշկէրեան, Կարպիս Սերայտարեան (յետ մահու), Սարգիս Կիրակոսեան, Վարդան Առաքելեան, Մակար Մակարեան, Տարօն Մակարեան, Յովսէփ Մուրատեան, Մայք Արապեան, Վահէ Չաղլասեան, Յովհաննէս Մանսուրեան, Արտաշէս Փայասեան, Անի Քէչէճեան, Շահէ Թաշճեան, Լիզա Լալէեան, Կարպիս Թաթարեան, Յակոբ Գրճալեան, Անի Ոսկերիչեան, Կարօ Քէպապճեան, Հրաչ Ղազէլեան, Թագաւոր Թագաւորեան, Վիգէն Գասապեան, Արփի Սաղպազարեան, Ծովիկ Թէփիրճեան:
Աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն. «Հայաստանի ռահվիրան Արամ Մանուկեան յատկանշուած էր ազնուականութեամբ ու արիութեամբ, եւ ան պատերազմի տագնապալի օրերուն սառնասիրտ չնստեցաւ Թիֆլիսի մէջ, այլ միշտ պատնէշի վրայ էր եւ երբեք չլքեց իր ժողովուրդը: Ան հորիզոնին վրայ յաղթանակներ կերտելու տեսիլքով ապրած անձնաւորութիւն մըն էր, որուն օրինակով առաջնորդուած հալէպահայութիւնը ունեցաւ իր ժողովրդային տունը, հայօրէն շնչելու ու հայօրէն ապրելու: Նոյն ոգիով է, որ այսօր նեղութեան, տագնապի ու պատերազմի մէջ, մեր եկեղեցիներու եւ դպրոցներու կողքին, «Արամ Մանուկեան» ժողովրդային տունը դարձաւ կեդրոնական ներկայութիւն եւ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը, սուրիահայութեան ամրոցը հանդիսանալով եւ գալիքին նկատմամբ յոյս ներշնչելով»:
Հանդիսութենէն ետք ներկաները հրաւիրուեցան հացկերոյթի «Անի» ճաշասրահին մէջ: Օրուան հանդիսավարներն էին` Բալիկ Աւագեան եւ Արմէն Քէօշկէրեան: Հայկական, ժողովրդային եւ ազգային երգերով հանդէս եկան երգիչներ` Ճորճ Գալայճեան, Սուրէն Աճէմեան, Մհեր Մինասեան եւ Համբիկ Հէքիմեան: Այս առիթով նաեւ պարգեւատրուեցաւ շէնքի հողաշերտի նուիրատուներէն Գրիգոր Թահմիզեան:
Այս առիթով, կազմակերպիչ յանձնախումբին կողմէ պատրաստուած էր «Ա. Մանուկեան» տան համառօտ պատմութիւնը ներկայացնող գրքոյկ մը եւ 25-ամեակը խորհրդանշող շքեղ յուշանուէր մը,որ հալէպահայ քանդակագործ Վարդգէս Պարսումեանի ձեռակերտն էր:
Հացկերոյթին ընթացքին հալէպահայ համայնքապետներ սրտի խօսք արտասանեցին: Գերապայծառ Պետրոս Միրիաթեան ըսաւ. «Շէնք մը շինելը դժուար է, սակայն այդ շէնքը պահելը` շատ աւելի դժուար: Արդ, կը գնահատենք բոլոր այն նուիրեալ անձնաւորութիւնները, որոնք ի գին ամէն դժուարութեանց, սատարեցին սոյն շէնքի կառուցման ու պահպանման»:
Վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան քաջալերական իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Որեւէ հաստատութիւն կ՛ունենայ նպատակ, եւ այս տունը բոլոր միութիւններուն եւ կուսակցութիւններուն տունն է: Փաստօրէն ան իրականացուց վեհագոյն նպատակ մը` բոլորս համախմբելով իր հայաշունչ յարկին տակ եւ մնալով անկոտրում, նոյնիսկ երբ Սուրիան վիրաւոր էր, ան իր սիրտը բացաւ ամբողջ հալէպահայութեան»:
Հուսկ Շահան արք. Սարգիսեան երախտագիտական իր խօսքը փոխանցեց. «Սրտի գոհունակութեամբ եւ հանդիսաւոր կերպով միասնաբար նշեցինք այս կառոյցի քսանհինգ ամեակը: Շնորհակալական եւ գնահատական յատուկ խօսք համայնքապետներուն, որոնք մասնակից դարձան այս մեծ ուրախութեան: Մեր աղօթքն է, որ Ամենակալ Աստուած մեզ արժանի ընէ տեսնելու բոլորիս Տան ոսկեայ եւ ադամանդեայ ամեակները»:
Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ
Աղքատախնամի Սենեակի Բացում
Խօսքէն անդին անցնելով Սիրվարդ Համամճեան ազնիւ գաղափարը ունեցաւ իր բարերարութեամբ նորոգելու ու կահաւորելու եկեղեցւոյ աղքատախնամի սենեակը` ի յիշատակ իր հանգուցեալ ամուսնոյն` Կարապետ Համամճեանի, որ ժրաջան անդամներէն էր եկեղեցւոյ աղքատախնամ մարմինին:
Կիրակի, 31 մայիս 2015-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Ս. պատարագ, որուն աւարտին Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, ազնիւ բարերարը եւ հաւատացեալ բազմութիւնը ուղղուեցան եկեղեցւոյ կողքին գտնուող աղքատախնամի նորոգուած սենեակը, որուն սեմին զետեղուած էր ժապաւէն մը: Առաջնորդ սրբազան հայրը ժապաւէնը կտրելով բացումը կատարեց սենեակին, ուր տեղի ունեցաւ նորակերտ բնակարանի օրհնութեան աղօթքը: Աւարտին Ս. Գր. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ Խաժակ Տիլպէրեան իր սրտի խօսքը արտասանեց` շնորհակալութիւն յայտնելով Սիրվարդ Համամճեանի, իր կատարած բարերարութեան համար` զայն նկատեց մարդկային առաքինութեան լաւագոյն դրսեւորում: Ապա, Առաջնորդ սրբազան հայրը իր գնահատանքի խօսքը փոխանցեց` շեշտը դնելով բարերարութեան ու բարեգործութեան վսեմ գաղափարներուն վրայ, յիշելով, թէ այս սենեակի նորոգութեամբ աղքատախնամի անդամները առաւել ուժականութեամբ եւ մեծ թափով պիտի շարունակեն ծառայել Աստուծոյ, եկեղեցւոյ ու ազգին: Ապա աւելցուց, թէ սոյն բարերարութիւնը սոսկ նուիրատուութիւն մը չէ, այլ ցուցանիշ է եկեղեցւոյ կապուածութեան եւ մանաւանդ ներկայ տագնապին մէջ, հայ ժողովուրդի վերաշխուժացման ու վերականգնման, ինչպէս նաեւ յոյսով առլցուն յաղթագնաց երթին: Ապա սրբազան հօր ձեռամբ եւ եկեղեցւոյ մեծ ընտանիքին անունով յիշատակի նուէր մը յանձնուեցաւ Սիրվարդ Համամճեանին: