Թարգմանչաց Տօնը Սրբոց Հռիփսիմեանց Բարձրագոյն Վարժարանին Մէջ
ՍԵդա Խտըշեան Թարգմանչաց տօնը գեղեցիկ զուգադիպութեամբ կը համընկնի հոկտեմբեր ամսուն` կրթական տարեշրջանի սեմին, եւ այսպէս, հայ դպրոցը կը վերամկրտուի Մեսրոպ Մաշտոցի շունչով: Հայ դպրոցը, հայ լեզուի ու պատմութեան ուսուցման կողքին, իր առաքելութեամբ կը յիշատակէ եկեղեցական եւ ազգային տօներ, որոնք կը տօնախմբուին աշակերտական յատուկ հանդէսներով, եւ անոնց ընդմէջէն հայ աշակերտին հոգիին ու մտքին մէջ կը թրծուին քրիստոսաւանդ կրօնն ու հայկական ոգին:...




















