«Մտածողներու Մշակոյթի Մը Ստեղծումը» Նիւթով Սեմինար
Կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, շաբաթ, 16 փետրուար 2019-ին առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 1:00 Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Մտածողներու մշակոյթի մը ստեղծումը» (Creating a culture of thinkers) նիւթով վարժանիստ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ազգային վարժարաններու ուսուցիչ-ուսուցչուհիները: Ուսումնական խորհուրդի ատենապետ դոկտ. Գեղուհի Պողարեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, ներկայացուց օրուան բանախօս, մանկավարժութեան մագիստրոսի վկայականի արժանացած,...




















