Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Նարեկի Տիրամօր» Կեդրոն. 15 – 35 Տարեկան Երիտասարդներու Մօտ Սրտի Արատներու Եւ Տագնապներու Կանխարգիլման Արշաւ

February 5, 2019
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յանկարծակի սրտի տագնապներուն մասին իրազեկութիւնը տարածելու կոչուած «ԵՈՀԱՆ» կազմակերպութիւնը 15 – 35 տարեկան երիտասարդներու մօտ սրտի տագնապներու կանխարգիլման արշաւ կատարեց գործակցաբար «Նարեկի Տիրամօր» բժշկական կեդրոնին եւ «Պէյրութ լայընզ սելեքթ» ակումբին, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Նարեկի Տիրամօր» բժշկական կեդրոնին մէջ (Պուրճ Համուտ), շաբաթ, 26 յունուար 2019-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 4:00:

Այս արշաւը ունեցաւ երկու տարբեր աշխատանքային փուլեր: Առաջին հերթին ձրիաբար երեք տարբեր սենեակներու մէջ «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցէն չորս սրտաբան բժիշկներ` Փոլ Տելիֆերեան, Մարիօ Նժէյմ, Նիքոլ Ժպարա, Ռիթա Ղալեպ եւ Ֆրանսական համալսարանի 5-րդ տարուան աշակերտները սրտի ժապաւէններ կատարեցին, իսկ բժիշկները ստուգեցին արդիւնքները: Այս արշաւին իւրայատկութիւնը կը կայանայ անոր մէջ, որ ընտրուած են 15 – 35 տարեկան երիտասարդները, որոնք բնաւ նկատի չեն ունենար, որ սրտի արատ մը ունին, եւ կրնայ կանխահաս մահ պատահիլ սրտի տագնապի պատճառով: Այս արշաւին մասնակցեցան 73 կամաւոր մեծամասնաբար հայ երիտասարդներ: Ճնշումը ստուգելէ եւ սրտի ժապաւէն կատարելէ ետք 16 տարեկաններու մօտ յայտնաբերուեցան բարձր ճնշում, որոնք հետեւանք են կլկլակի եւ իւղոտ ճաշատեսակի:

Ասոր զուգահեռ, կեդրոնի սրահին մէջ Սի.Փի.Ար. տեղի ունեցաւ, որուն ընթացքին ցոյց տուին սիրտը կանգ առնելու պարագային ինչ միջոցներ եւ ձեւեր պէտք է որդեգրել: Լիբանանի կարմիր խաչը կատարեց Սի.Փի.Ար.-ի բացատրութիւնը, որ գործնապէս կիրարկեցին մասնակցողները: Ասոր կողքին, բացատրութիւն տրուեցաւ Էյ.Ի.Տի. (AED) գործիքին մասին: Փոխանակ ֆիզիքական ուժ տալով հիւանդին բերնին մէջ թթուածին ներմուծելու` այս գործիքին կպչուն կերպընկալները կը զետեղուին մարմինին վրայ, եւ գործիքը կ՛որոշէ, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, մինչեւ որ Լիբանանի  կարմիր խաչի հիւանդատար ինքնաշարժը ժամանէ: Այս գործիքը շատ գործնական է, եւ պէտք է դպրոցներու մէջ գտնուին անոնցմէ` անակնկալ սրտի անհանգստութեան որպէս ուղեցոյց եւ օգտակար գործիք: Այս արշաւին մասնակցեցան 14 երիտասարդներ:

Հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան «Նարեկի Տիրամօր» բժշկական կեդրոնի տնօրէն տոքթ. Կոստան Եափուճեանը «Ազդակ»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ այս արշաւը նախաձեռնելու նպատակը կանխազգուշացնել եւ լուսաբանել է ծնողներն ու երիտասարդները` սրտի կանխահաս տագնապէն ու վաղաժամ մահէն, ինչ որ յաջողութիւն գտաւ. բժիշկը յոյս յայտնեց, որ այս արշաւը օգտակար պիտի դառնայ ու փրկէ շատ մը կեանքեր:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Փետրուար 1969)

Յաջորդը

ԼՕԽ. Տոքթ. Յովհաննէս Թասլաքեան Դասախօսեց «Հայ Դատը Երէկ Եւ Այսօր» Նիւթի Մասին

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

May 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.