
Յունուար 30-ին լրացած է Շուշիի Առանձնակի գումարտակի հրամանատարի տեղակալ, Պռօշեանի կամաւորական ջոկատի փոխհրամանատար, Արցախի հերոս, դաշնակցական Պետրոս Ղեւոնդեանի (Պետօ) ծննդեան 55-ամեակը:
«Ապառաժ»-ի տեղեկութիւններով, Քարվաճառի Եղէգնուտ գիւղի տարածքին` Պետոյի զոհուելու վայրին մէջ տեղադրուած յուշարձան այցելած են Եղէգնուտի աշակերտները եւ Պետոյի մարտական ընկերները:

Նոյն օրը Պաշտպանութեան բանակի զօրամասերէն մէկուն մէջ կայացած է հերոսին նուիրուած յուշ-ցերեկոյթ, որուն ներկայ եղած են ՀՅԴ Արցախի ԿԿ անդամներ, ԱՀ մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարար Լեռնիկ Յովհաննիսեանը, Պետոյի մարտական ու գաղափարական ընկերները, շրջակայ գիւղերու բնակիչներ, աշակերտներ, զինուորներ, ՀՅԴ ԱԵՄ-ի անդամներ:
Ձեռնարկի մասնակիցները ծաղիկներ խոնարհած են զօրամասի տարածքին տեղադրուած Պետոյի կիսանդրիին մօտ: Ցուցադրուած է Արցախի հերոսի մասին պատմող ՊԲ նկարահանած տեսերիզը, ելոյթ ունեցած են` անոր մարտընկերները, երգիչ Գէորգ Հաճեանը, ՊԲ «Ասպետ» խումբը, աշակերտներ:
Զօրամասի հրամանատարի բարոյահոգեբանական գծով տեղակալ հրամանատար Աւետիսեանը իր խօսքին մէջ նշած է, որ օրինաչափութեան պէս բան մըն է կամ ալ` ազգի ճակատագիր, երբ ամէն մէկ փոթորկալից ժամանակաշրջանի մեր ժողովուրդը կը ծնի հերոսներ, որոնց կենդանութեան օրով ասքեր կը հիւսուին: Ներկայացնելով Պետոյի անցած հարուստ մարտական ուղին` ան աւելցուցած է, որ Պետոն ի սկզբանէ կոչում, ըսելիք ու ընելիք ունէր եւ հասցուցած է ընել այնքան, որքան մենք արժանի էինք. «Պետոն հրամանատար էր, բայց հրամայել չէր գիտեր, շրջապատի վրայ կրնար ներազդել իր անձնական օրինակով: Ան գործեց դարերու պարտքն ու պատասխանատուութիւնը իր ուսերուն առնելով, ազգին իր զինուոր որդին պարգեւելու փոխարէն` հզօր բանակ պարգեւեց, կորացած մէջքը շտկելու, ինքնուրոյն ապրելու յոյս ու հաւատ պարգեւեց»:
Շուշիի Առանձնակի գումարտակի նախկին սպայակոյտի պետ, պահեստազօրի փոխգնդապետ Արտաշէս Մխիթարեանը նշած է, որ ամէն անգամ այցելելով զօրամաս` կը համոզուի, որ մեր զինուորները, սպաները արժանապատուօրէն կը կատարեն Պետոյին պատգամները: Պետոյին համար հող-հայրենին պաշտպանելը առաքելութիւն էր, որ ան սրբօրէն կը կատարէր: «Անոր պատգամները միշտ մեզի հետ են` եւ մենք պատրաստ ենք, մարտական գործողութիւններու վերսկսման պարագային, կանգնելու հայկական բանակի, հայ զինուորի կողքին` շարունակելով Պետոյի եւ միւս հազարաւոր նահատակներու կիսատ ձգած գործը», իր խօսքին մէջ ըսած է Արտաշէս Մխիթարեանը:
 
			

