ՆՇԱՆ ՀԱՆՆԷՇԵԱՆ
Հայ ժողովուրդը Տեառնընդառաջի տօնը կը նշէ մեծ շուքով: Արդարեւ, անոր մէջ միաձուլուած են անցեալի ժառանգութիւնն ու ներկայի խորհուրդը:
Ընկալեալ սովորութեանց համաձայն, այս տարի եւս, կիրակի, 3 փետրուարի առաւօտեան ժամը 10:30-ին Զմմառու մայրավանքի Փոխման Ս. Կուսին մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ եւ անմահ պատարագ Տեառնընդառաջի տօնին առիթով, զոր մատուցեց Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան դպրեվանքի փոխտեսուչ Տիգրան վրդ. Ֆիլիպպոսեանը: Խորանին սպասաւորեցին Զմմառեան ուխտի կիսասարկաւագներն ու ժառանգաւորները:
Հոգեպարար արարողութեան ընթացքին պատարագիչ հայր սուրբը իր քարոզին մէջ մանրամասնօրէն մեկնեց Տեառնընդառաջի խորհուրդը` վեր առնելով լոյսի գաղափարը, որ հիմքն է քրիստոնէական կրօնին, ինչպէս նաեւ ընդգծեց Սիմէոն ծերունիին տածած մեծ հաւատքը եւ սպասումը` հանդէպ Տիրոջ ընծայմանը:
Հայր Տիգրանը թելադրեց նմանիլ Սիմէոնին, որ ապրիլ ուզեց պարզ այն պատճառով, որ Տիրոջ գալուստին ականատեսը ըլլայ եւ վկայէ զայն. «Մենք եւս ապրինք հաւատքով եւ վկայենք զայն, որպէսզի ժառանգենք երկինքի արքայութիւնը» ըսելով` եզրափակեց քարոզը:
Յաւարտ սուրբ եւ անմահ պատարագին, Զմմառու վանքի մեծաւոր եւ Պէյրութի թեմի պատրիարքական փոխանորդ Գաբրիէլ թ. ծ. վ. Մուրատեանը կատարեց մոմօրհնէքի եւ անդաստանօրհնէքի արարողութիւնը:
Այնուհետեւ, ընթերցումներու ընթացքին օրհնուած մոմով վառեցին օրուան կրակը, որ ըստ Գրիգոր Տաթեւացիին, «Այդ խարոյկի, կրակի ատեն հաւատացեալները աստուածային սիրոյ հուրը կը հայցեն Անկէ»:
Հաւատացեալները խորանէն ստացուած մոմերը իրենց բնակարանները տարին` Քրիստոսի լոյսով լուսաւորելու համար իրենց օճախները: