Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի բարձր դասարաններու աշակերտներուն համար 22 յունուար 2019-ի օրը լեցուն էր առողջապահական դաստիարակութեան բովանդակալից պահերով` տեսական թէ գործնական գետնի վրայ:
Արդարեւ, աշակերտները առաւօտուն ներկայ եղան խիստ օգտակար դասախօսութեան մը, որ նուիրուած էր երիտասարդներու մօտ սրտի յանկարծակի կաթուածի երեւոյթին: Դասախօսութիւնը ներկայացուց «Օթել Տիէօ» հիւանդանոցի սրտաբան տոքթ. Ֆուատ Հաժը: Աշակերտները բազմաթիւ հարցումներ ուղղեցին դասախօսին, որ իր խօսքի աւարտին թելադրեց հեռու մնալ առողջութեան եւ մանաւանդ սրտին անմիջականօրէն վնասող վատ սովորութիւններէն (ալքոհոլի եւ ծխախոտի օգտագործում), հետեւիլ առողջարար սննդակարգի, զբաղիլ մարմնամարզութեամբ եւ անպայման, կանուխ տարիքին, գոնէ մէկ անգամ ենթարկուիլ սրտի քննութեան:
Այնուհետեւ Մեսրոպեանի աշակերտները մասնակցեցան սրտի տագնապի ատեն մարդոց անմիջական օգնութիւն ցուցաբերելու վարժողական դասընթացքին (CPR):
Յանկարծակի սրտի տագնապներու խնդրին շուրջ աշակերտներու գիտակցութիւնը ընդլայնելու նպատակը հետապնդող այս նախաձեռնութեան հովանաւորը «Եոհան» երիտասարդական կազմակերպութիւնն էր, որ հիմնադրուած է ի յիշատակ Եոհան Հարունիի: Բժշկութեան ուսանող Եոհան Հարունի առողջ եւ աշխուժ կեանքով ապրող երիտասարդ մըն էր, որ ծաղիկ հասակին` 19 տարեկանին յանկարծամահ եղաւ սրտի կաթուածի պատճառով (2017-ին): Անոր ծնողները` բժիշկներ Էլի Հարունի եւ Ռիթա Չուխատարեան- Հարունի որոշեցին իրենց վիշտը վերածել առաքելութեան, որպէսզի օգտակար ըլլան երիտասարդներուն եւ կանխեն նմանատիպ ողբերգութիւններ:
Դասախօսութեան առիթով խօսք առաւ «Եոհան» կազմակերպութեան համահիմնադիրը եւ ողբացեալին մայրը` տոքթ. Ռիթա Չուխատարեան-Հարունին, որ շեշտեց նախազգուշական քննութիւններուն կարեւորութիւնը, որ ճակատագրական նշանակութիւն կրնայ ունենալ սրտի թաքուն արատներ յայտնաբերելուն եւ այդպիսով կանխահաս մահերուն առաջքը առնելուն մէջ:
Մեսրոպեանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստը շնորհակալութիւն յայտնեց «Եոհան» կազմակերպութեան մասնագէտներուն` այս յոյժ կարեւոր ձեռնարկի կազմակերպման համար:
Յիշեցնենք, որ «Եոհան» կազմակերպութեան նախաձեռնութեամբ, Լիբանանի ամբողջ տարածքին կը կազմակերպուին սրտի անվճար ECG քննութիւններ` երիտասարդներու համար: Յունուար 26-ին, ժամը 9:30-4:00 հերթական քննութիւնները պիտի կայանան Պուրճ Համուտի «Նարեկի Տիրամօր» դարմանատան մէջ, Ալիշան կեդրոն, 15-35 տարեկաններու համար:
 
			



